Կազմակերպութեամբ Պուրճ Համուտի ՀՅԴ «Նիկոլ Դուման» կոմիտէին, ուրբաթ, 31 հոկտեմբեր 2025-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին «Նիկոլ Դուման» ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ «Քրիստափոր Արթին ժողովասրահ»-ի բացման հանդիսութիւն:
Լիբանանի, Հայաստանի, Արցախի եւ ՀՅԴ-ի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք բարի գալուստի խօսքը արտասանեց եւ յայտագիրը ներկայացուց Մեղրի Սալպաշեան: Ան ըսաւ, որ հաւաքուած ենք բացումը կատարելու ժողովասրահի մը, որ կը կրէ այնպիսի ազատամարտիկի մը անունը, որ իր կարելին ըրաւ իրականացնելու համար իր կեանքի երազը` հայրենիքի համար զոհուիլ:
ՀՅԴ «Նիկոլ Դուման» կոմիտէին խօսքը արտասանեց Մարալ Մխսեան: Ան յայտնեց, որ երբ կոմիտէն որոշում տուաւ «Քրիստափոր Արթին ժողովասրահ»-ի բացման, ունէր 2 նպատակ. նախ` անթառամ պահել նահատակ ընկերոջ յիշատակը, իսկ երկրորդ` արժեւորել «Նիկոլ Դուման» կոմիտէութեան աւելի քան 70 տարուան գործունէութիւններն ու զոհողութիւնները` միշտ բարձր պահելու մեր ժողովուրդին կամքն ու պատիւը, ինչպէս նաեւ` արժեւորել Հայ դատին ու ազատագրական պայքարներու ընթացքին զոհուած մեր հերոսները:
«Այսօր մենք, «Նիկոլ Դուման» կոմիտէն, ինչպէս նաեւ «Նիկոլ Դուման»-ի անցնող բոլոր կոմիտէները հպարտութեամբ եւ բաց ճակատով կը հաւատանք, որ այս կոմիտէութիւնը անկրկնելի մտաւորական եւ հայդուկապետ Նիկոլ Դումանի արժանաւոր ժառանգորդը եղած է Լիբանանի մէջ: Վերջին խօսուն վկան «Նիկոլ Դուման» ակումբին մէջ հասակ առած ընկ. Քրիստափոր Արթինի օրինակն է», շեշտեց Մխսեան: Ան ըսաւ, որ «Զաւարեան» պատանեկան միութեան երկար տարիներու վարիչ եղած ընկերոջ մը վկայութեամբ, Քրիստափոր Արթին եղած է 80-ական տարիներու ակումբի պատանեկան միութեան ընկերներէն ամէնէն աշխուժը, աւելցնելով, որ ան աշխուժ էր ամէն տեղ, դպրոց թէ գործ, տուն թէ ընկերային կեանք, սակայն ամէնէն աչքառու աշխուժութիւնը ակումբին մէջ` Հայաստանի հետ կապուած նիւթով, Հայաստանի ազատագրական պայքարով, Հայաստանի օդով ու ջուրով: Մխսեան դիտել տուաւ, որ Քրիստափոր Արթին պատանեկան տարիներուն Հայաստան չէր գացած, ոչ ալ հոն ապրած է, սակայն Հայաստանը իր մէջ կ՛ապրէր, որովհետեւ ինք Հայաստանը սիրող տան մը մէջ կը բնակէր, մանաւանդ իր հօրմէն ժառանգած էր դաշնակցականի հայրենասիրութեան զգացումը: Պատանի տարիքին ան հասկցած էր արդէն, որ ազգ մը առանց հայրենիքի չի գոյատեւեր, իսկ հայրենիքն ալ առանց ուժի չես կրնար պահել, ուստի կառչեցաւ առաջին սկզբունքին, առաջին լոզունգին, այսինքն` պատմութեան առաջին դաշնակցական փաղանգի դրօշին` մահ կամ ազատութիւն:
«Լիբանանէն Քանատա գաղթած Քրիստափոր Արթինի համար Քանատան չէր կրնար հայրենիք կոչուիլ, որովհետեւ իր սրտին մէջ տակաւին կ՛ապրէր Հայաստանը, եւ ան առիթը ունեցաւ գործնականի վերածել իր սրտին խօսող լոզունգը` «Միայն զէնքով կայ հայոց փրկութիւն»:
«Դաշնակցական դաստիարակութիւն ստացած հարիւրաւոր ընկերներու շարքին, ինքն ալ գնաց Արցախ եւ իր սրտին մէջ ապրած Հայաստանը առաջին անգամ ըլլալով զինք գրկեց, իսկ ինք տուաւ անոր այն, ինչ որ գիտէր հայրենասիրութեան մասին, եւ ինչ որ պէտք է` անտրտունջ եւ անսակարկ:
«Առաջին պատերազմը վերջացաւ եւ արցախեան ընկերը վերադարձաւ օտարներէ կազմուած երկիրը` Քանատա, բայց Հայաստանը տակաւին իր մէջ կ՛ապրէր: Որոշեց վերադառնալ հայրենիք, ազատ եւ անկախ հայրենիք, յաղթած եւ հպարտ հայրենիք: Չէ՞ որ ինքն ալ իր բաժինը բերած էր այդ յաղթանակի կերտման, հպարտ զգաց եւ յաղթական: Իր կեանքը շարունակեց հոն` ուր, միշտ կը ճախրէին իր սիրտն ու հոգին: Հիմնեց գործ, կազմեց ընտանիք, կառչեցաւ հողին եւ նախընտրեց ապրիլ Սիւնիք` քաջերու օրրան: Ազատութեան տարիները վայելեց շարունակելով ազգային պարտականութիւններ կատարել իր սիրած կուսակցութեան կառոյցին մէջ` աշխուժ ու գործունեայ:
«Եկաւ 2020 թուականի աշունը: Սեւ ամպեր կուտակուած էին Արցախի երկինքին վրայ: Արիւնարբու գազանը անգամ մը եւս ցցած էր գլուխը` ատելութեամբ լեցուն: Մահ կամ ազատութիւնը ուսը շալկած` Քրիստափոր Արթին անցաւ ճակատ, անգամ մը եւս պաշտպանելու հայրենիքը», ըսաւ Մ. Մխսեան` աւելցնելով սակայն, որ այս անգամ Քրիստափոր Արթինի հոգին չվերադարձաւ Արցախէն, մնաց հոն, ինչպէս` հազարաւոր նահատակներու հոգիները, որոնք կը սաւառնին Արցախի երկինքին մէջ` հսկելով անոր լեռներն ու ձորերը:
Այնուհետեւ Մեղրի Սալպաշեան ասմունքեց Դանիէլ Վարուժանի «Դերենիկը» քերթուածը, որմէ ետք սրտի խօսք արտասանեց ՀՅԴ «Զաւարեան» պատանեկան միութեան մէջ Քրիստափոր Արթինի հետ միասին անդամ եղած Լուսիկ Աֆարեան: Ան ըսաւ, որ Քրիստափորը հերոսածին էր, հերոս ծնաւ եւ իբրեւ հերոս ալ ինկաւ կռուի դաշտին վրայ, բայց հայրենիքի զինուորին եւ առաւել եւս նահատակին համար մահ չկայ: Աֆարեան դիտել տուաւ, որ Քրիստափոր իր մանկութեան ընկերն էր, իրենց տան անմիջական դրացին եւ իրենց մանկութեան եւ պատանեկութեան տարիները միասին անցան, նոյն միջավայրին, նոյն դպրոցին, եւ հետագային նաեւ նոյն ակումբին` «Նիկոլ Դուման»-ի մէջ, ուր կազմաւորուեցան իբրեւ յանձնառու հայեր եւ ուխտեցին անմնացորդ ծառայութեամբ եւ, եթէ հարկ ըլլայ, իրենց արեան գնով ծառայել ազգին ու հայրենիքին:
Լուսիկ Աֆարեան հաստատեց, որ Քրիստափոր իր հայեցի կրթութեամբ, քրիստոնէական եւ յեղափոխական դաստիարակութեամբ հասակ նետեց, եղաւ` աշակերտ, սկաուտ, պատանի եւ բոլորին բարեկամ, իսկ արտադպրոցական ժամերուն եղած էր «Նիկոլ Դուման» ակումբէն ներս, բոլորին հասնող, ժպտուն, ուրախ եւ քաջ նկարագրով սիրուած պատանի: Անոր նկարագիրին մէջ շեշտուած էին` քաջութիւնը, ջերմ ընկերականութիւնը, անձնուիրութիւնը եւ համեստութիւնը: Քրիստափոր սիրահար մըն էր մեր յեղափոխական պատմութեան եւ գրականութեան: Զինք մեծապէս խանդավառած էր արցախեան շարժումը, միշտ կը խօսէր Արցախ երթալու եւ մասնակից ըլլալու հայոց նորագոյն պատմութեան ազատագրական պայքարին մասին: 44-օրեայ պատերազմի առաջին օրէն, դաշնակցական գումարտակի կանչին ընդառաջելով, զէնքը ձեռքին առաջնագիծ շտապեց: «Մենք հպարտ ենք քեզմով, Քրի՛ստ, որ անցնող տարիներուն միշտ ալ մնացիր հաւատարիմ քու սկզբունքներուդ: Վստահ ենք, որ քու նուիրաբերումդ դաստիարակիչ եւ վարակիչ կ՛ըլլայ բոլորիս համար»: Հայրենիքի ազատութեան համար նահատակուիլը անմահութիւն է, եւ այդ անմահութեան պատգամը մեր մէջ զօրացուցիր ու ամրապնդեցիր», եզրափակեց Լ. Աֆարեան:
Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ ժողովասրահի բացում:






