Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մամլոյ Հաղորդագրութիւն. Բացում Պէյրութի Սեն Ժոզեֆ Համալսարանի «Արա Հրեշտակեան Հայագիտական Ամպիոն»-ին

Նոյեմբեր 8, 2025
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

27 հոկտեմբեր 2025-ին Պէյրութի Սեն Ժոզեֆ համալսարանի Արեւելեան գրադարանի դահլիճին մէջ մեծ շուքով կատարուեցաւ «Արա Հրեշտակեան հայագիտական ամպիոն»-ին բացումը: Ակադեմական այս նոր կառոյցը իրականացաւ Հրեշտակեան ընտանիքին կատարած նուիրատուութեան շնորհիւ: Ամպիոնը պիտի գործէ Արեւելեան գրադարանին մէջ, պիտի կեդրոնանայ գլխաւորաբար հետազօտական աշխատանքներու վրայ, պիտի կազմակերպէ գիտական եւ մշակութային նիւթերու շուրջ համագումարներ, աշխատանոցներ, ցուցահանդէսներ, իր միջոցով պիտի կազմակերպուին հայագիտական նիւթերու դասաւանդում:

Հանդիսութեան բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Արեւելեան գրադարանի տնօրէն եւ օրուան հանդիսավար դոկտ. Ժոզեֆ Ռուսթոմ: Ան ներկաներուն յիշեցուց, որ 1933-ին նոյն Սեն Ժոզեֆ համալսարանին մէջ գործած է Հայագիտական ամպիոն մը, որուն հիմնադիրը եղած է յիսուսեան միաբանութենէն հայր Ժան/Յովհաննէս Մըսըրեան: Անոր օրով է նաեւ, որ Արեւելեան գրադարանին մէջ սկսած է կազմուիլ հայերէն եւ հայագիտական գիրքերու հարուստ հաւաքածոյ մը, որ մինչեւ օրս կը պահուի: Ռուսթոմ նշեց նաեւ, որ վերջին տարիներուն նոյն գրադարանը ձեռք ձգած է լուսանկարիչ Վարուժան Սէթեանի լուսանկարներու հաւաքածոն, ինչպէս նաեւ` Տիրան Աճեմեանի երգիծանկարները:

Ռուսթոմի խօսքէն ետք բեմ բարձրացաւ «Հեքիաթ» երաժշտական խումբը`  Նարեկ Քէշիշեան (քանոն), Սեւատա Անտոնեան (կիթառ) եւ Գարմէն Պալեան (երգ), որոնք ներկայացուց հայերէն երգեր:

Ապա խօսք առաւ Սեն Ժոզեֆ համալսարանի տնօրէն հայր Սալիմ Տագգաշ, որ շնորհակալութիւն յայտնեց Հրեշտակեան ընտանիքի ներկայացուցիչ Փիթըր Հրեշտակեանին` ամպիոնի ծրագիրը իրականութիւն դարձնելու համար: Ան դիտել տուաւ, որ վերջին տարիներուն քանի մը անյաջող փորձեր եղած էին հայագիտական այս ամպիոնը վերաբանալու: Տնօրէնը երախտիքի իր խօսքը յայտնեց նաեւ յիսուսեան միաբանութեան անդամ հայ կրօնաւորներու, որոնք կարեւոր ներդրում ունեցած են հայագիտական հետազօտութիւններու մէջ:

Այնուհետեւ բեմ հրաւիրուեցաւ Փիթըր Հրեշտակեան, որ իր ընտանիքին անունով սրտի խօսք արտասանեց եւ կենսագրական տեղեկութիւններ տուաւ հանգուցեալ հօր` Արա Հրեշտակեանի մասին, որուն անունով ալ կը կոչուի նորակառոյց ամպիոնը: Հրեշտակեան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ հայր Ֆրանսուա Պոէտեքի, որ յունուար 2026-էն սկսեալ պիտի ստանձնէ Սեն Ժոզեֆ համալսարանի տնօրէնի պաշտօնը:

Ապա խօսքը տրուեցաւ դերասանուհի Արսինէ Խանճեանի, որ ստանձնած է ամպիոնի վարիչի (Titulaire de la Chaire) պաշտօնը: Ան վերյիշեց Լիբանանի մէջ անցուցած մանկութեան եւ պատանեկութեան իր տարիները, երբ երազած էր յաճախել Սեն Ժոզեֆ համալսարան: Խանճեան շնորհակալութիւն յայտնեց Սեն Ժոզեֆ համալսարանին, ինչպէս նաեւ` ընդհանրապէս Լիբանանին, որոնք առիթը ընծայած են հայութեան նուիրելու «Արա Հրեշտակեան հայագիտական ամպիոն»-ը` լուսաւորութեան, յիշողութեան եւ նորարարութեան այս նոր վայրը:

Վերջին խօսք առնողը եղաւ «Արա Հրեշտակեան հայագիտական ամպիոն»-ի գործադիր տնօրէն դոկտ. Վահէ Թաշճեան: Ան բարեբախտութիւն համարեց նոր ամպիոնին հաստատումը Արեւելեան գրադարանին մէջ, ուր կարելի է ո՛չ միայն հոն գտնուող հայերէն գիրքերու հարուստ հաւաքածոյէն օգտուիլ, այլ նաեւ զանոնք հարստացնել նոր գիրքերով, ինչպէս նաեւ` գրադարանին հետ գործակցաբար կազմել հայկական յիշողութեան նիւթերու (հին լուսանկար, ժապաւէն, վաւերաթուղթ, ձեռագիր յուշեր եւ այլն) արխիւ մը:

Թաշճեան անդրադարձաւ այս իմաստով 15 տարիէ ի վեր «Յուշամատեան» կայքէջի ընդհանուր տնօրէնի իր փորձառութեան, երբ աշխարհի չորս կողմերէն բազմաթիւ հայեր իրենց ընտանեկան նիւթերը թուայնացուած տարբերակով կը տրամադրեն Պերլին հաստատուած «Յուշամատեան» կազմակերպութեան:

Սեն Ժոզեֆ համալսարանի Արեւելեան գրադարանին մէջ այսպիսի ընտանեկան նիւթեր կրնան այսուհետեւ ֆիզիքապէս հաւաքուիլ եւ արխիւացուիլ:

Թաշճեան այնուհետեւ կեդրոնացաւ յատուկ ծրագիրի մը վրայ, որ կրնայ դառնալ նոր ամպիոնին առաջին կարեւոր նախաձեռնութիւններէն մէկը. Լիբանանի եւ ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի հայկական համայնքներուն մասին կայքէջի մը ստեղծումը` նպատակ ունենալով համայնքային եւ ընտանեկան կեանքի յիշողութեան վերականգնումը: Վերջապէս, ան յոյս յայտնեց, որ նոր ամպիոնը միայն մասնագէտներու հաւաքավայրը չըլլայ, այլ անոր գործունէութեամբ հետաքրքրուին նաեւ երիտասարդներ` բոլոր կրթանքներու պատկանող: Միաժամանակ, անոր կարծիքով, նոր ամպիոնը պէտք է հետաքրքրէ նաեւ ոչ հայերը, որոնք հայկական մշակոյթին եւ պատմութեան ճամբով պիտի ծանօթանան ո՛չ միայն հայկական ժառանգութեան, այլ նաեւ` լիբանանեանին, եւ աւելի ընդհանուր առումով` համամարդկայինին:

Արա Հրեշտակեան հայագիտական ամբիոնի բացման հանդիսութիւնը ամբողջութեամբ կրնաք դիտել սոյն կապով՝ https://www.youtube.com/@chea-usj

Կրնաք հետեւիլ նաեւ ամբիոնի Instagram-ին՝ https://www.instagram.com/chea.usj/

Նախորդը

Թրամփ. «Իրան Խնդրեց, Որ Ջնջենք Անոր Դէմ Հաստատուած Պատժամիջոցները, Եւ Ես Դրական Տրամադրուած Եմ»

Յաջորդը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան Եւ Սրբոց Հռիփսիմեանց Վարժարան

RelatedPosts

Երուանդ Հաւարեանի «Rewind» (Վերադարձ) Խորագիրով Անհատական Ցուցահանդէս
Գաղութային

Երուանդ Հաւարեանի «Rewind» (Վերադարձ) Խորագիրով Անհատական Ցուցահանդէս

Դեկտեմբեր 6, 2025
ԼՕԽ-ի «Աստղիկ» Մասնաճիւղի 90-Ամեակի Նշում Եւ Երկարամեայ Ծառայող ԼՕԽ-ականներու Պարգեւատրում
Գաղութային

ԼՕԽ-ի «Աստղիկ» Մասնաճիւղի 90-Ամեակի Նշում Եւ Երկարամեայ Ծառայող ԼՕԽ-ականներու Պարգեւատրում

Դեկտեմբեր 5, 2025
Գերձայնային Գործիքի Եւ Ըմպելի Ջուրի Զտման Կայանի Գործարկման Նուիրուած Ձեռնարկ
Գաղութային

Գերձայնային Գործիքի Եւ Ըմպելի Ջուրի Զտման Կայանի Գործարկման Նուիրուած Ձեռնարկ

Դեկտեմբեր 5, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?