ՀՅ Դաշնակցութեան Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի հաստատած Ազգային ինքնութեան ամրապնդման ֆոնտը սեպտեմբեր ամսուան ընթացքին ընդառաջած է 18 դիմումի, մինչ մայիս, յունիս, յուլիս եւ օգոստոս ամիսներուն ընթացքին ֆոնտէն օգտուելու իրաւունքին արժանացած է 114 պարագայ:
Այսպէս, Հայ ընտանիքի կազմութեան ֆոնտին (պսակադրութեան) դիմում կատարած են 7 զոյգեր, որոնք պայմանները լրացուցած ըլլալով արժանացած են ֆոնտէն օգտուելու իրաւունքին:
Հայ մանուկի ֆոնտին (մկրտութեան) դիմում կատարած են 11 պարագաներ, որոնք արժանացած են ֆոնտէն օգտուելու իրաւունքին:
Ընտանիքի բազմացման ֆոնտին դիմում չէ կատարուած:
Այս ձեւով մայիս, յունիս, յուլիս, օգոստոս եւ սեպտեմբեր ամիսներուն Ազգային ինքնութեան ամրապնդման ֆոնտի յատկացումին արժանացած են 132 հայեր:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ


