Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սփիւռքի Նախարար Մխիթար Հայրապետեան Այցելեց Ազգային Միացեալ Վարժարան

Սեպտեմբեր 25, 2018
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` երկուշաբթի, 24 սեպտեմբեր 2018-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան իր պատուիրակութեամբ այցելեց Ազգային միացեալ վարժարան, ուր դիմաւորուեցաւ Լիբանանի թեմի առաջնորդ Նարեկ արք. Ալեէմէզեանի, Ազգային վարչութեան անդամներուն եւ տնօրէնութեան կողմէ: Նախարարը նախ շրջեցաւ վարժարանի բոլոր ենթաբաժինները, այցելեց դասարանները եւ հաւաքական լուսանկար մը ունեցաւ միջնակարգի եւ երկրորդականի աշակերտներուն հետ: Այնուհետեւ ան հանդիպում մը ունեցաւ առաջնորդ սրբազան հօր, Ազգային վարչութեան անդամներուն եւ տնօրէնութեան հետ: Քննարկուեցան կրթական ծրագիրներու, մանկավարժական մարտահրաւէրներու եւ տարբեր մօտեցումներու վերաբերող նիւթեր:

Քննարկուեցաւ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան հետ համագործակցելու կարելիութիւնը:

Ազգային վարչութիւնը յայտնեց, որ իր հովանիին տակ կը գործեն չորս հայկական վարժարաններ: Ազգային առաջնորդարանի տնօրինութեամբ եւ օժանդակութեամբ արդէն 35 ուսանողներ իրենց բարձրագոյն ուսումը կը ստանան Երեւանի մէջ: Սփիւռքի նախարարը իր կարգին առաջարկեց կրթական ծրագիրներով եւ մանկավարժական մեթոտաբանութեամբ աջակցիլ Լիբանանի Ազգային վարժարաններու կարիքներուն: Ան յարմար նկատեց Լիբանանի հայ համայնքին եւ Երեւանի միջեւ կապ ստեղծել կրթական մարզին մէջ: Առաջարկուեցաւ կազմակերպել ուսուցիչներու վերապատրաստման առցանց ծրագիր մը, որ օգտակար պիտի ըլլայ սփիւռքի ուսուցիչներու վերապատրաստման գործին մէջ: Քննարկման առարկայ դարձան նաեւ հայագիտական նիւթերու գիրքերը, եւ անհրաժեշտ նկատուեցաւ ամէն ջանք ի գործ դնել զանոնք արդիականացնելու եւ օրուան զարգացման հետ հանահունչ դարձնելու` ներառելով մանկավարժական արդի բոլոր օրինաչափութիւնները: Հանդիպումը վերջ գտաւ յառաջիկային գործակցութեան բարեմաղթութիւններով եւ նկատառումներով:

Նախորդը

Նախարար Մխիթար Հայրապետեան` Հայկազեան Համալսարանին Մէջ

Յաջորդը

Սփիւռքի Նախարարը Արդիւնաւէտ Հանդիպում Ունեցած Է Լիբանանի Զբօսաշրջութեան Նախարարին Հետ

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի  Քեսապի Շուրջ Բռնկած Վտանգալից Հրդեհին
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի Քեսապի Շուրջ Բռնկած Վտանգալից Հրդեհին

Յուլիս 12, 2025
Ազունիէի Հայ Ազգային Բուժարան.  Հաղորդագրութիւն
Գաղութային

Ազունիէի Հայ Ազգային Բուժարան. Հաղորդագրութիւն

Յուլիս 12, 2025
Մեսրոպեան Բարձրագոյն Եւ Արուեստից Վարժարաններու Ամավերջի Հանդէս
Գաղութային

Մեսրոպեան Բարձրագոյն Եւ Արուեստից Վարժարաններու Ամավերջի Հանդէս

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?