Գաղութային

Կազմակերպութեամբ Պուրճ Համուտի  Քաղաքապետութեան.  «Ճամբադ Տանդ Պէ՛ս Պահէ» Մաքրութեան Արշաւին  Մասնակցեցան Պուրճ Համուտի Բոլոր Քաղաքային  Եւ Համայնքային Հաստատութիւնները

Կազմակերպութեամբ Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութեան. «Ճամբադ Տանդ Պէ՛ս Պահէ» Մաքրութեան Արշաւին Մասնակցեցան Պուրճ Համուտի Բոլոր Քաղաքային Եւ Համայնքային Հաստատութիւնները

Երէկ` կիրակի, 4 նոյեմբեր 2018-ին, առաւօտեան ժամը 8:00-էն սկսեալ մինչեւ կէսօրուան ժամը 12:00-ը, կազմակերպութեամբ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան, տեղի ունեցաւ «Ճամբադ տանդ պէ՛ս պահէ» մաքրութեան արշաւը, որուն մասնակցեցան Պուրճ Համուտի քաղաքացիները, մարմնակրթական եւ բարեսիրական միութիւնները, կրթական հաստատութիւնները, Պուրճ Համուտի բոլոր համայնքները ներկայացնող եկեղեցական հոգեւոր հաստատութիւնները: Նախաձեռնութեան կը մասնակցէին Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արք. Ալեէմէզեան, մարոնիներու Մար Եուսեֆ եկեղեցւոյ հովիւ հայր...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Ամենապատիւ  Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկէ  Հոգեւոր Տիրոջ Այցելութիւնը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Ամենապատիւ Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկէ Հոգեւոր Տիրոջ Այցելութիւնը

Կիրակի, 4 նոյեմբեր 2018-ի երեկոյեան, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը Անթիլիասի մայրավանքին մէջ ընդունեց Հայ կաթողիկէ Գրիգոր Պետրոս Ի. հոգեւոր տէրը: Հոգեւոր տիրոջ կ՛ընկերանային Պէյրութի հայ կաթողիկէ թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ եպս. Ասատուրեան, Մանուէլ եպս. Պաթագեան եւ պատրիարքարանի տեղեկատուական բաժանմունքի պատասխանատու Սեպուհ վրդ. Կարապետեան: Հանդիպման ներկայ էին նաեւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արք. Ալեէմէզեան, մայր տաճարի լուսարարապետ Մակար եպս. Աշգարեան...

Հաղորդագրութիւն

Ազգային Ինքնութեան Ամրապնդման Ֆոնտ

9 Դիմումի Ընդառաջում` Հոկտեմբեր Ամսուան Ընթացքին 18-ամսեայ Հաշուեկշիռ` 310 Պարագայ ՀՅ Դաշնակցութեան Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի հաստատած Ազգային ինքնութեան ամրապնդման ֆոնտը հոկտեմբեր ամսուան ընթացքին ընդառաջած է 9 դիմումի, մինչ մայիս 2017-էն մինչեւ սեպտեմբեր 2018 ֆոնտէն օգտուելու իրաւունքին արժանացած է 301 պարագայ: Այսպէս, Հայ ընտանիքի կազմութեան ֆոնտին (պսակադրութեան) դիմում չէ կատարուած: Հայ մանուկի ֆոնտին (մկրտութեան) դիմում կատարած են 10 պարագաներ, որոնցմէ 9-ը...

Առաջնորդական Պատգամ 2018-2019 Կրթական Տարեշրջանի  Վերամուտին Առիթով

Առաջնորդ Սրբազան Հօր Միջեկեղեցական Այցելութիւնները

Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արք. Ալեէմէզեան 3 հոկտեմբերէն 2 նոյեմբեր 2018-ի ընթացքին այցելեց հայ կաթողիկէ, հայ աւետարանական, մարոնի, յոյն ուղղափառ, ասորի ուղղափառ, ղպտի ուղղափառ, յոյն կաթողիկէ, ասորի կաթողիկէ եւ արաբ աւետարանական հոգեւոր պետերուն ու Լիբանանի առաջնորդներուն, եւ քննարկեց Լիբանանն ու քրիստոնէութիւնը յուզող բազմաբնոյթ հարցեր: Սրբազան հօր միջեկեղեցական փորձառութիւնը եւ պետերուն ու առաջնորդներուն հետ տարիներու ծանօթութիւնը նպաստեցին, որ առաջնորդ սրբազանը...

«Հաուըրտ Գարակէօզեան» Հաստատութիւն.  Արհեստավարժութեան Դասընթացքներու  Վկայականաց Բաշխում

«Հաուըրտ Գարակէօզեան» Հաստատութիւն. Արհեստավարժութեան Դասընթացքներու Վկայականաց Բաշխում

«Հաուըրտ Գարակէօզեան» հաստատութիւնը լիբանանահայ գաղութին մէջ անծանօթ անուն մը չէ: Իր առաքելութեան հաւատարիմ, ան անդադրում կը գործէ` հասնելով ժողովուրդի զանազան կարիքներուն: «Գարակէօզեան» հաստատութիւնը իր  գործունէութեան լայնածիր դաշտին մէջ ներառած է նաեւ արհեստավարժութեան դասընթացքները, որոնք սկիզբ առին նոյեմբեր 2017-էն մինչեւ օգոստոս 2018 եւ ընդգրկեց հետեւեալ բաժանմունքները. Լեզուներ (անգլերէն եւ ֆրանսերէն), վարսայարդարում, դիմայարդարում (մէյք ափ), տնային հողագործութիւն, ճաշ: Դասընթացքներուն մասնակցեցաւ 61 հոգի:...

Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն  Վարժարանի Հիմնադրութեան 80-ամեակի  Տօնակատարութիւններու Բացման Ս. Պատարագ

Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի Հիմնադրութեան 80-ամեակի Տօնակատարութիւններու Բացման Ս. Պատարագ

Հինգշաբթի, 1 նոյեմբեր 2018-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Պուրճ Համուտի հայ կաթողիկէ Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ հանդիսաւոր Ս. պատարագով մեկնարկը կատարուեցաւ Հայ կաթողկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի հիմնադրութեան 80-ամեակի տօնակատարութիւններուն: Ս. պատարագին հանդիսապետեց Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս-պատրիարքը` ներկայութեամբ յարանուանական, քաղաքական, կուսակցական, միութենական անձնաւորութիւններու եւ հոծ բազմութեան: Ս. պատարագը մատուցեց Հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան փոխանորդ եւ Հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան վարժարաններու...

Այցելութիւն` Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքին

Այցելութիւն` Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքին

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան երէկ` 31 հոկտեմբերին, այցելեցին Հայ կաթողիկէ Գրիգոր Պետրոս Ի.  պատրիարքին ու քննարկեցին կառավարութեան կազմութեան օրակարգը եւ այդ կառավարութեան մէջ լիբանանահայութեան ներկայացուցչութեան խնդիրը: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ Հայ կաթողիկէ համայնքի Պէյրութի պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ եպս. Ասատուրեան եւ Մանուէլ եպս. Պաթաքեան: ՀՅԴ պատուիրակութիւնը...

Համազգայինի «Քնար» Պարախումբը  Իր Ելոյթով Հրապուրեց  Արուեստասէր Հանրութիւնը

Համազգայինի «Քնար» Պարախումբը Իր Ելոյթով Հրապուրեց Արուեստասէր Հանրութիւնը

Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս Համազգայինի «Քնար» պարախումբը արուեստասէր եւ մշակութասէր հանրութիւնը հրապուրեց իր 17 պարերէ բաղկացած ելոյթով, որ ընթացք առաւ շաբաթ, 27 հոկտեմբեր 2018-ին, Սին Էլ Ֆիլի «Իվուար» թատերասրահին մէջ: Արդարեւ, պարախումբի վարչութեան կազմակերպած եւ Կարէն ու Ժաքլին Մակինեան ամոլին ստեղծագործական աշխատանքով մէջտեղ եկած ելոյթը ունէր իւրայատուկ դիմագիծ, որովհետեւ կ՛ընդգրկէր թէ՛ հայկական ժողովրդական, թէ՛ օտար մշակոյթներու եւ թէ՛...

Աչքի Անվճար Քննութիւն` Պուրճ Համուտի Քաղաքապետարանի Հրապարակը

Աչքի Անվճար Քննութիւն` Պուրճ Համուտի Քաղաքապետարանի Հրապարակը

Հովանաւորութեամբ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանին,  կազմակերպութեամբ Պուրճ Համուտի մէջ գործող հաստատութիւններուն եւ գործակցութեամբ Լայընզ Պէյրութ սելեքթ ակումբին կիրակի, 28 հոկտեմբեր 2018-ին, առաւօտեան ժամը 9:00-էն մինչեւ կէսօրուան ժամը 12:00, Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի հրապարակին մէջ տեղի ունեցաւ աչքի անվճար քննութիւն: Աչքի քննութեան մասնակցեցան նախապէս Պուրճ Համուտի հաստատութիւններուն քով արձանագրուած մօտաւորապէս 110 անհատներ: Իբրեւ պայման անոնք նախ լիբանանցի պէտք է ըլլային, ապա 50 տարիքը...

Յայտարարութիւն

Լիբանանում Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութիւնը տեղեկացնում է, որ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի 2018 թուականի  սեպտեմբերի 3-ի թիւ 405-Ա հրամանագրով ներքոյիշեալ համարների ստացագրեր ունեցողներին շնորհուել է Հայաստանի Հանրապետութեան  քաղաքացիութիւն. 19439,19534, 19533, 19788, 20347, 19427, 20363, 20437, 20122, 19813, 19391, 19392, 20620, 20350, 19338, 19890, 20432, 19248, 20109, 19857, 19220, 20574, 19363, 19498, 19499, 19840, 19594, 19628, 19410, 19668, 19625, 19369, 20608, 20299, 20521,...

Յայտարարութիւն.  Միասնաբա՛ր Զօրակցինք Հայ Աշակերտին

Յայտարարութիւն. Միասնաբա՛ր Զօրակցինք Հայ Աշակերտին

Լիբանանի տնտեսական բազմաբնոյթ եւ մտահոգիչ տագնապներուն դիմաց, անցնող ամիսներուն Ազգային վարժարաններն ու հայ աշակերտներուն ծնողները դէմ յանդիման գտնուեցան նիւթական յաւելեալ դժուարութիւններու, որոնք նոյնինքն ահազանգային վտանգ են ե՛ւ դպրոցներու, ե՛ւ աշակերտներու գոյութեան պահպանման: Այս տագնապալից պահերուն, ինչպէս երէկ, այսօր ալ կ՛ապաւինինք մեր բարերարներու բարոյական եւ նիւթական աջակցութեան, որ վարժարաններուն եւ աշակերտներու ծնողներուն պիտի տայ յաւելեալ կորով` յաղթահարելու արգելքները: Նշեալ առաջադրանքէն մեկնելով`...

Արամ Ա. Կաթողիկոսի Ունեցած  Հանդիպումները` Պեռնի Մէջ

Արամ Ա. Կաթողիկոսի Ունեցած Հանդիպումները` Պեռնի Մէջ

Պեռն (Զուիցերիա) կատարած իր պաշտօնական այցելութեան ընթացքին, 26-28 հոկտեմբեր 2018-ին Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը հետեւեալ այցելութիւններն ու հանդիպումները ունեցաւ. : Վեհափառ հայրապետին կ՛ընկերակցէր ազգային բարերար տէր եւ տիկին Ալեքքօ եւ Անի Ռէզիքեան ամոլը. 1) Արամ Ա. կաթողիկոս հանդիպում մը ունեցաւ ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի եւ յատկապէս Սուրիոյ քաղաքական ու տնտեսական հարցերուն առնչուած Զուիցերիոյ պետութեան ներկայացուցիչ Ուլֆկանկ Ամատէոս Պրուելհարթի հետ: Նոյն անձին...

Լիբանանի Հայ Համայնքի Ընկերային  Ծառայողներու Միութեան Հանդիպում

Լիբանանի Հայ Համայնքի Ընկերային Ծառայողներու Միութեան Հանդիպում

Ուրբաթ, 26 հոկտեմբեր 2018-ին, երեկոյեան ժամը 6:30-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ կայացաւ Լիբանանի մէջ գործող Հայ համայնքի ընկերային ծառայողներու եւ  հայ թէ օտար բարեսիրական հաստատութիւններու մէջ հայ համայնքի գործող անդամներու հանդիպումը: Սոյն հանդիպումը իրենց ներկայութեամբ պատուեցին Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արք. Ալեէմէզեան եւ Լիբանանի ընկերային ծառայողներու սենտիքայի նախագահ Նատիա Պատրան: Մասնակցեցաւ աւելի քան 35 հոգի: Բացման խօսքով...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Քարոզեց  Պեռնի Մայր Տաճարին Մէջ

Արամ Ա. Կաթողիկոս Քարոզեց Պեռնի Մայր Տաճարին Մէջ

Կիրակի, 28 հոկտեմբեր 2018-ին, Պեռնի (Զուիցերիա) Հին կաթողիկէ եկեղեցւոյ մայր տաճարին մէջ Արամ Ա. կաթողիկոս ներկայ գտնուեցաւ պատարագի արարողութեան եւ իր պատգամը ուղղեց ներկայ ժողովուրդին: Իր պատգամին ներածական բաժինին մէջ վեհափառ հայրապետը կարեւորութեամբ շեշտեց, որ եկեղեցին քրիստոսատուր առաքելութիւն է: Հետեւաբար, եկեղեցին իրեն յատուկ առաքելութիւն չունի, այլ կոչուած է Քրիստոսի առաքելութիւնը շարունակելու: Քրիստոսի առաքելութիւնը եկեղեցին կրնայ շարունակել երեք միջոցներով` վկայութիւն, ծառայութիւն...

Սասնոյ Հայրենակցական Միութեան  Կազմակերպութեամբ Վարդան Պատալեան  Եւ Տաթեւիկ Ասատրեան Երգեցին  Ի Նպաստ «Կեանք Մը Փրկենք» Ֆոնտին

Սասնոյ Հայրենակցական Միութեան Կազմակերպութեամբ Վարդան Պատալեան Եւ Տաթեւիկ Ասատրեան Երգեցին Ի Նպաստ «Կեանք Մը Փրկենք» Ֆոնտին

Կազմակերպութեամբ Սասնոյ հայրենակցական միութեան, երէկ` կիրակի, 28 հոկտեմբերի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Կեանք մը փրկենք ֆոնտ»-ին ի նպաստ երգահանդէս` մասնակցութեամբ հայրենի արուեստագէտներ Վարդան Պատալեանի եւ Տաթեւիկ Ասատրեանի: Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց Լիւսի Աֆարեան: Ան յայտնեց, որ Վարդան Պատալեան եւ Տաթեւիկ Ասատրեան իրենց ելոյթին հասոյթը պիտի յատկացնեն «Կեանք մը փրկենք ֆոնտ»-ին, որ միջբարեսիրական հայ միութիւններու...

Մեր Կորուստները.  Գրող Արա Արծրունի Կնքեց Իր Մահկանացուն

Մեր Կորուստները. Գրող Արա Արծրունի Կնքեց Իր Մահկանացուն

Երէկ 86 տարեկանին իր մահկանացուն կնքեց լիբանանահայ արձակագիր, թատերագիր եւ հրապարակագիր Արա Արծրունի: Ծնած է 1932-ին, Պէյրութի մէջ: Գրական գործերով աշխատակցած է «Բագին» եւ «Կամար» հանդէսներուն, «Սփիւռք» եւ «Արծիւ» շաբաթաթերթերուն, ինչպէս նաեւ «Ազդակ» օրաթերթին: Հրապարակագրական յօդուածները լոյս տեսած են «Ազդակ»-ի եւ «Արծիւ»-ի մէջ: Անդամ եղած է Հայաստանի գրողներու միութեան` 2012 թուականէն: Հրատարակուած գիրքերն են` «Վիրաւոր ծիծեռնակը» (պատմուածքներ), Պէյրութ, 1967, «Եղեռնի...

Լոյս Տեսաւ «Հայ Մարդուն  Հոգեւոր Երգարանը» Հատորը

Լոյս Տեսաւ «Հայ Մարդուն Հոգեւոր Երգարանը» Հատորը

Քաջալերանքով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքին կողմէ լոյս տեսաւ 410 էջերու մէջ ամփոփուած մեծածաւալ «Հայ մարդուն հոգեւոր երգարանը» հատորը: Այս աշխատութիւնը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան առաջին փորձն է` եղածները հաւաքելու, անոնց տէր ըլլալու եւ նոր հեղինակներ քաջալերելու, որպէսզի գրուանի տակ պահուած հայ եկեղեցւոյ ա՛յս հարստութիւնը լոյս աշխարհի մէջ մնայ: Երգարանը օգտագործելի է...

55 Պատանիներ Տուին Դաշնակցական  Պատանիի Իրենց Խոստումը.   Վիգէն Աւագեան. «Այսօրուան Հայաստանը  Մեր Բոլոր Երազներու Հայաստանը Չէ»

55 Պատանիներ Տուին Դաշնակցական Պատանիի Իրենց Խոստումը. Վիգէն Աւագեան. «Այսօրուան Հայաստանը Մեր Բոլոր Երազներու Հայաստանը Չէ»

Շաբաթ, 27 հոկտեմբեր 2018-ի երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանի մայրավանքի շրջափակին մէջ գտնուող Հայաստանի անկախութեան 100-ամեակին նուիրուած յուշարձանին առջեւ ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններէն 55 պատանիներ տուին դաշնակցականի իրենց խոստումը: ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան միութիւններու ընդհանուր վարիչ մարմինի անունով  Պետիկ Իզմիրեան ողջունեց պատանիները:  «Այսօր հաւաքուած ենք հայոց պետականութեան 100-ամեակը խորհրդանշող յուշարձանին առջեւ կատարելու ձեր խոստման արարողութիւնը», ըսաւ Իզմիրեան եւ աւելցուց....

Հաուըրտ Գարակէօզեան Հաստատութեան Տնօրէն  Սերոբ Օհանեան Կը Մասնակցի Առողջապահական  Կեդրոններու Միջազգային Համագումարին

Հաուըրտ Գարակէօզեան Հաստատութեան Տնօրէն Սերոբ Օհանեան Կը Մասնակցի Առողջապահական Կեդրոններու Միջազգային Համագումարին

1978 թուին Ղազախստանի նախկին մայրաքաղաք Ալմա Աթայի մէջ տեղի ունեցաւ առանցքային համաժողով մը, որ համախմբեց առողջապահական փորձագէտներն ու համաշխարհային առաջնորդները` հաստատելու «Առողջութիւնը բոլորին համար է» կարգախօսը: Այս համաժողովին հաւանութիւն տրուած Ալմա Աթայի հռչակագիրը հիմքը հանդիսացաւ առողջապահական կեդրոններու 40-ամեայ գործունէութեան: 40 տարիներ ետք, Ղազախստանի կառավարութեան հիւրընկալութեամբ, Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան եւ ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի, հինգշաբթի, 25 եւ ուրբաթ, 26 հոկտեմբեր 2018-ին Ղազախստանի Ասթանա մայրաքաղաքին...

Գիւտ Խաչի Տօն Եւ Ս. Նշան  Եկեղեցւոյ Անուանակոչութիւն.

Գիւտ Խաչի Տօն Եւ Ս. Նշան Եկեղեցւոյ Անուանակոչութիւն.

«Մենք Խաչակիր Հայեր Ենք, Մեր Պարտականութիւնն Է Կրել Եկեղեցւոյ, Ազգին, Դպրոցին, Ակումբին, Մշակոյթին Խաչը» Պատգամեց Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան Երէկ` կիրակի, 28 հոկտեմբեր 2018-ին  Գիւտ Խաչի տօնն էր: Առ այդ, Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ անուանակոչութեան առիթով եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ` Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արք. Ալեէմէզեանի կողմէ, եւ տեղի ունեցաւ մատաղօրհնէք: Սրբազանը իր քարոզին մէջ նկատել տուաւ,  որ հոգեւոր...

Page 214 of 365 1 … 213 214 215 … 365

Արխիւներ