Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Անկլիքան-Ուղղափառ Եկեղեցիներու Աստուածաբանական Երկխօսութեան Յանձնախումբը

October 24, 2018
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ երեկոյեան, 23 հոկտեմբեր 2018-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ընդունեց անկլիքան եկեղեցւոյ եւ ուղղափառ (ոչ-քաղկեդոնական) եկեղեցիներու աստուածաբանական երկխօսութեան յանձնախումբը: 18 անձերէ բաղկացած յանձնախումբը, որ կը գործէ վերջին շուրջ 20 տարիներուն, կը քննարկէ ընդհանրապէս աստուածաբանական ու դաւանաբանական յատուկ կարեւորութիւն ունեցող եւ յատկապէս եկեղեցիներու բաժանման պատճառ հանդիսացած կնճռոտ հարցեր:

Վեհափառ հայրապետը` իր գնահատանքը յայտնելով կատարուող աշխատանքին համար, շեշտեց անհրաժեշտութիւնը անցեալէն եկող հարցերուն առընթեր նաեւ քննելու եկեղեցին յուզող ներկայ ժամանակներու յատուկ ընկերաբարոյական (socio-ethical) խնդիրներ, որոնք նոյնքան բաժանումներ յառաջացուցած են եկեղեցիներուն միջեւ եւ նոյնիսկ նոյն եկեղեցւոյ մէջ ներքին տարակարծութիւններու դուռ բացած: Վեհափառ հայրապետը նաեւ կարեւոր նկատեց եկեղեցւոյ մէջ գործակցութիւնը ամրապնդելու հրամայականը, մանաւանդ հոն, ուր եկեղեցիներ ընկերութեան կեանքին մէջ փոքրամասնութիւն են:

Յանձնախումբին համա-ատենապետները խօսք առնելով` իրենց ուրախութիւնը յայտնեցին հանդիպումին համար եւ խնդրեցին հայրապետին օժանդակութիւնը իրենց աշխատանքին, յատկապէս բարդ հարցերու քննարկման ծիրին մէջ:

Յանձնախումբին անդամ են Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կողմէ Պօղոս վրդ. Թինքճեան եւ Զարեհ վրդ. Սարգիսեան:

Նախորդը

Յայտարարութիւն

Յաջորդը

Պաշտօնական Հաւաքոյթ` ԱՖՀԻԼ-ի 20-ամեակին Առիթով

RelatedPosts

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում
Գաղութային

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում

September 14, 2026
Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար.  Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար. Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»

September 14, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը  Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի  Անդամ Ամալի Կունուֆսենին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի Անդամ Ամալի Կունուֆսենին

September 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.