Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան Միութիւններ.  Վարիչներու Պատրաստութեան  Եւ Վերաորակաւորման Սեմինար

ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան Միութիւններ. Վարիչներու Պատրաստութեան Եւ Վերաորակաւորման Սեմինար

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու Ընդհանուր վարիչ մարմինին, երէկ` կիրակի, 15 հոկտեմբեր 2017-ին, Ժիպէյլի Հայ կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ վարիչներու պատրաստութեան եւ վերաորակաւորման սեմինար մը` մասնակցութեամբ ներկայ վարիչներու, ինչպէս նաեւ շրջաններէն, ԼԵՄ-էն եւ ԶՈՄ-էն ընկերներու: Ընդհանուր վարիչ մարմինին անունով սեմինարի բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Փաթրիսիա Խորշիտեան, որ նշեց նման սեմինարի մը կարեւորութիւնը եւ անոր հիմնական նպատակները: Սեմինարին առաջին զեկուցաբերն էր...

Սրբոց Թարգմանչաց Տօնի Նշում Եւ Դպրեվանքի  88-րդ Կրթական Տարեշրջանի  Բացում Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Սրբոց Թարգմանչաց Տօնի Նշում Եւ Դպրեվանքի 88-րդ Կրթական Տարեշրջանի Բացում Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Կիրակի, 15 հոկտեմբեր 2017-ին, Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ տեսչական պատարագ` Սրբոց Թարգմանչաց տօնին առիթով, հանդիսապետութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին: Օրուան պատարագիչն էր դպրեվանքի տեսուչ Պօղոս վրդ. Թինքճեան: Պատարագի աւարտին, հայրապետական թափօրը ուղղուեցաւ վեհարանի դահլիճ, ուր հանդիսաւորապէս տեղի ունեցաւ դպրեվանքի ուսումնական-կրթական նոր տարեշրջանի բացումը: Բացման հանդիսութեան ներկայ էին նաեւ միաբան հայրեր, ուսուցիչներ, բարերարներ, ծնողներ եւ դպրեվանքի...

Հոգեհանգստեան Պաշտօն`  Վաղամեռիկ Սեպուհ Շահպազեանի Յիշատակին

Հոգեհանգստեան Պաշտօն` Վաղամեռիկ Սեպուհ Շահպազեանի Յիշատակին

Նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, երէկ` կիրակի, 15 հոկտեմբեր 2017-ին, Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ մէջ յաւարտ Ս. պատարագի կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն` վաղամեռիկ Սեպուհ Շահպազեանի  մահուան ԺԶ.  տարելիցին առիթով: Յետ հոգեհանգստեան արարողութեան, Ազգային առաջնորդարանի դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ ցաւակցական ընդունելութիւն: Սրբազան հայրը խօսք առնելով ըսաւ, թէ մեր կեանքին մէջ կան արժէքներ, որոնք երբեմն պէտք է արժանանան արքայական կամ...

Լիբանանի Թեմի Կիրակնօրեայ  Դպրոցներու Վերամուտի Ս. Պատարագ

Լիբանանի Թեմի Կիրակնօրեայ Դպրոցներու Վերամուտի Ս. Պատարագ

Տարիներու աւանդութեան հաւատարիմ, Լիբանանի թեմի կիրակնօրեայ դպրոցներու վերամուտին առիթով հանդիսաւոր Ս. Եւ անմահ պատարագ մատուցուեցաւ կիրակի, 15 հոկտեմբեր 2017-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ: Ս. պատարագը մատուցեց Լիբանանի թեմի կիրակնօրեայ դպրոցներու վարիչ պատասխանատու Սարգիս քհնյ. Սարգիսեան: Ս. պատարագին ներկայ գտնուեցան Լիբանանի թեմին մէջ գործող հետեւեալ կիրակնօրեայ դպրոցներու տեսուչներն ու ուսուցիչները` Սրբոց Քառասնից Մանկանց, Սրբոց Վարդանանց, Ս. Սարգիս, Ս. Աստուածածին, Ս....

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու  Դեսպանը Այցելեց Արամ Ա. Կաթողիկոսին

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը Այցելեց Արամ Ա. Կաթողիկոսին

12 հոկտեմբեր 2017-ի առաւօտուն, Անթիլիասի մայրավանքի իր գրասենեակին մէջ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը երկար հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապեթ Ռիչըրտի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկումի նիւթ դարձան թէ՛ Լիբանանի ներքին կացութեան եւ թէ՛ ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի վերջին զարգացումներուն առնչուած հարցեր: Քննարկուած հարցերուն վերաբերեալ վեհափառ հայրապետը ներկայացուց իր տեսակէտները, իսկ դեսպանը իր կարգին` իր երկրին մտահոգութիւնները եւ առաջադրանքները:...

Լրագրութեան Վարժողական Ծրագիր (7).  «Ապագայ Լրագրողներ»-Ուն Համար Շահեկան  Դասախօսութիւն` Վեր. Դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանի Կողմէ

Լրագրութեան Վարժողական Ծրագիր (7). «Ապագայ Լրագրողներ»-Ուն Համար Շահեկան Դասախօսութիւն` Վեր. Դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանի Կողմէ

«Ազդակ»-ի խմբագրութեան կազմակերպած լրագրութեան վարժողական ծրագիրը կը շարունակուի հաստատ ու կայուն քայլերով: Այդ ծրագիրը երէկ «Ազդակ»-ի խմբագրատան մէջ հիւրընկալեց Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանը, որ «Ապագայ լրագրողներ»-ուն մատուցեց շահեկան դասախօսութիւն մը: Համաշխարհայնացման ու բոլորին, յատկապէս երիտասարդներուն եւ ուսանողներուն կեանքին մէջ անոր ազդեցութեան մասին լայն տեղեկութիւններ եւ ճշմարտութիւններ յայտնելէ ետք, վեր. դոկտ. Հայտոսթեան կեդրոնացաւ համաշխարհայնացման եւ հայկական կրթակարգի հիմնախնդիրներուն...

Յայտարարութիւն

Լիբանանում Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութիւնը տեղեկացնում է, որ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի 2017 թուականի յունիսի 19-ի թիւ 486-Ա հրամանագրով ներքոյիշեալ համարների ստացագրեր ունեցողներին շնորհուել է Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիութիւն. 12528, 17709, 17562, 17561, 17563, 17536, 17592, 17572, 17202, 17701, 17216, 17214, 17566, 17479, 17242, 17732, 17598, 17280, 17353, 17683, 17515, 17483, 17373, 17338, 17531, 17221, 17457, 17518, 17508, 17667, 17735, 17538, 17469, 17466,...

Ֆրանսայի Դեսպանը` Անթիլիասի  Մայրավանքին Մէջ

Ֆրանսայի Դեսպանը` Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Երէկ` հինգշաբթի, 12 հոկտեմբեր 2017-ին, Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Պրունօ Ֆուշեր այցելեց Անթիլիասի մայրավանք, ուր հանդիպում ունեցաւ Արամ Ա. կաթողիկոսին հետ: Վեհափառ հայրապետը վերջերս Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան նշանակուած Ֆուշերին ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կառոյցները, թեմերը եւ առաքելութեան զանազան բնագաւառները: Իբրեւ Իրանի մէջ Ֆրանսայի նախկին դեսպան եւ մօտէն ճանչցած ըլլալով Իրանի հայութիւնը, Ֆուշերի եւ վեհափառ հայրապետին...

Մամլոյ 132-րդ Լսարան.  «Յովհաննէս Այվազովսկիի Հայկականութիւնը`  Ծովանկարչութեան Ընդմէջէն» Նիւթով  Դասախօսեց Դոկտ. Մովսէս Հերկելեան

Մամլոյ 132-րդ Լսարան. «Յովհաննէս Այվազովսկիի Հայկականութիւնը` Ծովանկարչութեան Ընդմէջէն» Նիւթով Դասախօսեց Դոկտ. Մովսէս Հերկելեան

«Ազդակ»-ի մամլոյ լսարաններու ծիրին մէջ երէկ` չորեքշաբթի, 11 հոկտեմբեր 2017-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ դոկտ. Մովսէս Հերկելեան ներկայացուց «Յովհաննէս Այվազովսկիի հայկականութիւնը` ծովանկարչութեան ընդմէջէն» նիւթը: Ձեռնարկը բացուած յայտարարեց «Ազդակ»-ի պատասխանատու խմբագիրներէն Ժագ Յակոբեան: Ան իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ «Ազդակ»-ի 132-րդ մամլոյ լսարանով լուսարձակները պիտի սփռուին գեղանկարչութեան պատմութեան մէջ մեծահռչակ հայազգիին` Այվազովսկիի ժառանգականութեան վրայ, եւ պիտի արժեւորուի անոր...

ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Ցոյց` «Ֆոր Սիզընս»  Պանդոկին Առջեւ

ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Ցոյց` «Ֆոր Սիզընս» Պանդոկին Առջեւ

Երէկ` երեքշաբթի, 10 հոկտեմբեր 2017-ին, Պէյրութի «Ֆոր սիզընս» պանդոկի մուտքին առջեւ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի կազմակերպած խաղաղ ցոյց մը, որուն ընթացքին բաժնուեցան թռուցիկներ եւ  արձակուեցան թրքական ուրացման քաղաքականութիւնը դատապարտող կարգախօսներ: ՀՅԴ ԼԵՄ-ի ցոյցը ուղղուած էր ընդդէմ թրքական նորաձեւութեան ցուցադրութեան մը: Նորաձեւութեան ցուցադրութեան այս ձեռնարկին կը մասնակցէին 3 թուրք ձեւագէտներ: Ձեռնարկը կազմակերպուած էր Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատան, «Թըրքիշ Էրլայնզ» օդանաւային ընկերութեան...

Տեղի Ունեցաւ «Արեւմտեան Հայաստանի  Եւ Կիլիկիոյ Նուիրուած Յուշամատեաններու Շարք»-ի  Մինչ Այժմ Հրատարակուած  14 Հատորներու Շնորհահանդէսը

Տեղի Ունեցաւ «Արեւմտեան Հայաստանի Եւ Կիլիկիոյ Նուիրուած Յուշամատեաններու Շարք»-ի Մինչ Այժմ Հրատարակուած 14 Հատորներու Շնորհահանդէսը

10 հոկտեմբերին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան նախաձեռնութեամբ եւ Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան աջակցութեամբ Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի պատմութեան հիմնարկը կազմակերպած էր Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած «Արեւմտեան Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ  նուիրուած յուշամատեաններու շարք» մատենաշարի 14 հատորներու  շնորհահանդէսը («Ատանայի հայոց պատմութիւն», «Պատմութիւն Տարօնի աշխարհի», «Պատմութիւն Անթէպի հայոց (Ա.)», «Պատմութիւն Անթէպի հայոց (Բ.)», «Հաճընի ընդհանուր պատմութիւնը», «Դիւցազնական Ուրֆան եւ իր հայորդիները», «Պատմագիրք Կիւրինի», «Քեսապ:...

Հինգերորդ Տարին Ըլլալով Համազգայինի  «Լիւսի Թիւթիւնճեան» Ցուցասրահը Կը Մասնակցի  «Պէյրութ Արթ Ֆեր»-ին` Միսաք Թերզեանի,  Կիւլէն Տէր Պօղոսեանի, Ռիթա Հասուանիի,  Ղասսան Օուէյսի Եւ Մարալ Տէր Պօղոսեանի Գործերով

Հինգերորդ Տարին Ըլլալով Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» Ցուցասրահը Կը Մասնակցի «Պէյրութ Արթ Ֆեր»-ին` Միսաք Թերզեանի, Կիւլէն Տէր Պօղոսեանի, Ռիթա Հասուանիի, Ղասսան Օուէյսի Եւ Մարալ Տէր Պօղոսեանի Գործերով

Կազմակերպութեամբ «Պէյրութ Արթ Ֆեր»-ին, 21 սեպտեմբեր 2017-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, «Պիել»-ի մէջ տեղի ունեցաւ այս տարուան «Պէյրութ Արթ Ֆեր» ցուցահանդէսին բացումը: Այս տարի «Պէյրութ Արթ Ֆեր»-ին մասնակցեցան 23 երկիրներէ 51 ցուցասրահներ եւ մեծ թիւով արուեստագէտներ: Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահը 5-րդ տարին ըլլալով մասնակցեցաւ «Պէյրութ Արթ Ֆեր»-ին եւ ներկայացուց Միսաք Թերզեանի, Կիւլէն Տէր Պօղոսեանի, Ռիթա Հասուանիի, Ղասսան Օուէյսի եւ Մարալ Տէր...

Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան  100-ամեակի Նշում Անթիլիասի Մէջ

Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան 100-ամեակի Նշում Անթիլիասի Մէջ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը կը նախապատրաստուի արժանավայել կերպով նշելու Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակը: Արդարեւ, Հայաստանի Հանրապետութեան հետ կապուած պատմական, մշակութային, հոգեւոր, ռազմական եւ այլ բնագաւառներու մէջ արձանագրուած իրագործումները լուսարձակի տակ առնելու, վերլուծումներ կատարելու եւ ընդհանրապէս անոնց այժմէականութիւնը շեշտելու համար, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը կը ծրագրէ ապրիլ 2018-ին կազմակերպել  Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան յատկացուած համահայկական համագումար մը: Այս ծիրին մէջ կարեւոր կը...

ՀԲԸՄ Պօղոս Գ. Կարմիրեան Վարժարանի Վերամուտ

ՀԲԸՄ Պօղոս Գ. Կարմիրեան Վարժարանի Վերամուտ

Երեքշաբթի, 26  սեպտեմբերի  առաւօտեան  ժամը  7:30-ին  դարձեալ  հնչեց  ՀԲԸՄ-ի  Պօղոս  Գ.  Կարմիրեան  վարժարանի  զանգը`  ուսումնական  նոր  տարեշրջանի  մը  ուրախալի  սկիզբը  յայտարարելով: Այս տարի իւրայատուկ է անով, որ  Ա.  կարգի  աշակերտներուն կրթական ծրագիրը  պիտի  գործադրուի արդիական-այ.փէտ.-ներու օգտագործմամբ: Աշակերտները  ուրախութեամբ  եւ  խանդավառութեամբ  կը  փութային  իրենց  սիրելի  եւ  հարազատ  երկրորդ  տունը`  դիմաւորելու  աշխատանքով  բեղուն  տարի  մը: Տէրունական  աղօթքի  եւ  ՀԲԸՄ-ի  քայլերգէն ետք վարժարանի ...

Վեր. Դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան  Այցելեց «Ազդակ»

Վեր. Դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան Այցելեց «Ազդակ»

Երէկ կէսօրին «Ազդակ»-ի խմբագրատուն այցելեց եւ տնօրէնութեան հետ տեսակցեցաւ Հայկազեան համալսարանի նախագահ, Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան հասարակական խորհուրդի անդամ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան: «Ազդակ»-ի տնօրէնը շնորհաւորեց դոկտ. Հայտոսթեանը Հայկազեան հայագիտական հանդէսի վերջին թիւի հրատարակութեան առիթով` զայն նկատելով սփիւռքի մէջ միակ հայկական համալսարանին կողմէ եզակի նախաձեռնութիւն`  արեւմտահայերէնով հայագիտական հանդէս գիտական հանրութեան տրամադրելու առումով: Կրթութեան վերաբերող հարցերու շուրջ զրուցելէ ետք խորհրդակցութիւնը կեդրոնացաւ...

Լրագրութեան Վարժողական Ծրագիր (6). «Ապագայ Լրագրողներ»-Ու Ընթացիկ Ծրագիրը Կը Շարունակուի «Ազդակ»-ի Խմբագրատան Մէջ

«Ազդակ»-ի խմբագրութեան կազմակերպած լրագրութեան վարժողական ծրագիրի շրջագիծին մէջ, «Ապագայ լրագրողներ»-ը` երէկ հանդիպում մը ունեցան «Ազդակ»-ի խմբագրատան մէջ: Երէկուան հանդիպումին ընթացքին վարժողական ծրագիրի համակարգող Արշօ Պալեան ներկայացուց լուր գրելու թեքնիքները, լուրի կառոյցին մանրամասնութիւնները, ինչպէս նաեւ առարկայական ու ենթակայական մօտեցումներուն տարբերութիւնները:  

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Պապական  Նուիրակ Կապրիէլ Քաչիա Եպիսկոպոսը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Պապական Նուիրակ Կապրիէլ Քաչիա Եպիսկոպոսը

Հինգշաբթի, 5 հոկտեմբեր 2017-ին, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքի վեհարանին մէջ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ընդունեց Լիբանանի մէջ պապական նուիրակ Կապրիէլ Քաչիա եպիսկոպոսը, որուն կ՛ընկերանար անոր փոխանորդը: Պապական նուիրակը եկած էր Լիբանանին մէջ իր ութ տարիներու ծառայութեան աւարտին, եւ իր նոր պաշտօնատեղին` Ֆիլիփեան կղզիներ մեկնելէն առաջ, վեհափառ հայրապետին իր բարեմաղթութիւնները ներկայացնելու: Այցելութիւնը առիթ մը եղաւ, որ անդրադարձ կատարուի Լիբանանի այժմու կացութեան,...

Դատապարտումի Հեռագիր  Ֆրանսայի Պետութեան

Ազգային Ինքնութեան Ամրապնդման Ֆոնտ 18 Դիմումի Ընդառաջում Սեպտեմբերին Հնգամսեայ Հաշուեկշիռ` 132 Պարագայ

ՀՅ Դաշնակցութեան Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի հաստատած Ազգային ինքնութեան ամրապնդման ֆոնտը սեպտեմբեր ամսուան ընթացքին ընդառաջած է 18 դիմումի, մինչ մայիս, յունիս, յուլիս եւ օգոստոս ամիսներուն ընթացքին ֆոնտէն օգտուելու իրաւունքին արժանացած է 114 պարագայ: Այսպէս, Հայ ընտանիքի կազմութեան ֆոնտին (պսակադրութեան) դիմում կատարած են 7 զոյգեր, որոնք պայմանները լրացուցած ըլլալով արժանացած են ֆոնտէն օգտուելու իրաւունքին: Հայ մանուկի ֆոնտին (մկրտութեան) դիմում կատարած են 11...

Page 251 of 365 1 … 250 251 252 … 365

Արխիւներ