Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հաուըրտ Գարակէօզեան» Հաստատութիւն. Արհեստավարժութեան Դասընթացքներու Վկայականաց Բաշխում

Նոյեմբեր 3, 2018
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Հաուըրտ Գարակէօզեան» հաստատութիւնը լիբանանահայ գաղութին մէջ անծանօթ անուն մը չէ: Իր առաքելութեան հաւատարիմ, ան անդադրում կը գործէ` հասնելով ժողովուրդի զանազան կարիքներուն: «Գարակէօզեան» հաստատութիւնը իր  գործունէութեան լայնածիր դաշտին մէջ ներառած է նաեւ արհեստավարժութեան դասընթացքները, որոնք սկիզբ առին նոյեմբեր 2017-էն մինչեւ օգոստոս 2018 եւ ընդգրկեց հետեւեալ բաժանմունքները. Լեզուներ (անգլերէն եւ ֆրանսերէն), վարսայարդարում, դիմայարդարում (մէյք ափ), տնային հողագործութիւն, ճաշ: Դասընթացքներուն մասնակցեցաւ 61 հոգի:

Այս առումով արհեստավարժութեան դասընթացքներուն մասնակիցներուն համար վկայականաց բաշխման պատշաճ հանդիսութիւն մը տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 2 նոյեմբեր 2018-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, Հայ աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան վարժարանի հանդիսասրահին մէջ:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ արհեստավարժութեան դասընթացքներու պատասխանատու Քրիստին Սարգիսեան: Ան ըսաւ, թէ այսօրուան վկայականները իրենց առաջին քայլն է յաջողութեան, եւ ամէն մեծ ծրագիր կը սկսի առաջին քայլով: Քրիստին Սարգիսեան մաղթեց, որ անոնք իրենց ստացած գիտութիւնը եւ տեղեկութիւնները զարգացնեն «Գարակէօզեան»-ի մէջ թէ անկէ դուրս ասպարէզի վերածելով, որպէսզի յաջողութիւն գտնեն կեանքին մէջ:

«Հաուըրտ Գարակէօզեան» հաստատութեան տնօրէն Սերոբ Օհանեան գնահատանքի եւ շնորհակալական խօսքերով արժեւորեց արհեստավարժութեան դասընթացքներու յաջողութեան մէջ իրենց ներդրումը ունեցած բոլոր անձերը` մասնաւորելով մասնակիցները եւ ուսուցիչները: Ան յաջողութիւն մաղթեց դասընթացքի մասնակիցներուն իրենց կեանքի ասպարէզին մէջ եւ խոստացաւ նոր դասընթացքներ կազմակերպել «Գարակէօզեան»-ի մէջ: Սերոբ Օհանեան առաջնահերթութիւն նկատեց մարդոց առողջապահութիւնը հոգեկան, մտային եւ մարմնական բնագաւառներուն մէջ:

Ապա «Գարակէօզեան» հաստատութեան վարչութեան անունով սրտի խօսք արտասանեց Ազատուհի Սիմոնեան: Ան վարչութեան անունով գնահատեց իրագործուած աշխատանքները եւ շնորհաւորեց վկայեալներրը:

Հուսկ Փոնթիֆիքըլ Միշըն կազմակերպութեան անունով խօսք առաւ Մարլեն Քոնսթանթին, որ գնահատեց «Գարակէօզեան» հաստատութեան ծառայութիւնը` մատնանշելով, որ իրենց գործակցութեան մէջ յստակօրէն նկատուած է «Գարակէօզեան»-ի մարդասիրական ծառայութիւնը եւ ժողովուրդին կարիքներուն հասնելու իրողութիւնը: Մարլեն Քոնսթանթին ուրախութիւնը յայտնեց ի տես այս ծրագիրի յաջողութեան եւ ապագայ գործակցութեան պատրաստակամութիւն յայտնեց:

Ապա դասընթացքին մասնակիցները բեմ բարձրացան եւ իրենց վկայականները ստացան ձեռամբ «Գարակէօզեան» հաստատութեան տնօրէն Սերոբ Օհանեանի եւ դասընթացքի ուսուցիչներուն: Տեղի ունեցաւ կարկանդակի հատում եւ յիշատակի խմբանկար մը առնուեցաւ:

Նախորդը

Ֆրանսախօս Երկիրներու Միջազգային Կազմակերպութեան 17-րդ Վեհաժողովի Երեւանի Մէջ Կայացումը Դրական Արձագանգ Ունեցաւ Եւրոպական Երկիրներու Ղեկավարներուն Մօտ

Յաջորդը

Առաջնորդ Սրբազան Հօր Միջեկեղեցական Այցելութիւնները

RelatedPosts

Վեհափառ Հայրապետին Այցելեց Քրիստոնէական Զօրակցութեան Միջազգային Կազմակերպութեան Նախագահը
Գաղութային

Վեհափառ Հայրապետին Այցելեց Քրիստոնէական Զօրակցութեան Միջազգային Կազմակերպութեան Նախագահը

Հոկտեմբեր 27, 2025
Արամ Ա. «Անթիլիասը Կարիք Չունի Երեւանէն Եկող Թելադրութիւններուն Կամ Ուղղութիւններուն»
Գաղութային

Արամ Ա. «Անթիլիասը Կարիք Չունի Երեւանէն Եկող Թելադրութիւններուն Կամ Ուղղութիւններուն»

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Արամ Ա. Կաթողիկոս Հայագիտական Հիմնարկ»-ի 2025-2026 Ուսումնակրթական Տարեշրջանի Պաշտօնական Բացում
Գաղութային

«Արամ Ա. Կաթողիկոս Հայագիտական Հիմնարկ»-ի 2025-2026 Ուսումնակրթական Տարեշրջանի Պաշտօնական Բացում

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?