Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պուրճ Համուտի Մէջ Գոյատեւող Արհեստներու Ցուցադրութիւն` «Պատկեր» Կեդրոնին Մէջ

July 16, 2018
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Համագործակցութեամբ «Նահնու» կազմակերպութեան եւ «Պատկեր» հայ մշակոյթի ժառանգութեան կեդրոնին, ապրիլեան ոգեկոչման նուիրուած 2,5 ամսուան տեւողութեամբ երկարած` «Հայ ժողովուրդը ողջ է» նիւթով ծրագիրներու փակումը տեղի ունեցաւ «Պատկեր»-ի  մէջ շաբաթ, 14 յուլիսին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00, Պուրճ Համուտի մէջ գոյատեւող արհեստներու ցուցադրութեամբ:

Արդարեւ, 11 արհեստաւորներ Պուրճ Համուտի մէջ գոյատեւող արհեստներու ընդմէջէն ցուցաբերեցին Պուրճ Համուտի ոգիին յիշողութիւնը:

Մասնակցող արհեստաւորներն էին Պետրոս եւ Րաֆֆի Քէշիշեաններ, որոնք յատուկ մեքենաներով փայտ կը տաշեն եւ յատուկ գործիքներ կը շինեն, Յակոբ Քէշիշեան, որ արական սեռի համար յատուկ մորթով եւ ձեւերով կօշիկներ կը շինէ, Ռեն Պտրան, որ հագուստ ձեւաւորող է եւ ծանօթանալով հայկական հագուստներու, անոնց վրայէն հագուելիք գոգնոցներ շինեց, Րաֆֆի Փամպուքեան, որ կանացի կօշիկներ կը շինէ յատուկ մորթով եւ ձեւերով, որոնք կը վաճառուին անուանի հաստատութիւններու մէջ, Նուպար Էսքիճեան պրոնզով թափցու կաղապարներ կը շինէ ընդհանուր յարդարանքի մասնագէտներու հետ: Յովիկ Քիւփէլեան Իտալիոյ եւ Ֆրանսայի մէջ փորձառութիւններ հաւաքած է եւ պզտիկներու ու կիներու կօշիկներ ձեւաւորող է: Փիթըր Խաչերեան ոսկերիչ է, նկարիչ, նաեւ ծխամորճ կը շինէ: Ան հինգ տարիէ կ՛ուսումնասիրէ, թէ ի՛նչ փայտով պէտք է շինէ ծխամորճը, որպէսզի երկար դիմանայ եւ չմարի: Ան նաեւ կը փորագրէ ծխամորճները: Թալին Տէյիրմէնճեան գորգ եւ հաստոց (քիլիմ) նորոգող է: Թալին Սեֆիլեան դարձեալ գորգի եւ հաստոցի վրայ կ՛աշխատի: Երուանդ Հաւարեան ժամանակին շարժապատկերներու մեծ աֆիշներ կը շինէր: Տակաւին հետաքրքրուած է գծագրութեամբ,  նաեւ եկեղեցիներու խորաններուն վրայ կը գծէ:

Ներկաները մեծ հաճոյքով դիտեցին ներկայացուած արհեստները եւ հարցումներու ճամբով ստացան յաւելեալ լուսաբանութիւններ` իւրաքանչիւրին մասին:

Աւարտին տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ` մասնակցութեամբ արհեստաւորներուն եւ ներկայ ժողովուրդին:

 

Նախորդը

2018-ի Մոնտիալ – 20 Տարուան Սպասումէ Մը Ետք Ֆրանսա Դարձեալ Հանդիսացաւ Աշխարհի Ախոյեան` 4-2 Արդիւնքով Յաղթելէ Ետք Խրուաթիոյ

Յաջորդը

Մըզհերի Մէջ Բարձրանալիք Յուշարձանը Պիտի Արտացոլէ Միասնականութեան Գաղափարը

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Լիբանանի Մօտ Իրանի Դեսպանը
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Լիբանանի Մօտ Իրանի Դեսպանը

February 3, 2026
ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային Ներկայացուցչական 52-րդ Ժողով
Գաղութային

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային Ներկայացուցչական 52-րդ Ժողով

February 3, 2026
Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի Հերթական Առցանց Նիստ
Գաղութային

«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի հերթական առցանց նիստ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.