ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան եւ Կեդրոնական կոմիտէի անդամներ Վահրամ Բալայեան ու Վահագն Դադայեան նախօրէին հանդիպում ունեցած են ՀՅԴ Ֆրանսայի «Նոր սերունդ» երիտասարդական միութեան անդամներուն հետ:
Հանդիպումին քննարկուած են շարք մը հարցեր, որոնք առնչութիւն ունին Արցախի ճանաչման եւ այդ ուղղութեամբ սփիւռքահայ երիտասարդութեան աշխատանքներուն:
Նշենք, որ վերոնշեալ երիտասարդները արդէն 10 օր է Մարտունի քաղաքին մէջ կը կազմակերպեն ամառնային պատանեկան ճամբար` աւելի քան 150 պատանիներու համար: