Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան Ընտրուեցաւ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ

Սեպտեմբեր 1, 2018
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` ուրբաթ, 31 օգոստոս 2018-ին, երեկոյեան ժամը 6:30-ին, Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային երեսփոխանական ժողովը Պէրութի Ազգային առաջնորդարանի դահլիճին մէջ գումարեց յատուկ նիստ` միակ օրակարգ ունենալով թեմի նոր առաջնորդի ընտրութիւնը:

Ժողովը սկսաւ Շահէ եպս. Փանոսեանի աղօթքով, որմէ ետք Ազգային երեսփոխանական ժողովի ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան ներկաներուն ընթերցեց Թեմական կանոնագրութեան մէջէն առաջնորդի ընտրութեան վերաբերող օրէնքները եւ ներկայացուց անցնող շաբաթներուն, Ազգային վարչութեան Խառն ժողովին կողմէ առաջնորդի ընտրութեան համար տարուած նախապատրաստական աշխատանքներուն պատկերը: Պարզուեցաւ, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետ` ընդառաջելով Խառն ժողովի խնդրանքին, արդէն իսկ ներկայացուցած էր ընտրելի միաբաններու հնգանուն ցանկ մը` բաղկացեալ Կոմիտաս արք. Օհանեանէ, Նարեկ արք. Ալեէմէզեանէ, Մակար եպս. Աշքարեանէ, Անանիա Ծ. վրդ. Գուճանեանէ եւ Ղեւոնդ Ծ. վրդ. Բէնդէզեանէ:

Գառնիկ Մկրտիչեան յայտնեց, որ համաձայն թեմի կանոնագրութեան նախատեսութեան, վեհափառ հայրապետին տրամադրած ընտրելիներու ցանկէն կազմած է թեկնածուներու եռանուն ցանկ, որուն մաս կը կազմեն Կոմիտաս արք. Օհանեանի, Նարեկ արք. Ալեէմէզեանի եւ Մակար եպս. Աշքարեանի անունները:

Այնուհետեւ, ժողովականներուն բաժնուեցան քուէաթղթիկներ, որպէսզի թեմի կանոնագրութեան 16-րդ յօդուածին համաձայն, գաղտնի քուէարկութեամբ տեղի ունենայ առաջնորդի ընտրութիւնը:

Քուէարկութեան աւարտին, դիւանը կատարեց քուէախոյզ աշխատանքը եւ պարզուեցաւ, որ 34 քուէարկող Ազգային երեսփոխանները միաձայնութեամբ իրենց քուէն տրամադրած են Նարեկ արք. Ալեէմէզեանին:

Դիւանին անունով, Գառնիկ  Մկրտիչեան պաշտօնապէս յայտարարեց, որ Նարեկ արք. Ալեէմէզեան երեսփոխանական ժողովի անդամներուն միաձայն քուէով կ՛ընտրուի Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ:

Աւարտին, իր սրտի խօսքը արտասանեց Լիբանանի հայոց թեմի նախկին առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան: Ան վստահեցուց Ազգային երեսփոխանները, որ անոնց կողմէ արժանաւորներուն մէջէն իբրեւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ ընտրուած է արժանաւորագոյնը, որ յառաջիկայ վեց տարիներուն, բոլորին գործակցութեամբ թեմական աշխատանքները կրնայ տանիլ դէպի նոր վերելք ու իրագործումներ: Սրբազան հայրը մաղթեց, որ յառաջիկայ փուլը Լիբանանի հայոց թեմին եւ Լիբանանի ընդհանուր կեանքին մէջ ըլլայ ծաղկուն վերելքի շրջան մը, եւ յիշեցուց, որ վաղը առաւօտուն, Ազգային երեսփոխանական ժողովի դիւանին կողմէ ընտրութեան արդիւնքը պաշտօնապէս պիտի փոխանցուի Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին` առ ի պաշտօնական վաւերացում:

Ժողովը փակուեցաւ սրբազան հօր պահպանիչով, որմէ ետք, յիշատակի լուսանկարի համար, ժողովականները հաւաքուեցան Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մուտքին:

Յայտնենք, որ կիրակի, 2 սեպտեմբեր 2018-ին, Լիբանանի հայոց թեմի նախկին առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան պիտի մատուցէ հրաժեշտի Ս. պատարագ: Պատարագի միջոցին, կէսօրէ առաջ ժամը ճիշդ 11:00-ին, Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ նաեւ Լիբանանի հայոց թեմի նորընտիր առաջնորդ Նարեկ արք. Ալեէմէզեանի պաշտօնական դիմաւորութիւնը: Այնուհետեւ, նորընտիր առաջնորդը իր անդրանիկ պատգամը պիտի ուղղէ հաւատացեալ ժողովուրդին: Ս. պատարագի աւարտին, առաջնորդարանի դահլիճին մէջ Ազգային վարչութիւնն ու նորընտիր առաջնորդը պիտի ընդունին ներկաներուն շնորհաւորութիւնները, մինչեւ յետմիջօրէի ժամը 2:00:

Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան

Ծնած է 10 մայիս 1962-ին, Պէյրութ, Լիբանան: Աւազանի անունն է Մանուկ:

Նախակրթութիւնը ստացած է Վահան Թէքէեան վարժարանին մէջ:

1973–1974 կրթական տարեշրջանին ընդունուած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքը:

21 յունիս 1981-ին կուսակրօն քահանայ ձեռնադրուած է եւ անդամակցած Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբանութեան:

1981-1985 դպրեվանքին մէջ վարած է հսկիչի եւ ուսուցիչի պաշտօններ ու դասաւանդած է Սահակեան-Լեւոն Մկրտիչեան քոլեճին մէջ:

1985-1986 եղած է Գարեգին Բ. կաթողիկոսի գաւազանակիրը:

1986-1991 աստուածաբանական բարձրագոյն ուսումը շարունակած է Վանքուվըրի (Քանատա) մէջ եւ իբրեւ հովիւ ծառայած է տեղւոյն համայնքին:

1991-1997 իր հովուական ծառայութիւնը շարունակած է Նիւ Ճըրզիի (Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ) մէջ:

1997-2014 վարած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միջեկեղեցական եւ միջկրօնական յարաբերութիւններու վարիչի պաշտօնը:

12 մայիս 2002-ին եպիսկոպոս ձեռնադրուած է Արամ Ա. կաթողիկոսի ձեռամբ:

31 հոկտեմբեր 2010-ին ստացած է արքութեան տիտղոս:

9 մայիս 2011-ին ստացած է դոկտորական վկայական Պրիթիշ Քոլոմպիայի համալսարանի Վանքուվըրի Աստուածաբանական դպրոցէն:

2013-2014 վարած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դրան եպիսկոպոսի պաշտօնը:

2014-2015 եղած է Կիպրոսի հայոց կաթողիկոսական փոխանորդ:

31 օգոստոս 2018-ին ընտրուած է Լիբանանի հայոց առաջնորդ:

Հեղինակ է հայ եկեղեցւոյ ծէսին ու վարդապետութեան նուիրուած հատորներու եւ յօդուածներու:

 

 

 

Նախորդը

Ազգային Ինքնութեան Ամրապնդման Ֆոնտ. 18 Դիմումի Ընդառաջում` Օգոստոս Ամսուան Ընթացքին 16-ամսեայ Հաշուեկշիռ` 288 Պարագայ

Յաջորդը

Տեսակէտ. Ճիշդ Որոշում

RelatedPosts

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Յունաստանի Արտաքին Գործոց Փոխ Նախարարը
Գաղութային

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Յունաստանի Արտաքին Գործոց Փոխ Նախարարը

Յուլիս 12, 2025
Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?