Եւրոպայի Երիտասարդութեան Ներուժի Համախմբման Լաւագոյն Առիթ Հանդիսացաւ ՀՄԸՄ-ի Եւրոպայի Երիտասարդական Առաջին Հաւաքը Վիեննայի Մէջ
17-19 փետրուար 2017-ին Վիեննայի մէջ տեղի ունեցաւ իր տեսակին մէջ առաջինը նկատուող ՀՄԸՄ-ի Եւրոպայի երիտասարդական հաւաքը, որուն մասնակցութիւն կը բերէին Անգլիայէն, Ֆրանսայէն, Հոլանտայէն, Գերմանիայէն, Աւստրիայէն, Շուէտէն, Հայաստանէն, Պելճիքայէն, Յունաստանէն, ինչպէս նաեւ ԵրուսաղԷմէն ժամանած 60 ՀՄԸՄ-ական երիտասարդներ: ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան հովանաւորութիւնը վայելող եւ ՀՄԸՄ-ի Վիեննայի մասնաճիւղի վարչութեան կողմէ կազմակերպուած այս հաւաքը, հիմք ունենալով միութեան 2015-ին վերամշակուած միութեան ընդհանուր ծրագիր-կանոնագիրը եւ նախապէս ընդունուած ռազմավարական ծրագիրը, կը նպատակադրէր` Եւրոպայի տարածքին գտնուող ՀՄԸՄ-ական երիտասարդները համախմբել, ծանօթանալու եւ համագործակցելու առիթներ ստեղծել, Եւրոպայի հայ երիտասարդութիւնը յուզող ազգային, միութենական ու ընկերային ժամանակակից հարցեր քննարկել, լուծումներ առաջարկել, զարկ տալ Եւրոպայի տարածքին ՀՄԸՄ-ի երիտասարդական ցանցին եւ կարողութիւններուն, միութեան մարմիններուն եւ յանձնախումբերուն մէջ երիտասարդ տարր ներգրաւելու նպաստել, ինչպէս նաեւ նախապատրաստուիլ միութեան հարիւրամեակին ու անոր հետ առնչուած ծրագիրներուն:
Հաւաքի պաշտօնական բացման արարողութեան ընթացքին ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեանը վեր առաւ նման հաւաքներու կարեւոր հանգամանքը, շեշտեց, որ միութեան գերագոյն մարմինը երիտասարդներուն ձայնը կը լսէ ու կը համագործակցի անոնց հետ, ինչպէս նաեւ հաստատեց, որ Եւրոպայի տարածքին ՀՄԸՄ-ը էական դերակատարութիւն ունի` հայ երիտասարդութեան առողջ ու հայեցի միջավայր ապահովելու:
Օգտուելով հաւաքի այս առիթէն` ՀՄԸՄ-ի Վիեննայի մասնաճիւղի երկու վեթերան եղբայրներ` Գրիգոր Հալլաճեանն ու Սամուէլ Նահապետեանը ստացան ՀՄԸՄ «Ծառայութեան» շքանշաններ:
Հաւաքը հիմնական հետեւեալ չորս թեմաներուն շուրջ քննարկումներ կատարեց.
Ա.- ՀՄԸՄ-ի դերը Եւրոպայի Երիտասարդութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն մէջ` հայեցի դիմագիծ, առաջնահերթութիւններ, միութենական կեանք:
Զեկուցաբերներ` Սեւան Նազարեան (Ֆրանսա) եւ Վիգէն Գապաքեան (Պելճիքա).
Բ.- ՀՄԸՄ-ը որպէս կամուրջ` Եւրոպայի երիտասարդութեան եւ Հայաստան-Արցախի միջեւ:
Զեկուցաբեր` Հռիփսիմէ Յարութիւնեան (Յունաստան):
Գ.- Եւրոպայի երիտասարդութեան դերը ՀՄԸՄ-ի մէջ 21-րդ դարու պայմաններուն տակ:
Զեկուցաբերներ` Անեթ Մոսկոֆեան (Անգլիա) եւ Գէորգ Յակոբճեան (Աւստրիա):
Դ.- ՀՄԸՄ եւ Հաղորդակցութեան ռազմավարութիւնը եւ ընկերային ցանցերը:
Զեկուցաբերներ` Յարութ Պաղամեան (Երուսաղէմ) եւ Գօգօ Սահակեան (Երուսաղէմ):
Յաջորդական նիստերուն ընթացքին, իւրաքանչիւր գլուխի մէջ, զեկուցաբերները մանրամասնօրէն ներկայացուցին ՀՄԸՄ-ի դերակատարութիւնը հայ երիտասարդին դիմագրաւած ժամանակակից մարտահրաւէրներուն մէջ, դիպուկ օրինակներ տուին Եւրոպայի մէջ հասակ առնող սերունդներու հայեցի դաստիարակութեան մէջ ՀՄԸՄ-ին ունեցած եւ ունենալիք դերակատարութեան, վերլուծեցին Եւրոպայի հայ երիտասարդութեան դիմագրաւած տագնապները, անդրադարձան դժուարութիւններուն, ներառեալ` իրարու հետ հաղորդակցելու դժուարութիւններուն, հայերէնի անբաւարար իմացութեան կամ զանազան հայերէններու օգտագործման բարդ հարցերու գոյութիւնը եւ այլն:
Շեշտուեցաւ կարիքը ընկերային բնոյթի ծրագիրներու գործադրութեան` Երեւանէն դուրս մարզերուն եւ սահմանային շրջաններուն մէջ` Եւրոպայի մասնաճիւղերուն միջոցով, Արցախի մէջ երիտասարդական պտոյտներու, հայոց բանակի բարոյական զօրակցութեան, եւ ընդհանուր առմամբ հայրենաճանաչութեան մակարդակի բարձրացման:
Անդրադարձ կատարուեցաւ մեր ընկերութիւններու եւ միութիւններու մօտեցումներուն, որոնք պէտք է վստահին երիտասարդութեան ու անոնց կարողութիւններուն: Այս ծիրին մէջ առաջարկուեցաւ երիտասարդութեան ճամբով միութիւնը աւելի արդիական ու ժամանակակից մեթոտներով ղեկավարելու մասին, միութեան մէջ երիտասարդութեան ներուժը, մասնագիտութիւնները եւ առհասարակ ժամանակակից փորձառութիւնները համակարգուած ձեւով օգտագործելու եղանակներ ներկայացուեցան, ինչպէս նաեւ` յաջող օրինակներ, թէ տարբեր մասնաճիւղերու մէջ երիտասարդները ինչպիսի՛ քայլերով կը նպաստեն ու կրնան նպաստել ՀՄԸՄ-ի ու համայն հայութեան վերելքին ու յառաջդիմութեան:
Վերջին բաժնով երիտասարդները գիտականօրէն վերլուծեցին, թէ ինչպէ՛ս կարելի է արդի հաղորդակցութեան արդի միջոցները եւ յատկապէս ընկերային հաղորդակցութեան միջոցները ազդեցիկ ձեւով ու նպատակասլացօրէն օգտագործել ՀՄԸՄ-ի նպատակներու հետապնդման եւ քարոզչութեան ի նպաստ:
Հաւաքի եզրափակիչ նիստը նուիրուած էր ՀՄԸՄ-ի հարիւրամեակի աշխատանքներուն: Մանրամասնօրէն ներկայացուեցան նախատեսուած ծրագիրները, որոնք ընդհանրապէս տեղի պիտի ունենան Հայաստանի մէջ ու անոնց իրականացման գծով ՀՄԸՄ-ի Եւրոպայի երիտասարդութեան դերին ու կատարելիքներուն մասին խօսուեցաւ:
Հաւաքի մասնակիցները իրենց Վիեննա գտնուելու առիթէն օգտուելով` այցելեցին նաեւ ազգային, պատմական ու մշակութային մեծ հարստութիւն ու արժէք ներկայացնող Մխիթարեան միաբանութեան Վիեննայի կեդրոնատեղին, թանգարանը, գրադարանն ու արխիւատունը եւ մեծ հետաքրքրութեամբ ծանօթացան կեդրոնի գանձերուն, ինչպէս նաեւ հայ ազգի մեծ բարեկամ ու «Մուսա Լերան քառասուն օրերը» աշխարհաճանաչ գործի հեղինակ Ֆրանց Վերֆելի արձանին ու երախտագիտութեան ծաղիկներ զետեղեցին:
Հաւաքի մասնակիցներուն ջերմութիւնը, գոհունակութիւնն ու դրական տպաւորութիւնները կարելի չէ քանի մը տողերու մէջ պարփակել, սակայն իր տեսակին մէջ առաջինը նկատուող այս հաւաքը եկաւ հաստատելու, թէ նման հաւաքներու ծարաւ ունի Եւրոպայի հայ երիտասարդութիւնը: Հետեւաբար այս եւ այլ ձեւի հաւաքներ անքննարկելիօրէն կարեւոր են Եւրոպայի հայ երիտասարդութիւնը համախմբելու, դաստիարակելու, նպատակաուղղուած աշխատանք տանելու, համագործակցելու առիթներ ստեղծելու, դժուարութիւնները յաղթահարելու եւ միութեան նպատակները իրականացնելու: