Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զուիցերիոյ Նախագահին Ուղղելով Իր Խօսքը` «Լիբանանի Վերածաղկումին Մէջ Զուիցերիոյ Դերը Կենսական Է» Ըսաւ Արամ Ա. Կաթողիկոս

Օգոստոս 30, 2018
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երեքշաբթի, 28 օգոստոս 2018-ին, երկօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ Լիբանան եկած Զուիցերիոյ նախագահ Ալեն Պերսէ Տիմանի մէջ հանդիպում ունեցաւ Լիբանանի քրիստոնեայ եւ իսլամ հոգեւոր պետերուն հետ: Հանդիպումին սկիզբը յաջորդաբար խօսք առին մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը եւ Զուիցերիոյ նախագահը:

Ապա խօսք առնելով Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը յայտնեց, թէ «արեւմուտքի Զուիցերիոյ ու արեւելքի Զուիցերիոյ` Լիբանանի այս հանդիպումը իւրայատուկ նշանակութիւն մը ունի հասարակաց աւանդութիւններ ու արժէքներ ունեցող այս երկու երկիրներուն համար: Լիբանանը միշտ նկատուած էր արեւելքի Զուիցերիան` իր կրօնական, մշակութային ու ցեղային բազմազանութեամբ, քաղաքական չէզոքութեամբ եւ կամուրջի դերակատարութեամբ արեւելքի ու արեւմուտքի միջեւ: Սակայն, ուրիշներ փորձեցին քանդել Լիբանանը, դժբախտաբար լիբանանցիներու ձեռքով: Սակայն Լիբանանը չկորսնցուց իր իւրայատկութիւնը: Անհրաժեշտ է վերականգնել Միջին Արեւելքի Զուիցերիան, եւ Զուիցերիոյ դերը այս ուղղութեամբ կը նկատեմ էական»:

Վեհափառ հայրապետը յայտնեց, որ ինք Զուիցերիան մօտէն կը ճանչնայ` հոն ուսանած ըլլալով, ինչպէս նաեւ 15 տարիներ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդին ատենապետութիւնը վարելով ծանօթ է անոր ունեցած առաւելութիւններուն եւ մանաւանդ այն հասարակաց արժէքներուն, որոնք գոյութիւն ունին Զուիցերիոյ ու Լիբանանի միջեւ: Ապա, վեհափառ հայրապետը ողջունեց Զուիցերիոյ նախագահին թերթին մէջ լոյս տեսած յօդուածը, ուր յստակ կերպով պատրաստակամութիւն կը յայտնէ շարունակելու օգտակար հանդիսանալ սուրիացի գաղթականներուն: Այս ծիրին մէջ վեհափառ հայրապետը ըսաւ. «Թէ՛ պաղեստինցի եւ թէ՛ սուրիացի գաղթականները լիբանանցին կը նկատէ իր եղբայրներն ու քոյրերը, իր կարելիութիւնները լայնօրէն տրամադրեց անոնց, սակայն անոնց իրաւունքն է վերադառնալ իրենց երկիրները` Պաղեստին եւ Սուրիա: Հետեւաբար, մէկ կողմէ մարդասիրական օգնութիւնը պէտք է շարունակել իբրեւ միջոց եւ միւս կողմէ պէտք է աշխատիլ, որ անոնք վերադառնան իրենց երկիրները: Յատկապէս Լիբանանի մէջ, իբրեւ համայնքային դրութիւն ունեցող երկիր, մեծ թիւով գաղթականներու ներկայութիւնը կրնայ համայնքային ու քաղաքական լուրջ հետեւանքներ ունենալ: Մարդասիրական օժանդակութիւն եւ քաղաքական որոշում պէտք է սերտօրէն ներդաշնակուին»:

Խօսելով Լիբանանի դիմագրաւած դժուարութիւններուն մասին` վեհափառ հայրապետը յիշեցուց Զուիցերիոյ նախագահին, թէ «Լիբանանը մէկ ընտանիք է. նոյն ընտանիքին մէջ ներքին դժուարութիւնները բնական են. սակայն, Լիբանանի դիմագրաւած լուրջ հարցերը ուրիշներուն հարցերն են: Յատկապէս համաշխարհայնացած ներկայ աշխարհին մէջ, Միջին Արեւելքի մէջ առկայ հարցերը, առճակատումները իրենց հետեւանքները կ՛ունենան Լիբանանի մէջ: Դժբախտաբար, լիբանանցիները սովոր են հարցերուն հետ գոյակցիլ, փոխանակ հաւաքական ճիգով այդ հարցերուն լուծման ճամբաներ որոնելու: Այս ծիրին մէջ, Լիբանանի ներքին միասնականութեան ամրապնդումը, բոլոր կողմերը ներկայացնող կառավարական կազմութիւնը, շրջանի հարցերէն առաւելագոյն չափով հեռու մնալու ճիգը Լիբանանի համար պէտք է դառնայ ինքնահզօրացման ամէնէն ազդու կերպը»:

Իր խօսքի աւարտին, վեհափառ հայրապետը դարձեալ շեշտեց երկու երկիրներուն միջեւ գործակցութեան ամրապնդման կարեւորութիւնը:

Հանդիպումէն ետք տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ, որուն ընթացքին վեհափառ հայրապետը առիթ ունեցաւ նախագահին հետ զրուցելու քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան, Միջին Արեւելքի առնչուած հարցերուն եւ Հայաստանի ներքին կացութեան առնչուած նիւթերուն մասին:

Յայտնենք, որ յառաջիկայ հոկտեմբերին վեհափառ հայրապետին Զուիցերիա տալիք պաշտօնական այցելութեան առիթով, Զուիցերիոյ նախագահը փափաք յայտնեց հանդիպելու կաթողիկոսին հետ` Պեռնի մէջ:

 

 

Նախորդը

Անդրադարձ. Հայաստանի Հանրապետութիւն – 100-ամեակ. Ինչպէ՞ս Մերժուեցաւ Հայաստանի Հոգատարութիւնը` «Յառաջ» Օրաթերթի 17 Յուլիս 1920-ի Լրատուութիւնը

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Եւ Արցախի Հանրապետութեան Նախագահ Բակօ Սահակեանին Միջեւ Հեռաձայնային Խորհրդակցութիւն

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ

Հոկտեմբեր 22, 2025
«Սուրբ Մալոյեան Չվարանեցաւ Ընտրել Իր Տէրը` Նոյնիսկ Իր Սեփական Արիւնը Թափելու Գնով»   Շեշտեց Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը
Գաղութային

«Սուրբ Մալոյեան Չվարանեցաւ Ընտրել Իր Տէրը` Նոյնիսկ Իր Սեփական Արիւնը Թափելու Գնով» Շեշտեց Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը

Հոկտեմբեր 22, 2025
Ճիւնիի Ս. Յարութիւն Եկեղեցի.   Յարգանք Բարերարներուն Եւ Անոնց Ննջեցեալներուն
Գաղութային

Ճիւնիի Ս. Յարութիւն Եկեղեցի. Յարգանք Բարերարներուն Եւ Անոնց Ննջեցեալներուն

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?