Չորեքշաբթի, 22 օգոստոս 2018-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը, Ս. Աստուածածին վանքի վեհարանին մէջ ընդունեց Ղասսանի արքայական տան Ղարիոս Էլ Չեմոր Է. իշխանը: Անոր կ՛ընկերանային միջեկեղեցական երկխօսութեան միջազգային տնօրէն Անթուան Գալայճեան, հանրային կապերու պատասխանատու Փետրօ Աշգար եւ իշխանի օգնական Քարլ Տումիթ:
Վեհափառ հայրապետին ու իշխանին միջեւ հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ անդրադառնալու Ղասսանի արքայական տան կողմէ մշակուած աշխատանքներուն, Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնէութեան ներկայութիւնը ամրացնելու եւ քրիստոնեայ-իսլամ գոյակցութիւնը ամրապնդելու անհրաժեշտութեան:
Այս առիթով Ղասսանի արքայական տունը վեհափառ հայրապետին շնորհեց Ս. Միքայէլ Հրեշտակապետի ամենաբարձր կարգի շքանշանը:
Հանդիպման աւարտին, վեհափառ հայրապետը հարցազրոյց մը ունեցաւ «Մէկ ձայն քրիստոնեաներու համար» նախաձեռնութեան հետ, որ միջազգային բազմաճիւղ լրատուամիջոց մըն է` հիմնուած արքայական տան կողմէ:
Յայտնենք, որ վերոյիշեալ կազմակերպութիւնը անդամ է Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան` իբրեւ ոչ կառավարական կազմակերպութիւն: