Հինգշաբթի, 25 հոկտեմբեր 2018-ի երեկոյեան, Լիբանանի Հայոց առաջնորդ Նարեկ արք. Ալեէմէզեան այցելեց Ասորի ուղղափառ եկեղեցւոյ Աթշանէի վանքին մէջ իր հերթական ժողովը գումարող Անկլիքան-Արեւելեան ուղղափառ եկեղեցիներու Աստուածաբանական յանձնախումբի անդամներուն:
Ժողովականներ իրենց ուրախութիւնը յայտնեցին սրբազան հօր այցելութեան համար եւ իրենց աշխատանքին մասին զեկուցեցին:
Յայտնենք, որ շուրջ 20 տարի առաջ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի օրհնութեամբ ընթացք առած այս երկխօսութեան նախաձեռնողներէն մին էր Նարեկ սրբազան:



