«Ազդակ»-ի խմբագրութեան կազմակերպած լրագրութեան վարժողական ծրագիրը կը շարունակուի հաստատ ու կայուն քայլերով:
Այդ ծրագիրը երէկ «Ազդակ»-ի խմբագրատան մէջ հիւրընկալեց Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանը, որ «Ապագայ լրագրողներ»-ուն մատուցեց շահեկան դասախօսութիւն մը:
Համաշխարհայնացման ու բոլորին, յատկապէս երիտասարդներուն եւ ուսանողներուն կեանքին մէջ անոր ազդեցութեան մասին լայն տեղեկութիւններ եւ ճշմարտութիւններ յայտնելէ ետք, վեր. դոկտ. Հայտոսթեան կեդրոնացաւ համաշխարհայնացման եւ հայկական կրթակարգի հիմնախնդիրներուն վրայ:
Մտերմիկ մթնոլորտի մէջ ընթացած այս դասախօսութեան ընթացքին վեր. Հայտոսթեան պատմեց, թէ մամուլին հետ իր կապը ինչպէ՛ս սկսած է եւ ապագային ինչպէ՛ս զարգացած, երբ ան կրցած է կողմնորոշուիլ, թէ ի՛նչ աղբիւրներու պէտք է դիմէ եւ ի՛նչ մեթոտներ օգտագործէ` ճշգրիտ տեղեկութիւններ ստանալու եւ տարբեր նիւթերու ուղղակիօրէն ծանօթանալու համար:
Վեր. Հայտոսթեան նշեց, որ թէեւ համաշխարհայնացումը սահմանները փլուզած է եւ ստեղծած մեծ դիւրութիւններ, ճկունութիւն ու առատութիւն` տնտեսական մարզին պարագային, տեղեկութիւններու եւ հաղորդակցութեան իմաստով: Այս մասին խօսելով` վեր. Հայտոսթեան ընդգծեց տեղեկութիւններու առատութեան պարագային ապատեղեկատուութեան յայտնութիւնը եւ անոր լարած ծուղակներն ու գործած աւերները:
«Սակայն իսկական այս յեղափոխութեան կողքին, համաշխարհայնացումը ցնցեց մարդկային բոլոր արժէքները, պատճառեց ընկերային խախտում եւ ընտանեկան հաղորդակցութեան հարց », ըսաւ ան:
Շօշափելի օրինակներով հարուստ զեկուցումին ընդմէջէն վեր. Փոլ Հայտոսթեան անդրադարձաւ նաեւ կրթական եւ ուսումնական համակարգին, քաջալերելով անկախ աշխատելու կարեւորութիւնը` աշակերտական տարիներէն իսկ:
Վեր. Հայտոսթեան խրախուսեց «Ապագայ լրագրողներ»-ը յատուկ խնամքով մօտենալու լեզուի ճշգրտութեան եւ մտքի յստակութեան, պարզութեան ու պայծառութեան:
«Դուք պէտք է վստահիք ձեր ճկունութեան, գիտականութեան, առարկայականութեան եւ այժմէականութեան: Պէտք է նկատի առնել ամէն ինչ եւ ձեր գրածը ուրիշին ակնոցով դիտելու վրայ աշխատիլ: Այս մօտեցումները համաշխարհայնացած աշխարհին մէջ վարուելու բանալիներէն մէկն է», եզրափակեց ան:


