Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեանի Նորագոյն Գիրքին Ներկայացումը

Փետրուար 27, 2017
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ «Թէքէեան» մշակութային միութեան Լիբանանի տեղական վարչութեան, ուրբաթ, 24 փետրուար 2017-ի երեկոյեան  ժամը 7:00-ին, Ժըմէյզէի «Թէքէեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ երախտաշատ հայագէտ փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեանի նորագոյն հատորին` «Արմինիըն Քոմիունիթիզ Աֆ Տը Նորթիսթըրն Մետիթըրենիըն. Մուսա Տաղ, Տէօրթ Եոլ էնտ Քեսապ» գիրքին ներկայացումը:

Ձեռնարկը սկսաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի զոյգ քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութեամբ:

Դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան ներկայացուց փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեանը` անդրադառնալով անոր վաստակին` գիտական բերքին, մշակին, հաւաքականութեան մէջ անոր դերին եւ էութեան:

Դոկտ. Տագէսեան խօսելով փրոֆ. Յովհաննէսեանի գիրքերուն մասին ըսաւ, թէ անոր առաջին հրապարակումները ընդհանրական ներկայացումներ էին եւ կարծիքներ, թէ ինք ալ կը փորձէր աւելի՛ ծանօթանալ, աւելի՛ խորանալ, աւելի շփուիլ եւ շաղուիլ հայ իրականութեան հետ: Այս հրապարակումներէն ետք, ըստ դոկտ. Տագէսեանին, Յովհաննէսեան կ՛անցնի խնդրայարոյց նիւթի մը, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնն է` 1918-1920: Փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեան յանդուգն քայլերով իրապաշտօրէն ներկայացուցած է պատմական այս ժամանակաշրջանը, որմէ ետք, իր հետագայ հրապարակումներով ան անգլերէնով կը սկսի հայ եւ օտար զանգուածին, ինչպէս նաեւ գիտական միջավայրին ներկայացնել Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ անոր հոլովոյթը: Դոկտ. Տագէսեան շարունակելով ըսաւ, թէ Աստուած դոկտ. Յովհաննէսեանի տուած է ատաղձը, որմէ ինք օգտուեր ու մշակեր է զայն, սակայն այս ատաղձը իր մէջ ցանուած է իր ծնողքէն: Ան իր ատաղձն ու շնորհները հաւաքականութեան ծառայեցուց:

Ապա խօսք առաւ փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեան: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց «Թէքէեան» մշակութային միութեան անդամներուն, որոնք կազմակերպեցին սոյն ձեռնարկը եւ առիթ ընծայեցին, որ անգամ մը եւս ան ներկայ գտնուի իր «սիրած Լիբանանը», որ «զինք հայացուց»: Փրոֆ. Յովհաննէսեան հակիրճ ձեւով ներկայացուց, թէ իր ընտանիքը Ցեղասպանութեան ընթացքին ինչպէ՛ս հասած է Ամերիկա եւ ինք հոն ծնած է: Ան անդրադարձաւ նաեւ, թէ ինչպէ՛ս 20 տարեկանին մէկ տարեշրջան յաճախած է Հայ Ճեմարան` հայերէն սորվելու համար: Փրոֆ. Յովհաննէսեան անդրադարձաւ 1999-էն սկսեալ «Եու.Սի.Էլ.Էյ.»-ի մէջ կազմակերպած 14 միջազգային գիտաժողովներուն, որոնք նուիրուած էին Օսմանեան կայսրութեան հայկական շրջաններուն, որոնց վերջին կամ նորագոյն հրապարակումն էր սոյն ձեռնարկին ցուցադրուած կամ ներկայացուած գիրքը, որ կը պատմէ ամէնէն ծայրամասը գտնուող հայկական շրջաններուն“ Մուսա լերան, Տէօրթ Եոլի, (Չորք Մարզպան) եւ Քեսապի մասին:

Փրոֆ. Յովհաննէսեան սահիկներու միջոցով ցոյց տուաւ պատմական նկարներ աշխարհագրական դիրքերու, վայրերու, վանքերու, ֆետայական, հերոսական խումբերու, որոնց միջոցով ան ներկայացուց Տէօրթ Եոլը, Մուսա լեռն ու Քեսապի պատմութիւնը եւ անոնց բնակիչներուն տարած հերոսական, ինքնապաշտպանական պայքարները: Փրոֆ. Յովհաննէսեան ըսաւ, թէ Տէօրթ Եոլի, Մուսա լերան եւ Քեսապի ժողովուրդը կը նկատէ հերոսական ժողովուրդ, որովհետեւ ինքնապաշտպանութեան դիմեց:

Փրոֆ. Յովհաննէսեան առաջին բաժինով ներկայացուց Տէօրթ Եոլը եւ Քեսապը, ապա հրաւիրեց իր դուստրը` Անի Յովհաննէսեան- Գէորգեանը, որ ներկայացնէ իր պատրաստած վաւերագրական ժապաւէնը` իր եւ իր հօր այցելութիւնը դէպի հայկական պատմական վայրերը:

Ժապաւէնի ցուցադրութենէն ետք փրոֆ. Յովհաննէսեան շարունակեց իր ներկայացումը` խօսելով Մուսա լերան մասին:

Ապա Յակոբ Գասարճեան «Թէքէեան» մշակութային միութեան անունով յուշանուէր մը յանձնեց փրոֆ. Յովհաննէսեանին:

Ձեռնարկի աւարտին փրոֆ. Յովհաննէսեան մակագրեց իր նորագոյն գիրքը`  «Արմինիըն Քոմիունիթիզ Աֆ Տը Նորթիսթըրն Մետիթըրենիըն. Մուսա Տաղ, Տէօրթ Եոլ էնտ Քեսապ»:

 

 

Նախորդը

Մեր Ընթերցողներուն

Յաջորդը

Բուն Բարեկենդանին Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Կիրակնօրեայի Փոքրիկները

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ

Հոկտեմբեր 22, 2025
«Սուրբ Մալոյեան Չվարանեցաւ Ընտրել Իր Տէրը` Նոյնիսկ Իր Սեփական Արիւնը Թափելու Գնով»   Շեշտեց Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը
Գաղութային

«Սուրբ Մալոյեան Չվարանեցաւ Ընտրել Իր Տէրը` Նոյնիսկ Իր Սեփական Արիւնը Թափելու Գնով» Շեշտեց Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը

Հոկտեմբեր 22, 2025
Ճիւնիի Ս. Յարութիւն Եկեղեցի.   Յարգանք Բարերարներուն Եւ Անոնց Ննջեցեալներուն
Գաղութային

Ճիւնիի Ս. Յարութիւն Եկեղեցի. Յարգանք Բարերարներուն Եւ Անոնց Ննջեցեալներուն

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?