Ճիւնիի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Սարգիս Ա. քհնյ. Սարգիսեանի եւ Թաղական խորհուրդին հովանաւորութիւնը վայելող Անթիլիասի Մըզհեր շրջանին մէջ տեղի ունեցող հոգեւոր լսարանը 2025-2026 տարեշրջանը ընթացք առաւ չորեքշաբթի, 5 նոյեմբեր 2025-ի առաւօտուն, Մըզհերի «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» համալիրի սրահին մէջ:
Շրջանին մէջ վերջին տարիներուն հիմնուած հովուական սոյն առաքելութիւնը առիթ հանդիսացաւ, որ շրջանի հաւատացեալները, մանաւանդ կիները, համախմբուին եւ իրենց հոգեւոր հովիւին առաջնորդութեամբ սերտեն Սուրբ Գիրքը, ծանօթանան Հայ առաքելական սուրբ եկեղեցւոյ պատարագին, ծէսին, մասնակցին շարականի երգեցողութեան ու ծանօթանան Հայ եկեղեցւոյ սուրբերուն եւ տօներուն:
Հոգեւոր լսարանի ներկաներէն ամէն շաբաթ անձ մը յանձն կ՛առնէ շաբթուան սուրբին կամ տօնին մասին գիտելիքներ հաւաքել եւ ներկայացնել սերտողութեան ընթացքին:
Յիշենք նաեւ, որ ամէն շաբաթ ներկաները միասնաբար հաւաքական աղօթք կը կատարեն` արտասանելով, սաղմոսներ, ինչպէս նաեւ անհատական աղօթքներ` մեր հայրապետներու աղօթագիրքերէն: Քահանայ հայրը կը յղէ օրուան պատգամը` իւրաքանչիւր տարի ծրագիր մը ունենալով: Այս տարի ներկաները պիտի սերտեն Յովհաննու աւետարանը ամբողջութեամբ:
Նշենք, որ ամէն շաբաթ յայտագրի աւարտին տեղի կ՛ունենայ յատուկ աղօթք Նարեկի աղօթամատեանէն:
Հոգեւոր լսարանի մասնակիցները նաեւ կը մասնակցին եկեղեցւոյ բոլոր ձեռնարկներուն, ինչպէս նաեւ եկեղեցական ուխտագնացութիւններ կը կատարեն եւ ընկերային պահեր կը կազմակերպեն:


