Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համազգայինի «Գուսան» Երգչախումբի Խմբերգային Հունձքի Ելոյթը

Յուլիս 18, 2018
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` երեքշաբթի, 17 յուլիս 2018-ին, Պուրճ Համուտի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Համազգայինի «Գուսան» երգչախումբի խմբերգային հունձքի ելոյթը` խմբավարութեամբ Գրիգոր Ալոզեանի եւ երգեհոնի ընկերակցութեամբ Յասմիկ Գասպարեանի:

Երգչախումբը բարձր կատարողութեամբ մեկնաբանեց հետեւեալ երգերը. Մ. Եկմալեանի պատարագէն հատուած «Հայր մեր», «Միայն սուրբ», «Ամէն: Հայր սուրբ», մենակատարներ` Շողիկ Թորոսեան, Յարութ Գալօղլեան, Սիրան Արծրունի, «Մատեան ողբերգութեան» բան Ձ, Բ. մաս, մենակատար` Շողիկ Թորոսեան, «Հունձք», «Իմաստութիւն Հօր», «Քնիր իմ բալիկ», «Ես քեզ տեսայ», «Մայրիկին եազմա բերին», «Բութինիայի օրօրոցային», մենակատար` Մարալ Շաննագեան, Յակոբ Քելուկեան (տուտուկ), «Նարօ ջան», մենակատարներ` Շողիկ Թորոսեան, Կարօ Քելեշեան, Աւետիս Ագրապեան, «Քալինքա», մենակատար` Կարինէ Անդրանիկեան, Ռիթա Աստիքեան (ջութակ), «Կողբայ եայլի», «Կիւլօ», մենակատար` Գէորգ Քէօշկերեան, Յակոբ Քելուկեան (տուտուկ), «Թիփի բորան», մենակատար` Խաչիկ Գրիգորեան, «Կիլիկիա», մենակատար` Աւետիս Ագրապեան, «Ես լսեցի մի անուշ ձայն» եւ կոմիտասեան շարք մը:

Ելոյթի աւարտին սրտի խօսքով հանդէս եկաւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան: Ան իր հիացմունքը յայտնեց խմբավար Գրիգոր Ալոզեանին եւ «Գուսան» երգչախումբին` ժողովուրդին հրամցուցած գեղեցիկ երեկոյին առիթով: Ան ըսաւ, որ «երբ կը մտածենք, թէ մեր շուրջ երգչախմբային մշակոյթը կը շիջի, ահաւասիկ «Գուսան» երգչախումբը կու գայ փաստելու, թէ տեղի կ՛ունենայ հակառակը` յամառ աշխատանքով, հաւատալով եւ հայ արժէքներուն հանդէպ ցուցաբերած նախանձախնդիր ոգիով եւ նուիրուածութեամբ»:

Ան ըսաւ, թէ հայ երաժշտութեան բնօրրանը, հարազատ տունը հայ եկեղեցին է, հայ հոգեւոր, ժողովրդային եւ դասական երաժշտութիւնը տարբեր հարազատութեամբ կը լսուին հայ եկեղեցւոյ մէջ:

Խօսքի աւարտին ան շնորհաւորեց Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը հայ արժէքներու պահպանման առիթով եւ ըսաւ, թէ պէտք է մերօրեայ աշխարհին մէջ պահպանել այն, ինչ որ մերն է, որպէսզի հայ արժէքները փոխանցուին սերունդէ-սերունդ:

 

Նախորդը

Մոհամետ Մարգարէի Եւ Իր Յաջորդներուն Հրովարտակները` Տրուած Երուսաղէմի Հայոց Սուրբ Յակոբեանց Պատրիարքութեան

Յաջորդը

Վատիկանի Արտաքին Գործոց Նախարարը Անդրադարձաւ Հայոց Ցեղասպանութեան

RelatedPosts

Ակնարկ.  Մինչեւ 15 Մայիս
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Մինչեւ 15 Մայիս

Մայիս 11, 2025
Պէյրութի Քաղաքապետական Ընտրութիւններու  «Պէյրութը Մեզ Կը Համախմբէ»  Համախոհական Ցանկի Ներկայացում
Գլխաւոր լուրեր

Պէյրութի Քաղաքապետական Ընտրութիւններու «Պէյրութը Մեզ Կը Համախմբէ» Համախոհական Ցանկի Ներկայացում

Մայիս 10, 2025
«Շուշի. Վերադարձ Լինելու Է» Խորագիրով  Ձեռնարկ` Նուիրուած Շուշիի Ազատագրութեան Օրուան
Գլխաւոր լուրեր

«Շուշի. Վերադարձ Լինելու Է» Խորագիրով Ձեռնարկ` Նուիրուած Շուշիի Ազատագրութեան Օրուան

Մայիս 10, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?