Երեքշաբթի, 26 սեպտեմբերի առաւօտեան ժամը 7:30-ին դարձեալ հնչեց ՀԲԸՄ-ի Պօղոս Գ. Կարմիրեան վարժարանի զանգը` ուսումնական նոր տարեշրջանի մը ուրախալի սկիզբը յայտարարելով: Այս տարի իւրայատուկ է անով, որ Ա. կարգի աշակերտներուն կրթական ծրագիրը պիտի գործադրուի արդիական-այ.փէտ.-ներու օգտագործմամբ:
Աշակերտները ուրախութեամբ եւ խանդավառութեամբ կը փութային իրենց սիրելի եւ հարազատ երկրորդ տունը` դիմաւորելու աշխատանքով բեղուն տարի մը:
Տէրունական աղօթքի եւ ՀԲԸՄ-ի քայլերգէն ետք վարժարանի տնօրէն տիկին Մարալ Պալեօզեանը ողջունեց եւ բարի գալուստ մաղթեց աշակերտներուն եւ փորձեց բացատրել աշակերտներուն` անոնց պարտականութիւններն ու պարտաւորութիւնները:
Նոյն օրը կատարուեցան նաեւ մանկապարտէզ վերամուտը: Մանկապարտէզի աշակերտները նախ աղօթեցին, ապա մանկապարտիզպան Սոնիա Տեյիրմենճեան բարի գալուստի խօսքերով ողջունեց զիրենք ու բարի վերամուտ մաղթեց բոլորին` ցանկալով գործունէութեամբ հարուստ կրթական տարեշրջան մը:
Երեխաները, դասարան առ դասարան, իրենց դաստիարակներուն գլխաւորութեամբ ուղղուեցան դէպի իրենց գեղեցիկ, լուսաւոր ու բծախնդրօրէն զարդարուած դասարանները:
Կէսօրին բոլոր աշակերտները նկարուեցան իրենց ուսուցչուհիներուն հետ ու տուն մեկնեցան գունաւոր փուչիկներով եւ վերամուտը խորհրդանշող ձեռային աշխատանքներով:




