Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու Ընդհանուր վարիչ մարմինին, երէկ` կիրակի, 15 հոկտեմբեր 2017-ին, Ժիպէյլի Հայ կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ վարիչներու պատրաստութեան եւ վերաորակաւորման սեմինար մը` մասնակցութեամբ ներկայ վարիչներու, ինչպէս նաեւ շրջաններէն, ԼԵՄ-էն եւ ԶՈՄ-էն ընկերներու: Ընդհանուր վարիչ մարմինին անունով սեմինարի բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Փաթրիսիա Խորշիտեան, որ նշեց նման սեմինարի մը կարեւորութիւնը եւ անոր հիմնական նպատակները:
Սեմինարին առաջին զեկուցաբերն էր ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, որ ներկայացուց «Վարիչներուն դերը դաշնակցական պատանիին դաստիարակութեան հոլովոյթին մէջ» նիւթը: Ան նախ խօսեցաւ պատանեկան միութիւններու հիմնադրութեան դրդապատճառներուն մասին` նշելով, որ անցեալի դաշնակցական ղեկավարները հիմնած են պատանեկան միութիւնները` նպատակ ունենալով հայը հայ պահել, ինչպէս նաեւ մարտունակ եւ գաղափարապաշտ հայեր պատրաստել: Անցեալի եւ ներկայի միջեւ բաղդատական մը կատարելով` ան ներկայացուց վարիչի պարտականութիւնները, հաստատելով որ ժամանակին պատանիները կը ծնէին եւ կ՛ապրէին հայահոծ շրջանակներու մէջ, իսկ այսօր մեծ թիւով պատանեկան տարիքի անհատներ կը յաճախեն ոչ հայկական դպրոցներ եւ իրենց առօրեայ կեանքին մէջ հեռու կը մնան հայկականութենէ, ուստի այս անհատները եւս պէտք է ներգրաւել պատանեկան միութիւններու աշխատանքներուն մէջ: Վարիչի դերակատարութեան անդրադառնալով` ան խօսքը եզրափակեց ըսելով, թէ վարիչը պատանիին համար փորձառու եւ տիպար է:
Սեմինարի երկրորդ զեկուցաբերն էր Շաղիկ Խիւտավերտեան, որ ներկայացուց «Պատանեկան տարիքի մարտահրաւէրներ. հոգեբանական, մանկավարժական, ընկերային» նիւթը, որմէ ետք Լենա Արապօղլեան իր անձնական փորձառութենէն մեկնած խօսեցաւ «Վարիչի դժուարութիւններուն եւ նկարագիրին» նիւթին մասին: Սեմինարի չորրորդ օրակարգը խմբային աշխատանք մըն էր, զոր վարեց Լուիզա Պապոյեան-Ազեզեան` նիւթ ունենալով «Պատանիները հետաքրքրող նիւթեր պատրաստելու եւ զանոնք արդիական ձեւերով ներկայացնելու անհրաժեշտութիւնը»: Սեմինարի վերջին օրակարգով Շանթ Յարութիւնեան ներկայացուց Լիբանանի պատանեկան միութիւններու կանոնագիրը, ժողովավարական կանոնները եւ ընդհանուր կազմակերպական գիտելիքներ: Սեմինարը վերջ գտաւ երեկոյեան ժամը 6:30-ին:


