Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանի Հայոց Թեմի Նորընտիր Առաջնորդ Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան Արժանացաւ Ժողովրդային Ընդունելութեան

Սեպտեմբեր 3, 2018
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` կիրակի 2 սեպտեմբեր 2018-ին Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ մէջ Լիբանանի հայոց թեմի նախկին առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան    մատուցեց հրաժեշտի Ս. պատարագ: Ներկայ էին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան, Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամ, երեսփոխան Յակոբ Թերզեան, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան, հայ քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ եւ հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը: Պատարագի ընթացքին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, Ս. Նշան ժամանեց Լիբանանի հայոց թեմի նորընտիր առաջնորդ Նարեկ արք. Ալեէմէզեան, որ արժանացաւ ժողովրդային ընդունելութեան, որմէ ետք ան մուտք գործեց եկեղեցի:

Լիբանանի հայոց թեմի նախկին առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան ողջունելէ ետք նորընտիր առաջնորդը, գոհունակութեամբ փառք տուաւ Աստուծոյ` Լիբանանի հայոց թեմի կեանքին մէջ շուրջ հինգ տարիներու իրեն վիճակուած ծառայութեան առիթին համար: Սրբազանը նկատել տուաւ, որ իր պաշտօնավարութեան աւարտին Նարեկ արք. Ալեէմէզեանի  ընտրութեան բարեբաստիկ տնօրինումին ընդմէջէն աւելի մեծ վստահութեամբ կը նայի Լիբանանի հայոց վաղուան կեանքին: Խօսքը ուղղելով նորընտիր առաջնորդին` Շահէ եպս. Փանոսեան ամբողջ լիբանանահայութեան անունով ողջունեց զայն նուիրական այդ միջավայրին մէջ` վստահեցնելով, որ անոր ընտրութիւնը յուսավառ իրադարձութիւններու առաջնորդող հանգրուան մը պիտի ըլլայ լիբանանահայ կեանքին համար: Ան մաղթեց, որ երկնային օրհնութիւնը պահապան ըլլայ նորընտիր առաջնորդին, որպէսզի ան կարենայ ազգային իշխանութիւններուն հետ գործակցաբար յաւելեալ ճիգով լիբանանահայ կեանքին մէջ բերէ նոր խանդ ու նոր եռանդ, իսկ մեր ժողովուրդը վերակենդանանայ հաւատքով, տեսիլքով, երազներով, իղձերով եւ իտէալներով: Շահէ եպս. Փանոսեան ըսաւ. «Շուրջ հինգ տարի առաջ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին անունով, իբրեւ նորընտիր առաջնորդ Լիբանանի հայոց թեմին, անձամբ զիս ողջունեցիք Լիբանանի հայոց թեմէն ներս եւ ինծի յանձնեցիք առաջնորդական պատմական այս ասան` մաղթելով, որ մեր եկեղեցւոյ եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան վիճակուած առաքելութեան համապատասխանող գիտակցութեամբ զայն կրեմ, նուիրումով վարելով ինծի վստահուած առաջնորդական պատասխանատու գործը: Այժմ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի, Լիբանանի հայոց թեմի ազգային իշխանութիւններուն ու ողջ հայութեան անունով պատիւը ունիմ պատմական այս սրբավայրին մէջ վստահութեան հոգիով ձեզի փոխանցելու առաջնորդական այս ասան, որպէսզի Աստուծոյ օգնականութեամբ դուք կարենաք զայն կրել խիզախօրէն, ամուր կեցուածքով ու հաւատքի զօրութեամբ` երաշխաւորելու համար ձեզի յանձնուող հօտին անդամները, որոնք, ինչպէս լաւ գիտէք, կեանքի տեսակաւոր տագնապներուն դիմաց կը մնան անշեղ ու անվրդով իրենց հաւատքին ու ազգային գիտակցութեան մէջ», հաստատեց Շահէ եպս. Փանոսեան եւ  հրաւիրեց նորընտիր առաջնորդը, որ իր անդրանիկ պատգամով ջերմացնէ հաւատացեալ ժողովուրդին հոգին:

Նորընտիր առաջնորդ Նարեկ արք. Ալեէմէզեան փառք տուաւ Աստուծոյ, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբանութեան իր հոգեւոր եղբայրներուն մէջէն զինք յարմար նկատած էր ստանձնելու Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդութիւնը: «Այս մէկը ցուցանիշ չէ իմ արժանաւորութեանս, այլ` աստուածային տնօրինութեան», հաստատեց սրբազան հայրը եւ համեստօրէն դիմելով Աստուծոյ խնդրեց, որ իրեն իմաստութիւն պարգեւէ, որպէսզի կարենայ առաջնորդել իր ժողովուրդը եւ զատորոշել բարին ու չարը: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Արամ Ա. կաթողիկոսին, որովհետեւ ան միշտ իր հայրական խնամքով պարուրած է զինք եւ մէկ օր առաջ իր հայրական օրհնութեամբ հաստատած է առաջնորդական այս ընտրութիւնը: «Կը խոստանամ, որ Անթիլիասի միաբանի ուղեգիծով եւ նոր եռանդով պիտի շարունակեմ իմ ծառայութիւնս», ըսաւ նորընտիր առաջնորդը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Լիբանանի հայոց թեմի երեսփոխանական ժողովին, որ լիբանանահայութեան վստահութիւնը արտայայտող իր քուէով զինք առաջնորդ ընտրած էր: Սրբազանը եղբայրական ջերմ սիրով ողջունեց նաեւ Շահէ եպս. Փանոսեանը, որ վերջին հինգ տարիներուն ձեռնհասօրէն վարած էր Լիբանանի թեմի առաջնորդութիւնը եւ բոլորին անունով անոր մաղթեց յաջողութիւն իր ստանձնելիք նոր պարտաւորութիւններուն մէջ: Ան նաեւ ողջունեց իր հոգեւոր եղբայրները, թեմի ազգային իշխանութիւնը եւ ծուխերը` իրենց բոլոր միաւորներով, լիբանանահայ կեանքին մէջ գործող բոլոր կառոյցները, հայ կաթողիկէ եւ հայ աւետարանական եկեղեցիներու հոգեւոր դասը եւ հաւատացեալները, Լիբանանի պետական իշխանութիւնը եւ Լիբանան գտնուող ու լիբանանեան համակեցութիւնը երաշխաւորող իսլամ ու քրիստոնեայ բոլոր համայնքները եւ լիբանանահայութիւնը` աւելցնելով, որ զիրենք բոլորը կը նկատէ իր անմիջական գործակիցները եւ կ՛ապաւինի անոնց աղօթքներուն եւ զօրակցութեան: Սրբազան հայրը` անդրադառնալով Արցախի անկախութեան 27-ամեակին, շնորհաւորեց ազատ եւ անկախ Արցախը, հայրենի պետութեան եւ մեր հերոս ժողովուրդին վստահեցնելով, որ լիբանանցիք մի՛շտ իրենց կողքին են:

Նորընտիր առաջնորդ սրբազան հայրը` անդրադառնալով օրուան ճաշու Աւետարանին, որ կ՛ըսէր. «Դուք տուէք ժողովուրդին ուտելիքը», պատմեց այդ դէպքը` շեշտը դնելով Յիսուսի կատարած հրաշքին վրայ, երբ ան կերակրեց 5000 հոգին. ան նշեց, որ այդ դէպքը կ՛առնչուի մեր հաւաքական կեանքին եւ մենք պէտք է մեր հացէն բաժին հանենք կարօտեալներուն, նաեւ մեր կեանքին մէջ որքան ալ ճոխ սեղաններու ետին գտնուինք, Ս. պատարագն է, որ մեր հոգեկան յագուցումը պիտի կարենայ ամբողջացնել: Սրբազանը շեշտեց, որ մենք կը պատկանինք իրարու եւ այդ պատկանելիութիւնը պատասխանատուութեամբ, ծառայութեամբ եւ մասնակցութեամբ կը վերածուի հաւաքական առաքելութեան:

Իր խօսքին մէջ սրբազան հայրը նաեւ յայտնեց, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբանութեան միակ փառքը իր անձնուէր ծառայութիւնն է մեր սիրեցեալ ժողովուրդին` աւելցնելով, որ Հայոց ցեղասպանութենէն ետք, երբ Կիլիկիոյ աթոռը հասաւ Անթիլիաս, իր առաջնագոյն պարտականութիւնը նկատեց դպրեվանքի բացումը, որպէսզի մեր ժողովուրդը հոգեւոր եւ ազգային անդաստաններէ ներս անհովիւ եւ անառաջնորդ չմնայ: «Մենք կը հաւատանք, որ եթէ կ՛ուզենք հայ քրիստոնեայ ազգ ունենալ, անպայմանօրէն նախ պէտք է նուիրեալ հոգեւորականութիւն ունենալ: Այս մտածումով ես կը խոստանամ իմ կարելիս ի գործ դնել, որպէսզի մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն հոգիի, միտքի եւ կեանքի սեղաններէն Աստուծոյ եւ ազգին ուտելիքը, այսինքն` Աստուծոյ խօսքը եւ մեր պատմութեան հոգեւոր, բարոյական եւ մտաւորական արժէքները չպակսին», շեշտեց սրբազան հայրը եւ, եզրափակելով իր խօսքը, հաւատացեալ ժողովուրդէն խնդրեց, որ աղօթեն իրեն համար, որպէսզի կարենայ իրեն վստահուած պատասխանատուութիւնը իր լրումի հասցնել` իր ուժերուն ամբողջ կարողականութիւնը ի սպաս դնելով իրենց ծառայութեան: Ան նաեւ վստահեցուց, որ իրենք ալ պիտի ըլլան իր մտածումներուն եւ աղօթքներուն մէջ:

Ս. պատարագի աւարտին Պէյրութի ազգային առաջնորդարանի դահլիճին մէջ Ազգային երեսփոխանները, Ազգային վարչութեան անդամները եւ նորընտիր առաջնորդը շնորհաւորութիւններ ընդունեցին մինչեւ յետմիջօրէի ժամը 2:00:

Նախորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «2 Սեպտեմբերին Ուրիշին Տրուած Մեր Իրաւունքին Վերատիրացանք` Հաւաքական Հաւատքով Ու Վճռակամութեամբ, Արեամբ Ու Իմացեալ Մահով»

Յաջորդը

Տերսիմ Հասած Քրտամէտ Կուսակցութեան Անդամներուն Արգիլուած Է Հրդեհի Գօտի Մուտք Գործել

RelatedPosts

Թրամփ Կազայի Պատերազմին Աւարտը Յայտարարեց
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Կազայի Պատերազմին Աւարտը Յայտարարեց

Հոկտեմբեր 15, 2025
Մաքրոն. «Աշխատանք Պիտի Տանինք Կազայի Մէջ Միջազգային Ուժ Տեղակայելու»
Գլխաւոր լուրեր

Մաքրոն. «Աշխատանք Պիտի Տանինք Կազայի Մէջ Միջազգային Ուժ Տեղակայելու»

Հոկտեմբեր 15, 2025
Ըստ «Տը Նեշընըլ»-ին.  Ապահովութեան Խորհուրդը Կը Քննարկէ Շարհի Եւ Խաթթապի Անունները ՄԱԿ-ի Պատժամիջոցներուն Ենթակայ Անուններու Ցուցակէն Ջնջելու Օրինագիծ Մը
Գլխաւոր լուրեր

Ըստ «Տը Նեշընըլ»-ին. Ապահովութեան Խորհուրդը Կը Քննարկէ Շարհի Եւ Խաթթապի Անունները ՄԱԿ-ի Պատժամիջոցներուն Ենթակայ Անուններու Ցուցակէն Ջնջելու Օրինագիծ Մը

Հոկտեմբեր 15, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?