Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախարար Հայրապետեանի Հանդիպումը Աւետարանական Համայնքի Ներկայացուցիչներուն Հետ

September 24, 2018
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կիրակի, 23 սեպտեմբերի կէսօրին Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան կեդրոն այցելեցին սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեանն ու անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը, եւ ընդունուեցան ՄԱՀԱԵՄ-ի Կեդրոնական մարմինի ատենապետ վերապատուելի Փոլ Հայտոսթեանի եւ լիբանանահայ աւետարանական զանազան առաքելութիւններ ներկայացնող պատասխանատուներու խումբի մը կողմէ:

Իր ողջոյնի խօսքին մէջ վեր. Հայտոսթեան փոխանցեց ՄԱՀԱԵՄ-ի նախագահ վերապատուելի Մկրտիչ Գարակէօզեանի բարեմաղթութիւնները` նշելով, որ վերապատուելին կը գտնուի Երեւան մասնակցելու Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան հարիւրամեակի ծրագիրներուն: Ապա ան ներկայացուց ՄԱՀԱԵՄ-ի եւ ընդհանրապէս Հայ աւետարանական եկեղեցիներու կեանքի հոգեւոր, կրթական, ընկերային, երիտասարդական եւ հրատարակչական առանցքներն ու հայանպաստ շեշտադրումները:

Նախարար Հայրապետեան գոհունակութիւն յայտնեց Լիբանան կատարած իր այցելութեան եւ գործակցութեան եզրերու զարգացման գծով, միաժամանակ արժեւորելով հայ աւետարանական եկեղեցւոյ եւ Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան զանազան երկիրներու մէջ արձանագրած աշխուժ եւ ազգանուէր գործունէութիւնը, յատկապէս` Հայաստանի մէջ անոր բարենպաստ առաքելութիւնը:

Խորհրդակցութեան նիւթ դարձան լիբանանահայ երիտասարդն ու կրթական ցանցը յուզող հարցերը, ինքնութեան վերաբերող մարտահրաւէրները, ինչպէս նաեւ լիբանանահայութեան կեդրոնական դիրքը հայապահպանութեան եւ հայրենակերտման մէջ:

Այցելութիւնը առիթ մը եղաւ հայ աւետարանական պատուիրակութեան անդամներուն նախարարին տեղեկութիւն տալու իրենց աշխատանքներու մասին, նաեւ գնահատելու սփիւռքի նախարարութեան զանազան տեսակի օգտաշատ ծրագիրները:

Նախարար Հայրապետեան մաղթեց, որ մնայուն կերպով աշխուժանան գործակցութեան մարզերն ու բազմանան փոխայցելութիւններու առիթները:

Նախորդը

Սփիւռքի Նախարարը Հանդիպում Ունեցաւ Լիբանանի Հայ Համայնքի Մշակութային Կառոյցներու Ղեկավարներու Եւ Ներկայացուցիչներու Հետ

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին Մէջ Նախագահեց Հանրապետական Մաղթանքին

RelatedPosts

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում
Գաղութային

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում

September 14, 2026
Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար.  Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար. Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»

September 14, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը  Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի  Անդամ Ամալի Կունուֆսենին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի Անդամ Ամալի Կունուֆսենին

September 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.