Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նիկոլ Փաշինեան Այցելեց Զմմառու Վանք

October 22, 2018
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կիրակի,  21 hոկտեմբեր 2018-ին, յետմիջօրէի ժամը 2:30-ին, Զմմառու մայրավանք այցելեց Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան` ընկերակցութեամբ բազմանդամ պատուիրակութեան մը, որուն մաս կը կազմէր նաեւ արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Զոհրապ Մնացականեան:

Շքախումբը դիմաւորեցին Զմմառու պատրիարքական կղերի միաբանութեան վարչութիւնը` ի դէմս Զմմառու վանքի մեծաւոր եւ պատրիարքական փոխանորդ Գաբրիէլ թ. ծ. վ. Մուրատեանի, Պէյրութի հայ կաթողիկէ պատրիարքական թեմի առաջնորդ Գէորգ եպս. Ասատուրեան, Լիբանանի կաթողիկէ հայոց կղերաց դասը, Զմմառեան միաբանութեան Ս. Միքայէլ ընծայարանի նորընծաներն ու երանելի Իգնատիոս Մալոյեան դպրեվանքի ժառանգաւորներն ու կիսասարկաւագները, եւ հայ կաթողիկէ կառոյցներու ու հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ:

Շքախումբը այցելեց նախ Զմմառու Ցաւագին Տիրամօր մատուռը, ուր Ս. Միքայէլ ընծայարանի նորընծաներն ու երանելի Իգնատիոս Մալոյեան դպրեվանքի ժառանգաւորները երանելի նահատակ Իգնատիոս Մալոյեանի երգը հնչեցուցին: Ապա ուղղուեցան դէպի մայրավանքի Վերափոխեալ Աստուածամօր եկեղեցին, ուր Նիկոլ Փաշինեան եւ իր տիկինը` Աննա Յակոբեան մոմ մը վառեցին ի պատիւ Սրբոյ Կուսին:

Մայրավանքի դահլիճին մէջ Գաբրիէլ թ. ծ. վրդ. Մուրատեան ներկաները ողջունելէ ետք, հակիրճ ձեւով զեկուցեց միաբանութեան անցած պատմական ուղիին, անոր կանոնական բնոյթին,  270 տարիներուն ծաւալած գործունէութեան, Լիբանանի քաղաքաշինութեան մէջ ունեցած ներդրումին եւ լիբանանահայութեան կրած բազմաթիւ հոգերը ամոքելու առումով ներկայիս արձանագրած նուաճումներուն ու ձեռքբերումներուն մասին:

«270 տարիներու ընթացքին, ըսաւ գերապայծառ Մուրատեան, միաբանութեանս գլխաւոր առաքելութիւնը եղած է հայ հոգեւորականներու պատրաստութիւնն ու աշխարհով մէկ ցրուած հայկական թեմերը որակեալ կղերականներով ապահովելը: Ասոր կողքին, միաբանութիւնս լուրջ աշխատանքներ կատարած է հայապահպանման ու հայագիտութեան զարգացման ուղղութեամբ»:

Ան աւելցուց, թէ «Մեծ եղեռնի դաժան օրերուն միաբանութեանս կղերը իր ժողովուրդի կողքին էր. Մարտինի թեմի առաջնորդ Երանելի Իգնատիոս արք. Մալոյեան իր հաւատակից միաբաններով ինկաւ վասն հայրենեաց եւ հաւատքի: Ցեղասպանութենէն հազիւ ճողոպրած եւ Լիբանան ապաստանած հայութեան բեկորներուն առաջին օգնութեան ձեռք մեկնողը Զմմառու միաբանութիւնը հանդիսացաւ: Պէյրութի շրջակայքը տեղափոխուած գաղթական հայերուն ապաստան տալու միտումով, Զմմառու միաբան հայրերէն Պօղոս Արիս Պէյրութէն դուրս հիմնեց Պուրճ Համուտ հայկական աւանը, որ հետագային դարձաւ Պէյրութի անբաժան մասը: Ան դարձաւ այդ աւանի առաջին քաղաքապետը` իր աւանդը բերելով ո՛չ միայն հայերու պատսպարման, այլեւ Լիբանանի քաղաքաշինութեան կարեւոր գործին»:

Անդրադառնալով միաբանութեան մշակութային ներդրումին` Գաբրիէլ թ. ծ. վրդ. Մուրատեան ըսաւ. «Մշակութային առումով եւս կատարուած են բազմաթիւ աշխատանքներ` ըլլան անոնք տպագիր գործերու` գիրքեր, պարբերականներու տեսքով, ըլլան բանաւոր խօսքի` դասախօսութիւններ, դաստիարակչական դասընթացքներու տեսքով: Միաբանութիւնս աշխարհի չորս ծագերէն հաւաքագրած եւ անդառնալի կորուստէ փրկած է բազմաթիւ հայկական հին ձեռագիր մատեաններ, արխիւային բնոյթի կարեւոր փաստաթուղթեր` յիրաւի դառնալով աշխարհի հայագիտական 5-րդ կեդրոնը»:

Ապա հայրենիքի հետ մշակուած ծրագիրներուն անդրադառնալով գերապայծառ Մուրատեան խօսքը եզրափակեց ըսելով. «Մեր ցանկութիւնն է, որ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Զմմառու պատրիարքական կղերի միաբանութեան միջեւ փոխյարաբերութիւնները հասնին բաղձալի մակարդակի, եւ ձեր վարչապետի պաշտօնին վերընտրման պարագային այս յարաբերութիւնները կը ստանան բնականոն տեսք, եւ մեր համագործակցութիւնը կը հասնի լիարժէք ու ցանկալի աստիճանի, որպէսզի մեր ազգը յաւէտ խոյանայ դէպի յաւերժութիւն, դէպի մեր ցայսօր անկատար իղձերու եւ երազներու իրագործում` ի փառս հայ եկեղեցւոյ եւ ազգին»:

Ողջոյնի խօսքէն ետք, Գաբրիէլ թ. ծ. վրդ. Մուրատեան վարչապետի պաշտօնակատար  Ն. Փաշինեանի պատմական այցելութեան ի պատիւ` Զմմառու պատրիարքական կղերի միաբանութեան անունով «Զմմառու Ցաւագին Տիրամօր» գեղակերտ լուսանկարը նուիրեց:

Հայաստանի  Հանրապետութեան վարչապետի պաշտօնակատար Ն. Փաշինեան իր կարգին  ուրախութիւն ու երջանկութիւն յայտնեց ջերմ ընդունելութեան համար եւ բարձր գնահատեց Զմմառու պատրիարքական կղերի միաբանութեան տարած աշխատանքները բոլոր բնագաւառներուն մէջ, եւ յառաջիկային հայրենիք-Զմմառ համագործակցութեան ուրուագիծով եւ լուսաւոր ապագայի խոստմնալից տեսլականով եզրափակեց խօսքը:

Այնուհետեւ պատուոյ հիւրերը մօտէն ծանօթացան  համալիրի զանազան բաժանմունքներուն` սկսելով թանգարանէն, ապա մատենադարանը, ձեռագրատունը եւ գինեմառանը:

Խորապէս տպաւորուած` շքախումբը վանքէն հրաժեշտ տուաւ:

 

 

Նախորդը

Նիկոլ Փաշինեան Այցելեց Հայկազեան Համալսարան

Յաջորդը

Նիկոլ Փաշինեանի Հանդիպումը` Լիբանանահայ Օրաթերթերու Եւ Ձայնասփիւռի Կայաններու Ղեկավարներուն Հետ

RelatedPosts

Գաղութային

January 31, 2026
39 Տարի Առաջ, Այսօր.  Դաշնակցութեան Նուիրեալներ Զոհ Կ՛երթան Անարգ Ոճիրի Մը
Գաղութային

31 Յունուար 1986-ի Նահատակները, Ու Պայքարը Կը Շարունակուի

January 31, 2026
«Ազդակ»-ի 83-րդ Առցանց Լսարան.  Արցախի Վերջին Պատերազմը. Ծալքեր,  Պատճառներ, Արդիւնքներ
Գաղութային

«Ազդակ»-ի 83-րդ Առցանց Լսարան. Արցախի Վերջին Պատերազմը. Ծալքեր, Պատճառներ, Արդիւնքներ

January 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.