Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արարատը` Ճեմարանի Պատերուն Վրայ, Դպրոցէն Ներս, Աշակերտներուն Շրթներուն Եւ Անոնց Սրտերուն Խորը

Նոյեմբեր 3, 2025
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Գնահատելի եւ կարեւոր նախաձեռնութեամբ մը Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանը տարին օր մը կը նուիրէ հայկական ազգային արժէքի մը, որուն վերաբերող միօրեայ տարբեր աշխատանքներ ու գործունէութիւն կը կատարէ` մանկապարտէզէն մինչեւ երկրորդական դասարաններու բոլոր աշակերտները ներառելով: Նախորդ տարի տպաւորիչ կերպով նշուեցաւ Արցախի օրը, իսկ այս տարի Արարատն էր տիրական ճեմարանի մէջ, ուր ամէնուրեք տեղադրուած էին Արարատի նկարները, մեծ ու փոքր կը խօսէին պիպլիական լերան մասին, Արարատի գագաթին կանգնելու բախտը ունեցողները կը բաժնեկցէին իրենց փորձառութիւնը, մանուկներուն շրթներէն կը հնչէին Արարատի նուիրուած երգեր, աշակերտները Արարատը կը գծէին կամ համապատասխան ձեռային աշխատանք կը կատարէին… Մէկ խօսքով, Արարատն էր հերոսը, Արարատն էր տիրականը, որ իւրաքանչիւր հայու սրտին մէջ կը դրոշմուի անոր ծնունդով, կը մեծնայ անոր հետ, կը տողանցէ երեւակայութեան մէջ, մինչեւ ապրի այդ իւրայատուկ օրը, երբ աչքով կը տեսնէ այդ հսկայ սրբազան լեռը` հայութեան խորհրդանիշը:

Արդարեւ, ուրբաթ, 24 հոկտեմբեր 2025-ին, առաւօտեան Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանի աշակերտներն ու ուսուցիչները Պարոյր Սեւակի բանաստեղծութեան «…Որ մե՛նք, միայն մե՛նք Արարատ ունենք» տողն ու Արարատի պատկերը կրող շապիկներ հագած` հաւաքուեցան «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» սրահ, ուր Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներուն ունկնդրութենէն ետք, վարժարանի տնօրէն Փաուլա Եղիայեան Արարատի նուիրուած օրուան պատգամը յղեց` շեշտելով նման ձեռնարկներու կարեւորութիւնը հայ աշակերտին ազգային դաստիարակութեան մէջ, եւ աւարտեց` ըսելով. «Արարատը մեր սրտերուն մէջն է, ոչ ոք զայն կրնայ դուրս հանել հոնկէ»:

Ապա Ճեմարանի իւրաքանչիւր բաժինի մէջ սկիզբ առին զանազան աշխատանոցներ:

Մանկապարտէզի փոքրիկները ունկնդրեցին ազգային երգեր եւ դիտեցին նախապէս պատրաստուած Արարատ լերան գեղեցիկ նկարներ: Ապա  բոլորը միասին, մեծ խանդավառութեամբ ու բռունցքները վեր բարձրացուցած, երգեցին «Արարատն առաջ» երգը: Յայտագիրէն ետք փոքրիկները բարձրացան իրենց դասարանները եւ պատրաստեցին Արարատի նուիրուած ձեռային աշխատանքներ: Օրուան ընթացքին անոնք նաեւ համտեսեցին հայկական բոկեղն ու  հերիսան:

Սելին Ղազարեան տարրական բաժինի մէջ, իսկ Սէրուժ Խանճիհանեան նախակրթարանի մէջ հեռարձակումով ներկայացուցին Արարատ լեռ բարձրանալու իրենց փորձառութիւնը եւ պատասխանեցին աշակերտներուն հարցումներուն: Ապա աշակերտները սորվեցան եզրափակիչ ձեռնարկին պարը եւ կատարեցին Արարատի մասին ձեռային աշխատանքներ:

Միջնակարգի եւ երկրորդական բաժինի աշակերտները նախ դիտեցին «Գարուն ա» ժապաւէնը, ապա Ճեմարանի շրջանաւարտ պատմաբան Վարագ Գեթսեմանեանի հետ զրուցեցին ազգային խորհրդանիշներու, Հայաստանի սահմանադրութեան եւ այսօրուան իշխանութիւններուն վարած քաղաքականութեան մասին: Այնուհետեւ աշակերտները մասնակցեցան պարի աշխատանոցին:

Ժամը 12:00-ին սկսաւ օրուան եզրափակիչ ձեռնարկը Ճեմարանի քայլերգով: Բացման խօսքը կատարեց երկրորդական բաժինի աշակերտ Արմէն Մխճեան, որ շեշտեց, թէ Արարատը երբեք լոկ լեռ չէ եղած հայութեան համար: «Ան հազարամեակներ շարունակ եղած է մեր ազգի հպարտութիւնն ու պարծանքը, զոր մեր պապերը իրենց արիւնը տալով պահպանեցին կռուելով թշնամիներուն դէմ: Թէեւ առայժմ Արարատը կը գտնուի Հայաստանի սահմաններէն դուրս, սակայն ան միշտ ներկայ է մեր սրտերուն մէջ, եւ իւրաքանչիւր հայու հոգեւոր ձգտումն է վերադառնալ Մասիսին` իր ինքնութեան: Եթէ Հայաստանի այսօրուան իշխանութիւնները որոշած են Արարատը հեռացնել հայկական դիմագիծէն, մենք պիտի ըլլանք այն սերունդը, որ պիտի յիշեցնէ անոնց, որ Արարատը մեր յոյսն է, մեր երազն է, մեր ինքնութիւնն է»:

Այնուհետեւ ցուցադրուեցաւ աւարտական դասարանի աշակերտներուն պատրաստած «Ուխտ Արարատին» տեսերիզը, որմէ ետք ընթացք առաւ բոլոր բաժիններէ աշակերտներու մասնակցութեամբ թատերական ներկայացում մը, որ կ՛ընդգրկէր` խօսքեր, Արարատի մասին խմբական ասմունքներ, Արարատ լեռը նուաճած Ճեմարանի շրջանաւարտներու պատգամներու տեսերիզի ցուցադրութիւն, խմբական երգ եւ պար: Ձեռնարկը փակուեցաւ օրուան ընթացքին բոլոր աշակերտներուն սորված «Քոչարի» շուրջպարով:

Յուզիչ եւ միեւնոյն ատեն մեծապէս տպաւորիչ էր  աշակերտներուն բերնէն բազում անգամ լսել, որ Արարատը կարելի է վերցնել երեւելի ամէն տեղէ, սակայն երբեք` իսկական հայու մտքէն ու սրտէն, որ` Արարատը հայութեան ինքնութիւնն ու պատմութիւնն է, իրենց հոգիներուն խորը պահուած մեծ սէր ու արժէք է, անիկա միայն սար չէ, այլ պատգամ է ու կտակ, իսկ այնքան ատեն որ լեռը չի շարժիր իր տեղէն, իրենց հաւատքն ու սէրն ալ կը մնան անխախտ:

 

Նախորդը

«Հեքիաթ» Խումբին Բարեսիրական Ելոյթը` Ի Նպաստ Ազունիէի Հայ Ազգային Բուժարանի

Յաջորդը

«Էն. Պի. Էյ.» Պոսթըն Պարտութիւն Մը Եւս Կրեց

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան  Եւ Սրբոց Հռիփսիմեանց Վարժարան
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան Եւ Սրբոց Հռիփսիմեանց Վարժարան

Նոյեմբեր 8, 2025
Մամլոյ Հաղորդագրութիւն. Բացում Պէյրութի Սէն Ժոզէֆ Համալսարանի Արա Հրեշտակեան Հայագիտական Ամբիոնին
Գաղութային

Մամլոյ Հաղորդագրութիւն. Բացում Պէյրութի Սէն Ժոզէֆ Համալսարանի Արա Հրեշտակեան Հայագիտական Ամբիոնին

Նոյեմբեր 8, 2025
50 Տարիներ Բոլորած Զոյգեր Մեծ Շուքով Տօնեցին Իրենց Ս. Պսակի Տարեդարձը
Գաղութային

50 Տարիներ Բոլորած Զոյգեր Մեծ Շուքով Տօնեցին Իրենց Ս. Պսակի Տարեդարձը

Նոյեմբեր 8, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?