Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Առաջնորդական Պատգամ Հայաստանի Հանրապետութեան Վերանկախացման 27-րդ Տարեդարձին Առիթով

Սեպտեմբեր 24, 2018
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սիրելի՛ հայորդիներ որ ի Լիբանան,

Մեր հայրենիքի վերանկախացման 27-րդ տարեդարձը բոլոր հայորդիներուս սիրտը եզակի երջանկութեամբ եւ արդար հպարտութեամբ կը լեցնէ թէ՛ Հայաստանի մէջ, թէ՛ Արցախի մէջ եւ թէ՛ հայ սփիւռքի տարածքին:

Այսօր աշխարհի ամէնէն խուլ անկիւնն իսկ ապրող հայը պահ մը իր ընթացիկ առօրեայէն կ՛անջատուի եւ իր ներաշխարհին մէջ ու ապա իր անմիջական շրջանակին հետ կը տօնախմբէ այս համազգային յաղթանակը, որ մեր հայրենի ժողովուրդը կերտեց 21 սեպտեմբեր 1991-ին, եւ որուն իր հայրենասիրական մասնակցութիւնը բերաւ սփիւռքահայութիւնը` իր աղօթքով եւ ապրումներով ու գործնականօրէն:

Հայաստանի վերանկախացումը մեր պատմութեան ոսկեղէն էջերէն մին կը հանդիսանայ եւ մեր քաղաքական իրագործումները անքակտելիօրէն իրարու կ՛ագուցէ Ուրարտական թագաւորութենէն մինչեւ Հայաստանի ներկայ հանրապետութիւն: Հայաստանի ազատագրութեան համար արիւն թափած մեր բոլոր հերոսները այսօր հաւաքաբար կը յառնեն մեր յիշողութեան մէջ եւ դարերու անջրպետը կը փակեն երեք բանալի հրամայական բանալով մեր դիմաց.-

Առաջին, հայրենիքի պահպանութիւն: Չի՛ բաւեր միայն անկախութիւն ձեռք բերել. այլ, անհրաժեշտ է զայն աչքի բիբի նման պահպանել: Հայրենապահպանութեան շրջագիծին մէջ, մեր բոլորին պարտքն է նեցուկ կանգնիլ հայ բանակին: Մեր արի երիտասարդները գիշեր եւ ցերեկ սահմաններուն վրայ են եւ իրենց արիւնով մեր սրբազան հողը կը պաշտպանեն: Թող Աստուած զիրենք միշտ անփորձանք պահէ:

Երկրորդ, հայրենիքի շինութիւն: Հայաստանը ծաղկեցնել կը նշանակէ համայն հայութեամբ մասնակից դառնալ հայրենաշինութեան վեհ գործին: Հայրենիքը շարունակականօրէն կը յառաջդիմէ, երբ իւրաքանչիւր հայորդի իր հոգիէն, միտքէն եւ բազուկէն խղճամիտ բաժին կը հանէ ու իր անվերապահ մասնակցութիւնը կը բերէ այս սրբազան բնագաւառին:

Երրորդ, հայրենիքի պահանջատիրութիւն: Հայաստանի ներկայ հանրապետութիւնը մեր պատմական Հայաստանին եւ Կիլիկիոյ մաս կազմող ազատագրուած փոքր տարածք մըն է միայն: Համայն հայութեան առաջնահերթ պարտքն է միշտ արծարծ պահել մեր ամբողջական հայրենիքին պահանջատիրութեան նուիրական կրակը, եւ մեր բռնագրաւեալ հողերուն կցումը Հայաստանի ներկայ հանրապետութեան անսակարկելի հռչակել:

Սիրելի՛ լիբանանահայութիւն,

Հայաստանի ներկայ հանրապետութեան գոյառման առաջին րոպէէն մինչեւ այսօր գործուն մասնակցութիւն բերիր եւ կը շարունակես բերել հայրենիքի պահպանութեան, հայրենիքի շինութեան եւ հայրենիքի պահանջատիրութեան եռեակ եւ մի մարտահրաւէրին:

Ցուցաբերած այս հայրենասիրական ոգիիդ համար մեր գնահատանքը յայտնելով հանդերձ, կը յիշեցնենք, թէ երկա՜ր ճանապարհ ունինք մեր դիմաց մեր գերակնկալութեան համապատասխանող Հայաստանին տիրանալու համար: Այս ճանապարհը հայուն կեանքի՛ ճանապարհն է, եւ մենք մեր հայրենի եղբայրներուն եւ քոյրերուն հետ միասնաբար պիտի քալենք այս ճանապարհէն` մինչեւ մեր կերտելիք նոր հայրենիքին ձեռք բերումը:

ՆԱՐԵԿ ԱՐՔ. ԱԼԵԷՄԷԶԵԱՆ
ԱՌԱՋՆՈՐԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՑ

21 սեպտեմբեր 2018

Նախորդը

Վեցերորդ Տարին Ըլլալով` Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» Ցուցասրահը Կը Մասնակցի «Պէյրութ Արթ Ֆեր»-ին

Յաջորդը

«Մեր Միասնականութիւնը Աղբիւր Է Հայրենիքին Հզօրութեան Ու Երաշխիքը` Յաջողութեան» Շեշտեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ

Հոկտեմբեր 22, 2025
«Սուրբ Մալոյեան Չվարանեցաւ Ընտրել Իր Տէրը` Նոյնիսկ Իր Սեփական Արիւնը Թափելու Գնով»   Շեշտեց Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը
Գաղութային

«Սուրբ Մալոյեան Չվարանեցաւ Ընտրել Իր Տէրը` Նոյնիսկ Իր Սեփական Արիւնը Թափելու Գնով» Շեշտեց Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը

Հոկտեմբեր 22, 2025
Ճիւնիի Ս. Յարութիւն Եկեղեցի.   Յարգանք Բարերարներուն Եւ Անոնց Ննջեցեալներուն
Գաղութային

Ճիւնիի Ս. Յարութիւն Եկեղեցի. Յարգանք Բարերարներուն Եւ Անոնց Ննջեցեալներուն

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?