Հանրապետութեան նախագահ Միշել Աուն, գնահատելով «թմբուկի թագաւոր» Սեդրակ Սարգիսեանի վաստակը արուեստի մարզին մէջ, զայն պարգեւատրեց նախագահական արծաթեայ Արժանեաց շքանշանով:
Շքանշանը հանգուցեալի ընտանեկան պարագաներուն յանձնեց հանրապետութեան նախագահի ներկայացուցիչ, զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան, չորեքշաբթի օր Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ կատարուած Սարգիսեանի յուղարկաւորութեան արարողութեան ընթացքին: