Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հեքիաթ» Խումբին Բարեսիրական Ելոյթը` Ի Նպաստ Ազունիէի Հայ Ազգային Բուժարանի

Նոյեմբեր 3, 2025
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ Ազունիէի Հայ ազգային բուժարանի երիտասարդական յանձնախումբին, շաբաթ, 25 հոկտեմբեր 2025-ի երեկոյեան ժամը 8:30-ին «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Հեքիաթ» խումբին բարեսիրական ելոյթը:

Հայերէնով եւ անգլերէնով բացման խօսքը արտասանեց Կալի Թագւորեան, որ իր խօսքին մէջ նշեց. «Այս գիշեր հաւաքուած ենք ոչ թէ պարզ ձեռնարկի մը, այլ` նպատակի եւ ժառանգութեան մը շուրջ: Այս երեկոն նուիրուած է համերաշխութեան, տոկունութեան եւ միութեան` այն արժէքներուն, որոնք մեզ կը բնորոշեն իբրեւ հայ ժողովուրդ:

«Ազունիէն, որ 1923-էն սկսեալ կանգնած է իբրեւ բժշկութեան եւ յոյսի ապաստանարան, միշտ բաց պահած է իր դռները` պատերազմի, տագնապի ու անորոշութեան տարիներուն: Այսօր, իր նուիրեալ անձնակազմին եւ համայնքին աջակցութեամբ, Ազունիէ կը գրէ նոր էջ մը` համագործակցութեամբ «Հոթել Տիէօ» հիւանդանոցին: Թող այս գիշեր ըլլայ ոչ թէ պարզ համերգ մը, այլ` պահ մը, երբ մենք միասին կանգնինք բուժման, արժանապատուութեան եւ սիրոյ համար»:

Բացման խօսքի աւարտին Թագւորեան շնորհակալութիւն յայտնեց «Հեքիաթ» խումբին` իրենց մասնակցութեան եւ նուիրումին համար:

Ապա ցուցադրուեցաւ Ազունիէի Ազգային բուժարանի 100-ամեակին նուիրուած տեսերիզ մը, ուր ներկայացուեցան բուժարանին պատմութիւնը եւ անոր մարդասիրական առաքելութեան ուղին:

Ապա  տպաւորիչ ելոյթ ունեցաւ «Հեքիաթ» խումբը, որուն մաս կը կազմեն հետեւեալները` երգչուհի` Գարմէն Պալեան, ուքուլելէ եւ երգեցողութիւն` Նայիրա Պաղտասարեան, կիթառ եւ երգեցողութիւն` Սեւատա Անտոնեան, պազ կիթառ` Արի Վարդանեան, հարուածային գործիքներ` Նարեկ Քէշիշեան, շուի` Հայկ Քէշիշեան:

Ելոյթը բացուեցաւ «Հեքիաթ» խումբին կատարած «Արարատ» երգով, իսկ հանդիսատեսը ամբողջ երեկոյի ընթացքին վայելեց հայերէն ժամանակակից երգերու շարանը` խանդավառ մթնոլորտի մէջ:

 

Նախորդը

Յանուն Միասնականութեան (ԽԲ.) Օգոստոս 11, «Թարգմանչաց Տօներ», Կամ` Մայիս 28… Ինչո՞ւ Եւ Ինչպէ՛ս

Յաջորդը

Արարատը` Ճեմարանի Պատերուն Վրայ, Դպրոցէն Ներս, Աշակերտներուն Շրթներուն Եւ Անոնց Սրտերուն Խորը

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան  Եւ Սրբոց Հռիփսիմեանց Վարժարան
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան Եւ Սրբոց Հռիփսիմեանց Վարժարան

Նոյեմբեր 8, 2025
Մամլոյ Հաղորդագրութիւն. Բացում Պէյրութի Սէն Ժոզէֆ Համալսարանի Արա Հրեշտակեան Հայագիտական Ամբիոնին
Գաղութային

Մամլոյ Հաղորդագրութիւն. Բացում Պէյրութի Սէն Ժոզէֆ Համալսարանի Արա Հրեշտակեան Հայագիտական Ամբիոնին

Նոյեմբեր 8, 2025
50 Տարիներ Բոլորած Զոյգեր Մեծ Շուքով Տօնեցին Իրենց Ս. Պսակի Տարեդարձը
Գաղութային

50 Տարիներ Բոլորած Զոյգեր Մեծ Շուքով Տօնեցին Իրենց Ս. Պսակի Տարեդարձը

Նոյեմբեր 8, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?