Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարիներ Բոլորած Զոյգեր Մեծ Շուքով Տօնեցին Իրենց Ս. Պսակի Տարեդարձը

Նոյեմբեր 8, 2025
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հովանաւորութեամբ եւ նախագահութեամբ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս-պատրիարքին, կազմակերպութեամբ Սուրբ Փրկիչ ժողովրդապետութեան ընտանեկան յանձնախումբին, կիրակի, 2 նոյեմբեր 2025-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ սուրբ պսակի տարեդարձի օրհնութեան սուրբ պատարագ` ոսկեայ, զմրուխտէ, ադամանդեայ եւ երկաթեայ պսակի տարեդարձներ նշող 26 զոյգերու, ներկայութեամբ գերյարգելի վարդապետներու եւ զոյգերուն զաւակներուն, թոռներուն եւ հարազատներուն:

Սուրբ պատարագը մատուցեց Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ Սահակ վրդ. Քէշիշեան` առընթերակայութեամբ փոխժողովրդապետ Ռաֆայէլ վրդ. Ժաուհարժիի եւ Նշան սրկ. Հաննէշեանի:

Պատարագի ընթացքին պսակեալ զոյգեր եւ յանձնախումբի անդամներ կարդացին` Աստուծոյ նուիրուած շնորհակալական խօսքեր, դիտաւորութիւններ, աղօթքներ եւ բարեմաղթութիւններ:

Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. պատրիարքը պատարագի աւարտին հայրապետական պատգամը յղեց` ըսելով. «Դուք բախտաւոր էք, որովհետեւ առիթը ունեցաք վերանորոգելու ձեր պսակի խորհուրդը Յիսուս Քրիստոսի առջեւ, եւ գնահատելի է ձեր հաւատարմութիւնը եւ սիրոյ կարեւորութեան դերը սուրբ ընտանիքի կազմութեան մէջ, որ անհրաժեշտ մղիչ ուժ է»: Հոգեւոր տէրը իր օրհնութիւնը յայտնելով` յորդորեց, որ զոյգերը տօնեն իրենց պսակի 75-րդ եւ 100-րդ տարեդարձները` մաղթելով առողջութիւն եւ երկար կեանք Քրիստոսի հետ միացած ս. հաղորդութեան միջոցով:

Հոգեւոր տէրը իր շնորհակալութիւնը ուղղելով ժողովրդապետութեան` գնահատեց այս նախաձեռնութիւնը եւ յաջողութիւն մաղթեց ընտանեկան յանձնախումբին, որմէ ետք իւրաքանչիւր ընտանիքի յանձնեց աստուածաւանդ հայրապետական օրհնագիրը:

Պատարագէն ետք մեծ խանդավառութեամբ եւ հոգեկան գոհունակութեամբ ներկաները ուղղուեցան ՀԿՄ-ի «Նիրվա եւ Վարուժ Ներկիզեան» սրահ, ուր հոգեւոր տիրոջ օրհնութենէն ետք տեղի ունեցաւ իւրաքանչիւր զոյգի իր ընտանիքի անդամներուն հետ կարկանդակի հատում` սիրոյ երգերու ընկերակցութեամբ:

Յայտնենք, որ կամքէ անկախ բացակայութիւն արձանագրող զոյգերու տան այցելութեան ժողովրդապետին պիտի ընկերակցին յանձնախումբի անդամները եւ պիտի յանձնուին օրհնագիրները, իսկ յառաջիկայ կիրակի, 9 նոյեմբեր 2025-ին տեղի պիտի ունենայ ս. պսակի խորհուրդին 45, 40, 35 եւ 30 տարիներ բոլորած զոյգերու նոյնանման հոգեւոր, հովուական եւ ընկերային հանդիպում մը:

Ի սրտէ կը շնորհաւորենք բոլոր զոյգերը եւ աստուածային սիրով կազմուած իրենց ընտանիքները:

Յ. Գ. Ժողովրդապետութեանս անուանացանկին մէջ 50 տարի բոլորած զոյգերուն ընդհանուր թիւը 41 է, սակայն միայն 26 զոյգ կարողացաւ ներկայ ըլլալ այս հոգեպարար արարողութեան:

 

Նախորդը

Ժագ Ս. Յակոբեանի Անմեռ Յիշատակին

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Հովուապետական Բեղուն Այցելութիւն Տուաւ Լոս Անճելըս

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան  Եւ Սրբոց Հռիփսիմեանց Վարժարան
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան Եւ Սրբոց Հռիփսիմեանց Վարժարան

Նոյեմբեր 8, 2025
Մամլոյ Հաղորդագրութիւն. Բացում Պէյրութի Սէն Ժոզէֆ Համալսարանի Արա Հրեշտակեան Հայագիտական Ամբիոնին
Գաղութային

Մամլոյ Հաղորդագրութիւն. Բացում Պէյրութի Սէն Ժոզէֆ Համալսարանի Արա Հրեշտակեան Հայագիտական Ամբիոնին

Նոյեմբեր 8, 2025
Կիպրոսի Մէջ.  Բագրատունի Շնորհակալական Այցելութիւն  Տուաւ Լիբանանի Հայութեան  Օժանդակած Դեղորայքի Ընկերութեան
Գաղութային

Կիպրոսի Մէջ. Բագրատունի Շնորհակալական Այցելութիւն Տուաւ Լիբանանի Հայութեան Օժանդակած Դեղորայքի Ընկերութեան

Նոյեմբեր 7, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?