Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վահրամ Բալայեան Ընդունած Է Համազգային Ուսանողական Ֆորումի Անդամները

July 17, 2018
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի փոխնախագահ, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Վահրամ Բալայեան երէկ` 16 յուլիսին ընդունած է Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան ուսանողական ֆորումի մասնակիցները:

Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ Համազգայինի արցախեան գրասենեակի պատասխանատու Հերմինէ Աւագեանը:

«Նմանատիպ հանդիպումները կարելիութիւնը կ՛ընձեռեն սփիւռքահայ երիտասարդներուն մօտէն ծանօթանալու Արցախին եւ միաժամանակ ուրուագծելու ընելիքներ` հայութեան երեք թեւերու միացեալ ջանքերով իրականացնելու համար», նշած է Վ. Բալայեան` յատկապէս կարեւոր նկատելով վերաբնակեցման բնագաւառին մէջ միասնական աշխատանքի անհրաժեշտութիւնը:

Վահրամ Բալայեան ամփոփ տեղեկութիւններ ներկայացուցած է Արցախի պատմութեան, քաղաքական եւ տնտեսական կացութեան մասին, անդրադարձած է Ազգային ժողովի գործունէութեան, արտաքին կապերուն եւ բարեկամական խումբերուն: Խօսած է նաեւ ՀՅԴ-ի  կատարած աշխատանքներուն եւ ընելիքներուն մասին:

Հանդիպումի աւարտին Արցախ գտնուող 8 երկիրներէ թիւով 32  երիտասարդներ իրենց հարցումները ուղղած են Ազգային ժողովի  փոխնախագահ Վահրամ Բալայեանին: Բարձրացուած հարցերը կը վերաբերէին երիտասարդական, գիւղատնտեսական եւ մարդու իրաւունքներու մարզերուն:

Նշենք, որ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան ուսանողական ֆորումի մասնակիցները պաշտօնական հանդիպումներէն բացի պիտի այցելեն զօրամաս, թանգարաններ եւ Արցախի պատմամշակութային վայրեր:

 

Նախորդը

Բռնակալ, Ազգայնամոլ Եւ Պատեհապաշտ Էրտողանի Դիմաց Պիղատոսները Թարանթելլա Կը Պարեն

Յաջորդը

Վատիկանի Մէջ Լիբանանի Նոր Նշանակուած Դեսպանը Այցելեց Վեհափառ Հայրապետին

RelatedPosts

Միացեալ Նահանգներու Մէջ`  Միջանկեալ Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մէջ` Միջանկեալ Ընտրութիւններ

November 4, 2026
Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն  Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»

November 4, 2026
Իրանեան Զինեալ Ուժերու  Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց.  «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի  Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ  Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»
Գլխաւոր լուրեր

Իրանեան Զինեալ Ուժերու Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց. «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.