Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Մեր Միասնականութիւնը Աղբիւր Է Հայրենիքին Հզօրութեան Ու Երաշխիքը` Յաջողութեան» Շեշտեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

September 24, 2018
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան վերականգնման  27-ամեակին առիթով, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս հայ ժողովուրդին ուղղեց պատգամ մը, որուն ընդմէջէն լուսարձակի տակ առաւ հայ ժողովուրդին անկախութիւն կերտելուն ու վերակերտելուն հաւաքական հաւատքին եւ ամուր վճռակամութեան ու մանաւանդ միասնակամութեան հրամայականը:

Վեհափառ հայրապետը նշեց, որ անկախ հայրենիքը բնականաբար ունեցաւ թերութիւններ ու յաջողութիւններ, սակայն ան շարունակեց հայրենաշինութեան աշխատանքը` շնորհիւ մեր ժողովուրդին գործուն մասնակցութեան: «Հայրենիքը հզօրացնելը եւ ծաղկեցնելը սովորական գործ չէ ու չի կրնար ըլլալ, այլ առաքելութիւն է գերազանցօրէն» ընդգծեց վեհափառ հայրապետը` աւելցնելով, որ «ներկայիս Հայաստան դէմ յանդիման կը գտնուի նոր մարտահրաւէրներու, որոնց դիմագրաւումը կը պահանջէ հայ ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն գիտակից մասնակցութիւնը»: Արամ Ա. կաթողիկոս ըսաւ, թէ անկախութեան օրը ցնծութեան օր է. միաժամանակ հրաւէր է մեր բոլորին` իրապաշտ ոգիով ու քննական հայեացքով ինքնաքննութեան, որպէսզի նպատակասլաց կերպով կարենանք մեր հայրենիքին ապագան կերտել:

Խօսելով Հայաստանի ներկայ կացութեան մասին` վեհափառ հայրապետը դիտել տուաւ, որ «հայրենիքը կը գտնուի տագնապներով լի խաչմերուկի մը դիմաց, որուն համար ազգին ներքին միասնակամութիւնը հրամայական անհրաժեշտութիւն է»: Հետեւաբար, վեհափառ հայրապետը կոչ ուղղեց հեռու մնալու ներքին բեւեռացումներ ու լարուածութիւն յառաջացնող մօտեցումներէ ու արտայայտութիւններէ, թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ սփիւռքի մէջ: Պէտք է համախմբուինք մեր հայրենիքին շուրջ. մեր միակամութիւնը աղբիւր է հզօրութեան ու երաշխիք` մեր հայրենիքին ու ժողովուրդին յաջողութեան: Ապա, անդրադառնալով Հայաստանի ներկայ իրավիճակին, վեհափառ հայրապետը թուեց այն տագնապները, որոնց դիմակալումը պէտք ունի համահայկական ճիգերու, ինչպէս` Հայաստանի մէջ օրինականութեան ամրապնդումը, հայ ժողովուրդի կենսամակարդակին բարելաւումը, տնտեսական կեանքի ծաղկումը, արտագաղթի կասեցումը, Արցախի անկախութեան ամրապնդումը եւ Հայաստանի միջազգային յարաբերութիւններու առաւել ծաւալումը:

Վեհափառ հայրապետը շեշտեց հայոց բանակին առանցքային դերը անկախութեան պահպանման մէջ: «Մեր նոր օրերու թշնամիներուն դիմաց գիշեր ու ցերեկ պաշտպանողը մեր արի տղաքն են` մեր նոր օրերու հերոսները: Մենք հայոց բանակին հետ ենք բառին ամբողջական իմաստով», շեշտեց ան եւ անդրադառնալով հայ ազգի գոյատեւման պայքարին մէջ հայ եկեղեցւոյ ունեցած դերակատարութեան` ըսաւ. «Հայ եկեղեցին Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի հոգեւոր յեղափոխութեամբ, Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի մշակութային յեղափոխութեամբ եւ Խրիմեան Հայրիկին մարտունակութեամբ դրօշակիրը դարձած է Հայաստանի անկախութեան: Մեր եկեղեցին մեր պատմութեան բոլոր ժամանակներուն իր արիւնը թափած է Հայաստանի անկախութեան համար, որովհետեւ մեր եկեղեցին մեր ժողովուրդն է: Այս գիտակցութեամբ ու յանձնառութեամբ մեր եկեղեցին կոչուած է իր հաւատքի առաքելութիւնը եւ ժողովուրդի ծառայութիւնը շարունակելու` միշտ մնալով հայրենիքի կողքին, ջատագովը հանդիսանալով մեր հայրենիքի անկախութեան»:

 

 

Նախորդը

Առաջնորդական Պատգամ Հայաստանի Հանրապետութեան Վերանկախացման 27-րդ Տարեդարձին Առիթով

Յաջորդը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէին Տեսակցութիւնը Սփիւռքի Նախարարին Հետ

RelatedPosts

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին
Գաղութային

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին

October 28, 2026
ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու
Գաղութային

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու

October 27, 2026
Ընթացք Առաւ Համազգայինի «Օշական» Գիրքի Ակումբի Գործունէութիւնը
Գաղութային

Համազգայինի «Օշական» Ակումբի Երկրորդ Հանդիպումը Քննարկեց Յակոբ Պարոնեանի «Քաղաքավարութեան Վնասները» Հատորը

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.