Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան վերականգնման 27-ամեակին առիթով, կիրակի, 23 սեպտեմբեր 2018-ին, Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, հանդիսապետութեամբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին եւ ներկայութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեանին ու անոր ընկերակցող պատուիրակութեան անդամներուն, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանի եւ դեսպանատան ներկայացուցիչներուն, տեղի ունեցաւ Հանրապետական մաղթանք:
Հանրապետական մաղթանքի աւարտին, վեհափառ հայրապետը պատգամ մը ուղղեց` շեշտելով հետեւեալ երեք կէտերը.
ա) Ազգի մը անկախութիւնը աստուածատուր իրաւունք է: Միաստուածեան երեք կրօններուն եւ յատկապէս քրիստոնէութեան մէջ յատուկ կարեւորութեամբ շեշտուած է այս իրողութիւնը: Աստուածատուր իրաւունք ըլլալով, ոեւէ մէկը իրաւունք չունի խլելու կամ բռնաբարելու ուրիշին խաղաղութիւնը:
բ) Հայկին ուղղած «ոչ»-ը Բէլին եղաւ մնայուն մղում մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ` ի խնդիր Հայաստանի անկախութեան պահպանման:
գ) Եկեղեցւոյ առաքելութեան անբաժան մասը կը կազմէ խաղաղութեան համար գործել եւ նոյնիսկ իմացեալ մահով պաշտպանել խաղաղութիւնը` իբրեւ աստուածատուր իրաւունք: Այսպէս եղած է մեր եկեղեցւոյ պատմութիւնը:
Իր պատգամի աւարտին, Արամ Ա. կաթողիկոս կոչ ուղղեց մեր ժողովուրդի զաւակներուն ամուր պահելու Հայաստանի անկախութիւնը` հայրենաշինութեան մեր գործօն մասնակցութեամբ:
Հանրապետական մաղթանքէն ետք, վեհափառ հայրապետը վեհարանի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց նախարար Մխիթար Հայրապետեանը` անոր ընկերակցող պատուիրակութեամբ: Նախարար Հայրապետեան իր ուրախութիւնն ու գոհունակութիւնը յայտնեց Անթիլիասի մայրավանքին մէջ գտնուելու գծով իրեն ընծայուած առիթին համար:
Իր խօսքին մէջ վեհափառ հայրապետը նախարարին իրազեկ դարձուց սփիւռքի ներկայ իրավիճակը եւ անոր դիմագրաւած դժուարութիւններն ու մարտահրաւէրները: Հանդիպումը նաեւ առիթ եղաւ արծարծելու Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան, Հայաստանի մէջ անցնող ամիսներուն տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն եւ ներկայիս տիրող կացութեան մասին: Աւարտին, նախարարը Հայաստան-սփիւռք գործակցութիւնը աւելի սերտացնելու եւ ամրացնելու իր պատրաստակամութիւնն ու յանձնառութիւնը յայտնեց վեհափառ հայրապետին:
Յայտնենք, որ նախարարը այցելեց կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» թանգարան, Հայոց ցեղասպանութեան յուշարձան-մատուռ, Հայաստանի անկախութեան յուշակոթող, ինչպէս նաեւ շրջեցաւ Ս. Աստուածածին վանքի շրջափակը:




