Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սասնոյ Հայրենակցական Միութեան Կազմակերպութեամբ Վարդան Պատալեան Եւ Տաթեւիկ Ասատրեան Երգեցին Ի Նպաստ «Կեանք Մը Փրկենք» Ֆոնտին

October 30, 2018
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ Սասնոյ հայրենակցական միութեան, երէկ` կիրակի, 28 հոկտեմբերի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Կեանք մը փրկենք ֆոնտ»-ին ի նպաստ երգահանդէս` մասնակցութեամբ հայրենի արուեստագէտներ Վարդան Պատալեանի եւ Տաթեւիկ Ասատրեանի:

Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց Լիւսի Աֆարեան: Ան յայտնեց, որ Վարդան Պատալեան եւ Տաթեւիկ Ասատրեան իրենց ելոյթին հասոյթը պիտի յատկացնեն «Կեանք մը փրկենք ֆոնտ»-ին, որ միջբարեսիրական հայ միութիւններու համախմբումն է: Հիմնադիր միութիւններն են` Հայ ընկերային ծառայողներու միութիւնը, Լիբանանահայ օգնութեան խաչը, Ճինիշեան յիշատակի հիմնարկը, Գարակէօզեան հաստատութիւնը եւ ԱՖՀԻԼ իրերօգնութեան սնտուկը: Լ. Աֆարեան նկատել տուաւ, որ անցնող տարուան ընթացքին, ֆոնտին կոչերուն ընդառաջելով, հաւաքուած է մօտաւորապէս 140 հազար ամերիկեան տոլար` աւելցնելով, որ տարբեր պայմաններու մէջ գտնուող ծանր հիւանդանոցային պարագաներու հասնող ֆոնտին միշտ նեցուկ կանգնած է բազմահարիւր հայ անանուն ազգայիններ, որոնք, հաւատալով անոր առաքելութեան, կրցած են իրենց օժանդակութիւններով կեանք մը փրկել:

Իր խօսքի աւարտին Լիւսի Աֆարեան շնորհակալութիւն յայտնեց հայրենի արուեստագէտներուն, ֆոնտին անվերապահ օժանդակող հայ ազգայիններուն եւ հանդիսատեսներուն` իրենց ներկայութեան համար:

Այնուհետեւ Վարդան Պատալեան եւ Տաթեւիկ Ասատրեան հերթաբար բեմ բարձրանալով մեկնաբանեցին ազգային, հայրենասիրական, աշուղական երգերու շարք մը: Վարդան Պատալեանի երգեցողութեամբ հնչեցին «Իմ Անի», «Կապոյտ թռչուն», «Տաղ յայտնութեան», «Իմ Ղարաբաղ», «Եարը մարդու եարա կու տայ», «Դու իմ մուսան ես» «Հայաստան», «Սուրբ մայրեր», «Բարի արագիլ», «Արծիւ սլացիր», «Հայեր միացէք», «Գինի լից» երգերը, իսկ Տաթեւիկ Ասատրեանի մեկնաբանութեամբ` «Տուն իմ հայրենի», «Երեւանս», «Կարօտ», «Պարտէզում վարդ է բացուել», «Զեփիւռ կը դառնամ», «Մախմուր աղջիկ», «Ջան ջան», «Անջիկեար եար», «Սասունցի աղջիկ», «Գետաշէն», «Մենք ենք մեր սարերը» երգերը:  Տաթեւիկ Ասատրեան յայտագիրի աւարտին անակնկալ մը վերապահած էր հանդիսատեսներուն, որոնք մեծ հաճոյքով ընդունեցին անոր մեկնաբանած Նէնսի Աժրամի «Ահ ունըս» արաբերէն երգը: Եզրափակիչ բաժինով Վարդան Պատալեան եւ Տաթեւիկ Ասատրեան միասնաբար մեկնաբանեցին «Երեւան էրեբունի» երգը:

Նշենք, որ շաբաթ, 27 հոկտեմբերին տեղի ունեցաւ Սասնոյ հայրենակցական միութեան ճաշկերոյթը Մարաշի հայրենակցական միութեան «Գերմանիկ» սրահին մէջ:

 

Նախորդը

Մեր Կորուստները. Գրող Արա Արծրունի Կնքեց Իր Մահկանացուն

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Քարոզեց Պեռնի Մայր Տաճարին Մէջ

RelatedPosts

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին
Գաղութային

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին

October 28, 2026
ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու
Գաղութային

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու

October 27, 2026
Ընթացք Առաւ Համազգայինի «Օշական» Գիրքի Ակումբի Գործունէութիւնը
Գաղութային

Համազգայինի «Օշական» Ակումբի Երկրորդ Հանդիպումը Քննարկեց Յակոբ Պարոնեանի «Քաղաքավարութեան Վնասները» Հատորը

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.