9 Դիմումի Ընդառաջում` Հոկտեմբեր Ամսուան Ընթացքին 18-ամսեայ Հաշուեկշիռ` 310 Պարագայ
ՀՅ Դաշնակցութեան Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի հաստատած Ազգային ինքնութեան ամրապնդման ֆոնտը հոկտեմբեր ամսուան ընթացքին ընդառաջած է 9 դիմումի, մինչ մայիս 2017-էն մինչեւ սեպտեմբեր 2018 ֆոնտէն օգտուելու իրաւունքին արժանացած է 301 պարագայ:
Այսպէս, Հայ ընտանիքի կազմութեան ֆոնտին (պսակադրութեան) դիմում չէ կատարուած:
Հայ մանուկի ֆոնտին (մկրտութեան) դիմում կատարած են 10 պարագաներ, որոնցմէ 9-ը պայմանները լրացուցած ըլլալով արժանացած են ֆոնտէն օգտուելու իրաւունքին:
Ընտանիքի բազմացման ֆոնտին (3-րդ երեխայ եւ աւելի) դիմում չէ կատարուած:
Այս ձեւով անցնող 18 ամիսներուն` մայիս 2017-էն հոկտեմբեր 2018 Ազգային ինքնութեան ամրապնդման ֆոնտի յատկացումին արժանացած են 310 հայեր:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ


