Մխիթարեաններու 325-Ամեակին` 41 Արուեստի Գործի Նուէր Եւ Համերգ
Մխիթարեան միաբանութիւնը ստացաւ դոկտ. Ճոն Յովհաննէս Ներսէսեանի կողմէ մեծարժէք նուիրատուութիւն` հայ արուեստագէտներու 41 գեղանկար եւ այլ արուեստի գործեր: Բացումը կատարուեցաւ շաբաթ, 1 նոյեմբերին Սուրբ Ղազարի մայրավանքին մէջ` միաբանութեան հիմնադրութեան 325-ամեակի ձեռնարկներու ծիրին մէջ: Քսաներորդ եւ քսանմէկերորդ դարերու ստեղծագործութիւններ պիտի համալրեն Սուրբ Ղազարի հաւաքածոն: Նկարներու ցուցադրութեան բացումէն ետք, «Եդեսիա» համոյթը (Edesse Ensemble) հանդէս եկաւ հոգեւոր եւ ժողովրդական երգերու ճոխ յայտագրով մայրավանքի...




















