Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԼՕԽ-ի Կազդուրման Կայանը «Անկախութեան Ժառանգորդը» Խորագրեալ Ամավերջի Հանդէսով Եզրափակեց 2018 Տարուան Իր Ծրագիրը

Օգոստոս 28, 2018
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանահայ օգնութեան խաչը իր բազմաբնոյթ եւ մարդասիրական գործունէութեանց ծիրին մէջ հայ մանուկին առանձնայատուկ տեղ կը յատկացնէ: Արդարեւ, ԼՕԽ-ը տարուան ընթացքին բազմաթիւ յայտագիրներով եւ ձեռնարկներով հայ մանուկները ապահով ու ուրախ մթնոլորտի մէջ կը պահէ` զանոնք մղելով նաեւ զարգանալու եւ հմտանալու իրենց ձիրքերուն մէջ: Այս առումով մանուկներու օրուան նշումը, ԼՕԽ-ի «Նարօտ Արտալճեան» գրադարանի գործունէութիւնը եւ Կազդուրման կայանի յայտագիրը լաւագոյնս կը բնորոշեն ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան հայ մանուկին առնչուող աչալուրջ եւ բծախնդիր ծրագիրին դաստիարակիչ նպատակը:

ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան նախաձեռնած Կազդուրման կայանը 2018 տարուան իր ծրագիրին մեկնարկը կատարեց 6 օգոստոսին: Մասնակցող մանուկները բաժնուեցան երեք խումբերու` «Կարս», «Աղթամար», «Սասուն», եւ երեք շաբաթներու դաստիարակիչ ծրագիրի իրականացման աւարտին Կազդուրման կայանի փոքրիկները 26 օգոստոսին հանրութեան ներկայացուցին ամավերջի հանդէս` Այնճարի «Ալեքսան եւ Արաքսի Գլպաշեան» կազդուրման կայանի շէնքի շրջափակին մէջ: Հանդէսի բնաբանն էր «Անկախութեան ժառանգորդը», ձօնուած` Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան 100-ամեակին:

Փակման հանդէսը սկիզբ առաւ Լիբանանի, Հայաստանի եւ ՀՕՄ-ի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութեամբ: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Կազդուրման կայանի պատասխանատու Ալիք Շաննաքեան: Ան նշեց, որ Կազդուրման կայանը տարիներէ ի վեր կը գործէ իբրեւ այն օճախը, որ կը հիւրընկալէ մանուկներ ամրան արձակուրդի ընթացքին, եւ անոնք կը հետեւին յատուկ ծրագիրի:

Շաննաքեան նշեց, որ ԼՕԽ-ը միշտ եղած է այն մեծ ընտանիքը, որ կը ծառայէ ու կ՛աշխատի հայ ընտանիքներուն համար: Ապա ան ըսաւ, թէ իրենք երեք շաբաթներու ընթացքին կազմեցին մէկ ընտանիք, որուն դժուար է հրաժեշտ տալ: Կազդուրման կայանի պատասխանատուն թուեց այն հիւրերը, որոնք իրենց այցելութեամբ գօտեպնդեցին զիրենք, ինչպէս` Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, Լիբանանի Մանուկներու ազգային մարմինի պատուիրակութիւնը` նախագահութեամբ դոկտ. Նուր Սալմանի, ԼՕԽ-ի «Նարօտ Արտալճեան» գրադարանի փոքրիկները եւ ԼՕԽ-ի զանազան մասնաճիւղերու ընկերուհիներ: Իր խօսքի աւարտին ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր բարերարներուն եւ ի մասնաւորի «Գլպաշեան» ընտանիքին:

Ապա ընթացք առաւ գեղարուեստական յայտագիրը: Կազդուրման կայանի «Կարս» խումբը ներկայացուց «Թող հնչէ շեփոր» երգը եւ բուրգ կազմեց, «Աղթամար» խումբը ներկայացուց «Սասնայ Եարխուշտա» պարը, իսկ «Սասուն» խումբը հանդէս եկաւ «Զարթօնք» պարով եւ դարձեալ բուրգ կազմեց: Աշակերտները օրուան խորհուրդին մասին թատերական ներկայացում մը կատարեցին:

Հուսկ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան խօսքը արտասանեց Ցօղիկ Հաւաթեան: Ան յայտնեց, որ Կազդուրման կայանը ԼՕԽ-ի առաքելութեան խօսուն մէկ պատկերն է: Հիմնադրութենէն մինչեւ օրս այս ծրագիրը կու գայ փաստելու, թէ ամէնամեայ այս ծրագիրը սատար կը հանդիսանայ հայ ընտանիքին, հայ մանուկին ու պատանիին` առիթ ընծայելով անոնց ըլլալու ընկերային հաճելի մթնոլորտի մէջ: Ան նշեց, որ հայաշունչ այս միջավայրին մէջ երեք շաբթուան ամառնային արձակուրդ անցընելը բախտաւորութիւն է, իսկ ծնողներուն վստահութիւնը ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան աւելի մեծ բախտաւորութիւն  եւ ուրախութիւն է:

Ցօղիկ Հաւաթեան լուսարձակի տակ առաւ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան կազմակերպած ձեռնարկները եւ յայտնեց, որ այս ձեռնարկներուն յաջողութեամբ է, որ Կազդուրման կայանը կ՛ուռճանայ եւ կենդանութիւն կը ստանայ: Իր խօսքը ուղղելով Կազդուրման կայանի երեխաներուն` Ց. Հաւաթեան ըսաւ, թէ` դուք էք այս կեդրոնին յոյսը, լոյսը, աւիշը եւ ապագան:

Իր խօսքի աւարտին ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր բարերարներուն, յատկապէս Գլպաշեան ընտանիքին, Կազդուրման կայանի պատասխանատուներուն եւ օգնականներուն` իրենց բծախնդիր աշխատանքին համար:

Աւարտին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն, իսկ երեխաները մեկնեցան իրենց տուները ծնողներուն ընկերակցութեամբ` յառաջիկայ տարի դարձեալ հանդիպելու յոյսով:

 

Նախորդը

Լուսահոգի Գարեգին Առաջին Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի Ծննդեան Տարեդարձի Առիթով

Յաջորդը

Թուրքիոյ Ներքին Գործոց Նախարարը` Փայլանի Մասնակցութեամբ Ոստիկաններու Հետ Բախումի Միջադէպին Մասին

RelatedPosts

Հաղորդագրութիւն
Գաղութային

Հաղորդագրութիւն

Մայիս 12, 2025
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»-ը Աւարտեց Իր Երկօրեայ Աշխատանքները
Գաղութային

Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի Նիստին Քննարկուեցան Ցեղասպանութեան 110-Ամեակին Առնչուած Յայտարարութիւններն ու Աշխատանքները

Մայիս 12, 2025
Արամ Ա. Կաթողիկոս Շնորհաւորեց  Լեւոն ԺԴ. Նորընտիր Պապը
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Շնորհաւորեց Լեւոն ԺԴ. Նորընտիր Պապը

Մայիս 12, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?