Տարիներու աւանդութիւն դարձած ԼՕԽ-ի Կազդուրման կայանի ամրան ծրագիրը այս տարի եւս ընթացք առաւ երկուշաբթի, 6
օգոստոս 2018-ին, Այնճարի ԼՕԽ-ի «Ալեքսան եւ Արաքսի Գլպաշեան» կազդուրման կայանի շէնքին մէջ:
Կազդուրման կայանի հովանիին ներքեւ 6-12 տարեկան փոքրիկներ իրենց պատասխանատուին եւ օգնականներուն հետ, միասնաբար երեք շաբաթներու վրայ տեւող դաստիարակչական, ընկերային թէ ազգային ծրագիրին ընդմէջէն աւելի մօտէն պիտի ծանօթանան իրարու եւ հաճելի ժամեր անցընեն:
Ծրագիրը առիթ պիտի տայ նաեւ փոքրիկներուն, որ օգտուին Այնճարի կլիմայէն եւ լաւապէս կազդուրուած վերադառնան իրենց բնակարանները 26 օգոստոս 2018-ին:
ԼՕԽ-Ի ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ



