Գաղութային

ԼՕԽ.  Դոկտ. Հրանդ Մարգարեան Դասախօսեց  «Պատմութիւնը Իբրեւ Հիմք Ազգային Գոյութեան» Նիւթը

ԼՕԽ. Դոկտ. Հրանդ Մարգարեան Դասախօսեց «Պատմութիւնը Իբրեւ Հիմք Ազգային Գոյութեան» Նիւթը

Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան եւ օգտուելով մտաւորական, գրող, թատերագիր, բեմադրիչ եւ դերասան դոկտ. Հրանդ Մարգարեանի Լիբանան ներկայութենէն` Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան հրաւէրով ներկայացնելու «Խրիմեան Հայրիկ» մենաներկայացումը, չորեքշաբթի, 14 նոյեմբեր 2018-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ յատուկ դասախօսութիւն մը` «Պատմութիւնը իբրեւ հիմք ազգային գոյութեան» նիւթով: ՀՕՄ-ի քայլերգի յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, բացման խօսքով...

Հաղորդագրութիւն

Հաղորդագրութիւն

  ՀՅԴ-ԼԵՄ-ը անցնող օրերուն նախաձեռնած էր դրամահաւաքի, որուն նպատակն էր նեցուկ կանգնիլ առողջական խնդիրներու դէմ անհաւասար պայքար մղող 2 ընտանիքներու: Այս ծիրին մէջ միութիւնս, իր մասնաճիւղերուն միջոցով, նաեւ դիմեց իր համակիրներուն: Հանգանակուած 10.000.000 լիբանանեան ոսկին արդէն փոխանցուած է տուեալ ընտանիքներուն:

ԶՈՄ-ի Կեդրոնի Մէջ Ուսանողական Հանդիպում  Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանի Դիմումներու  Ընդունման Պատուիրակութեան Հետ

ԶՈՄ-ի Կեդրոնի Մէջ Ուսանողական Հանդիպում Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանի Դիմումներու Ընդունման Պատուիրակութեան Հետ

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան, երեքշաբթի, 13 նոյեմբեր 2018-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին արեւելում-ներկայացում մը տեղի ունեցաւ Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի դիմումներու ընդունման պատասխանատուներ Տաթեւիկ Օրտինեանի եւ Յաբէթ Մատոյեանի հետ, «Աբրահամ Աշճեան» երիտասարդական-ուսանողական կեդրոնին մէջ: Հանդիպումին ներկայ եղան մեծ թիւով ուսանողներ, դպրոցական աշակերտներ եւ ծնողներ: «Դէպի երկիր» կարգախօսին ներքեւ, հանդիպման հիմնական նպատակն էր քաջալերել հայ ուսանողը իր բարձրագոյն ուսումը շարունակելու հայրենիքին մէջ:...

Այնճարի Մէջ.  Դոկտ. Հրանդ Մարգարեան Ներկայացուց  «Խրիմեան Հայրիկ» Մենաներկայացումը

Այնճարի Մէջ. Դոկտ. Հրանդ Մարգարեան Ներկայացուց «Խրիմեան Հայրիկ» Մենաներկայացումը

Հովանաւորութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղին, երէկ` երեքշաբթի, 13 նոյեմբեր 2018-ին, հոծ բազմութեան մը ներկայութեամբ,  Այնճարի Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Խրիմեան Հայրիկ» մենաներկայացումը` հեղինակութեամբ, խաղարկութեամբ եւ բեմադրութեամբ դոկտ. Հրանդ Մարգարեանի, որուն խաղարկութեան մէջ ընկերակցեցան Այնճարի Ազգային «Գալուստ Կիւլպէնկեան» վարժարանի եւ Հայ աւետարանական վարժարանի աշակերտներ: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ դոկտ. Թամար Յովհաննիսեան,...

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան  Կազմակերպած Հայ Գիրքի Համահայկական  Ցուցահանդէսը Այս Տարի Եւս Իր Դռները Բացաւ  Ընթերցասէր Հանրութեան Դիմաց

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Կազմակերպած Հայ Գիրքի Համահայկական Ցուցահանդէսը Այս Տարի Եւս Իր Դռները Բացաւ Ընթերցասէր Հանրութեան Դիմաց

Հանդիսապետութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին, կիրակի, 11 նոյեմբեր 2018-ին, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ տեղի ունեցաւ Հայ գիրքի համահայկական 39-րդ ցուցահանդէսին բացման հանդիսութիւնը: Յետ Ս. եւ անմահ պատարագին, հայրապետական թափօրը ուղղուեցաւ ցուցահանդէսին տաղաւարը: Վեհափառ հայրապետը տաղաւարի մուտքին դիմաւորուեցաւ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին կողմէ եւ պաշտօնական բացումը կատարեց ցուցահանդէսին: Իր պատգամին  մէջ վեհափառ հայրապետը յայտնեց, որ հայ գիրքը արժէք է հայ մարդուն համար, իսկ արժէքը նուիրական...

Գիւմրիի Պետական Թատերախումբի Ներկայացումները  Մեծ Խանդավառութիւն  Ստեղծեցին Լիբանանահայ Թատերասէրներուն Մօտ

Գիւմրիի Պետական Թատերախումբի Ներկայացումները Մեծ Խանդավառութիւն Ստեղծեցին Լիբանանահայ Թատերասէրներուն Մօտ

Արամ Ա. Կաթողիկոս 5000 Տոլար Նուիրեց Գիւմրիի «Վարդան Աճէմեան» Թատերախումբին Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի վարչութեան,  հինգշաբթի երեկոյեան «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ հոծ բազմութեան դիմաց Հայաստանի Հանրապետութեան Գիւմրիի «Վարդան Աճէմեան»-ի անուան պետական տրամաթիքական թատրոնը «Հարսանիք թիկունքում» թատերախաղը ներկայացնելէ ետք, ուրբաթ երեկոյեան հանդէս եկաւ «Սիրոյ քեսթինկ», շաբաթ երեկոյեան` «Երկնագոյն շան աչքերը» ներկայացումներով, իսկ երէկ` կիրակի երեկոյեան անգամ մը եւս հանրութեան...

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի Մէջ Հայաստանի  Դեսպանատան Եւ Կազմակերպութեամբ  Ս. Էջմիածնի Կրօնասէր  Տիկնանց Համախմբումին

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի Մէջ Հայաստանի Դեսպանատան Եւ Կազմակերպութեամբ Ս. Էջմիածնի Կրօնասէր Տիկնանց Համախմբումին

«Նոր Անուններ» Երաժիշտներու Համերգային Ծրագիրի Բարձրորակ Կատարում Կիրակի, 11 նոյեմբեր 2018-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, հովանաւորութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան, կազմակերպութեամբ Ս. Էջմիածնի Կրօնասէր տիկնանց համախմբումին, Պուրճ Համուտի «Յովհաննէս Պօղոսեան» թատերասրահին մէջ կայացաւ հայկական եւ միջազգային դասական երաժշտական եզակի համերգ` կատարողութեամբ Հայաստանի պատանի տաղանդաւոր երաժիշտներու «Նոր անուններ» խումբին` գլխաւորութեամբ Սիլվա Մեքինեանի: Յայտագիրը սկիզբ առաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներուն յոտնկայս ունկնդրութեամբ:...

Բոլորս Աւետիս Գրիգորեանի Կողքին Ենք

Բոլորս Աւետիս Գրիգորեանի Կողքին Ենք

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան 8 նոյեմբերին այցելեցին Աւետիս Գրիգորեանի   բնակարանը` անոր մաղթելով շուտափոյթ ապաքինում: Անոնք յայտնեցին, որ իրենց բոլոր կարելիութիւնը կը դնեն արեան քաղցկեղէ տառապող եւ վիրաբուժութեան կարիք ունեցող 13 տարեկան հայ պատանիին տրամադրութեան տակ, որպէսզի կարելի ըլլայ առաւելագոյն չափով արագ կատարել անհրաժեշտ բժշկական գործընթացները` Լիբանանի թէ...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Գիւմրիի  «Վարդան Աճէմեան»-ի Անուան Պետական  Տրամաթիքական Թատրոնը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Գիւմրիի «Վարդան Աճէմեան»-ի Անուան Պետական Տրամաթիքական Թատրոնը

Հինգշաբթի, 8 նոյեմբեր 2018-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը Անթիլիասի մայրավանքի վեհարանին մէջ ընդունեց Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի վարչութենէն պատուիրակութիւն մը եւ վերջինիս հրաւէրով Լիբանան գտնուող Գիւմրիի «Վարդան Աճէմեան»-ի անուան պետական տրամաթիքական թատրոնի անդամներ: Հանդիպումի ընթացքին խօսք առաւ Գիւմրիի պետական թատրոնի գեղարուեստական ղեկավար եւ բեմադրիչ Լութֆիկ Յարութիւնեան, որ ներկայացնելէ ետք դերասանները, հակիրճ կերպով խօսեցաւ թատերախումբին մասին, ու վեհափառ հայրապետին ներկայացուց թատրոնին...

«Հարսանիք Թիկունքում»

«Հարսանիք Թիկունքում»

Յ. ԳՆԴՈՒՆԻ Հայաստանի Հանրապետութեան մշակոյթի նախարարութեան Գիւմրիի «Վարդան Աճէմեան»-ի անուան պետական տրամաթիքական թատրոնը Պուրճ Համուտի «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ 8 նոյեմբեր 2018-ին ներկայացուց «Հարսանիք թիկունքում» ողբերգակատակերգութիւնը` հեղինակութեամբ Անահիտ Աղասարեանի եւ բեմադրութեամբ Լութֆիկ Յարութիւնեանի: Գիւմրիի պետական տրամաթիքական թատրոնը հիմնուած է 1928-ին: 1988-ին բեմադրիչ Յ. Ղազանչեան զայն կը վերանուանէ Գիւմրիի «Վարդան Աճէմեան»-ի անուան թատրոն ու կը դառնայ խումբին ղեկավարը` մինչեւ 1994:...

«Հարսանիք Թիկունքում» Թատերախաղը Յուզեց Լիբանանահայ Թատերասէրները

«Հարսանիք Թիկունքում» Թատերախաղը Յուզեց Լիբանանահայ Թատերասէրները

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Գ. Իփէկեան» թատերախումբի վարչութեան, երէկ` հինգշաբթի, 8 նոյեմբեր 2018-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Գիւմրիի «Վարդան Աճէմեան»-ի անուան պետական տրամաթիքական թատրոնի «Հարսանիք թիկունքում» թատերական ներկայացումը, որ մեծ խանդավառութիւն եւ յուզում ստեղծեց լիբանանահայ թատերասէր հանրութեան մօտ: Նշեալ թատերական ներկայացման լիարժէքօրէն պիտի անդրադառնանք յաջորդիւ: Յայտնենք, որ այսօր` ուրբաթ, 9 նոյեմբերին պիտի ներկայացուին «Սիրոյ քեսթինկ», վաղը` շաբաթ, 10 նոյեմբերին...

Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան»  Ցուցասրահին Մէջ.  Արուեստագէտ Լենա Այտընեանի «Յոյսի Աղբիւր»  Խորագիրով Ցուցահանդէսի Բացում

Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» Ցուցասրահին Մէջ. Արուեստագէտ Լենա Այտընեանի «Յոյսի Աղբիւր» Խորագիրով Ցուցահանդէսի Բացում

Հովանաւորութեամբ «Իննովաս ֆարմ» ընկերութեան տնօրէն տոքթ. Ռիթա Սըֆէյրի երէկ` հինգշաբթի, 8 նոյեմբերին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ գեղանկարիչ Լենա Այտընեանի «Յոյսի աղբիւր» խորագիրը կրող անհատական ցուցահանդէսին բացումը: Ներկայ էին մեծ թիւով լիբանանահայ արուեստագէտներ եւ արուեստասէր հոծ բազմութիւն մը: Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահի անձնակազմէն Անժելա Տաղլեան հայերէնով արտասանած բարի գալուստի իր խօսքին մէջ նշեց, որ այսօրուան...

Յայտարարութիւն

Լիբանանում Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութիւնը տեղեկացնում է, որ Հայաստանի նախագահի 2018 թուականի մայիսի 15-ի թիւ 172-Ա հրամանագրով ներքոյիշեալ համարների ստացագրեր ունեցողների Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիութիւն ստանալու դիմումները մերժուել են. 18405, 18586, 18772, 18403, 18944, 18545, 19011, 18664, 18447, 18909, 18639, 19025, 18745, 18465, 18616, 18420, 18713, 18622, 18423, 18734, 18522, 18570 (շարունակելի) *** Լիբանանում Հայաստանի Հանրապետութեան  դեսպանութիւնը տեղեկացնում է, որ Հայաստանի նախագահի...

Հաղորդագրութիւն

Հաղորդագրութիւն

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը լիբանանեան լրատուամիջոցներուն յղեց հետեւեալ հաղորդագրութիւնը. Կարգ մը լրատուամիջոցներ երկուշաբթի, 5 նոյեմբերին հրապարակեցին Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի այն յայտարարութիւնը, թէ «ազրպէյճանական տարածքներու հայկական բռնագրաւումն ու բնակչութեան տեղահանումը մեզ կը մօտեցնէ պաղեստինցի ժողովուրդին` կրած տառապանքին տարողութեան»` աւելցնելով. «Ազրպէյճանցի ժողովուրդը դժուարագոյն պահերուն կը կանգնի պաղեստինցի ժողովուրդի կողքին: Մենք կը հասկնանք ձեր տառապանքը, որովհետեւ մեր հողերը ենթարկուեցան...

Արցախի Մէջ Զինուոր Մը Զոհուած Է

Զոհուած 4 Զինուորներուն Հոգիներուն Համար Հոգեհանգիստ Պիտի Կատարուի Անթիլիասի Մայր Տաճարին Մէջ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան տեղեկատուական բաժանմունքէն կը տեղեկացնեն, թէ երէկ առաւօտեան Արամ Ա. կաթողիկոս խոր ցաւով տեղեկացաւ Գորիս-Որոտան ճամբուն վրայ Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան պատկանող բեռնատարի արկածին մասին: Վեհափառ հայրապետը կ՛աղօթէ զոհուած չորս երիտասարդ հայ զինուորներու հոգիներուն համար, եւ այս տխուր առիթով իր օրհնութիւնն ու ցաւակցութիւնը կը փոխանցէ հայոց արի բանակին եւ նահատակ զինուորներու ընտանիքներուն: Վեհափառ հայրապետը  շուտափոյթ ապաքինման իր...

Գիւմրիի «Վարդան Աճէմեան»-ի Անուան  Պետական Տրամաթիքական Թատրոնը Շաբաթավերջին  Կը Ներկայացնէ Երեք Թատերախաղ

Գիւմրիի «Վարդան Աճէմեան»-ի Անուան Պետական Տրամաթիքական Թատրոնը Շաբաթավերջին Կը Ներկայացնէ Երեք Թատերախաղ

Երեքշաբթի, 6 նոյեմբեր 2018-ին, կէսօրէ ետք ժամը 1:00-ին, Պէյրութի միջազգային օդակայան հասաւ երկար ժամանակէ ի վեր սպասուած Գիւմրիի «Վարդան Աճէմեան»-ի անուան պետական տրամաթիքական թատրոնը,  որ այս շաբաթավերջին «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ  պիտի ներկայացնէ «Հարսանիք թիկունքում», «Սիրոյ քեսթինկ» եւ «Երկնագոյն շան աչքերը» ներկայացումները: Խումբի բեմադրիչ եւ գեղարուեստական պատասխանատու Լութֆիկ Յարութիւնեան «Ազդակ»-ի հետ ունեցած կարճ զրոյցի մը ընթացքին նկատել տուաւ, որ...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Իրանի Դեսպանը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Իրանի Դեսպանը

Երէկ` երեքշաբթի, 6 նոյեմբեր 2018-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին այցելեց Լիբանանի մէջ Իրանի նոր նշանակուած դեսպան Մոհամետ Ժալալ Ֆիրուզնիան: Շուրջ երկու ժամ տեւած հանդիպումի ընթացքին լայնօրէն քննարկուեցան Իրանի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ու Հայաստանի Հանրապետութեան միջեւ գործակցութեան, ինչպէս նաեւ Միջին Արեւելքին ու Լիբանանին առնչուած հարցեր: Յիշեալ հարցերուն գծով թէ՛ վեհափառ հայրապետը եւ թէ՛ դեսպանը իրենց տեսակէտները յայտնեցին: Վեհափառ հայրապետը...

Անկլիքան – Արեւելեան Ուղղափառ  Աստուածաբանական Երկխօսութեան  Յանձնախումբի Ժողով

Անկլիքան – Արեւելեան Ուղղափառ Աստուածաբանական Երկխօսութեան Յանձնախումբի Ժողով

Անկլիքան-արեւելեան ուղղափառ (ոչ քաղկեդոնական) եկեղեցիներու Աստուածաբանական երկխօսութեան միջազգային յանձնախումբը իր եօթներորդ ժողովը գումարեց 22-26 հոկտեմբեր 2018-ին, Աթշանէի (Լիբանան) ասորի պատրիարքական կեդրոնին մէջ: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կողմէ սոյն ժողովին մասնակցեցան Պօղոս վրդ. Թինքճեան եւ Զարեհ վրդ. Սարգիսեան: Յանձնախումբը նախ եւ առաջ խոր կսկիծով յիշեց իր հիմնադիրներէն` ժողովին նախկին արեւելեան ուղղափառ ատենապետ, Ղպտի եկեղեցւոյ մետրոպոլիտ Պիշոյի մահուան գուժը: Ապա, արեւելեան ուղղափառ...

«Ազդակ»-ի Գաղափարաբանական Յաւելուածը Լոյս Կը Տեսնէ Ի Մօտոյ

Մեկնելով այն մտահոգութենէն, որ ընդհանրապէս հայկական մամուլին մէջ այլեւս շատ չեն արծարծուիր գաղափարաբանական հարցեր, եւ մամուլի սիւնակները ընդհանրապէս յատկացուած կ՛ըլլան քաղաքական ընթացիկ լուրերուն եւ վերլուծումներուն, «Ազդակ»-ի խմբագրութիւնը նախաձեռնած է զուտ գաղափարաբանական յաւելուածի մը հրապարակման: Համամարդկային եւ ազգային առումով ժամանակակից գաղափարաբանական եւ պատմափիլիսոփայական միտքը յուզող նիւթեր ընդգրկող այս յաւելուածը նուիրուած պիտի ըլլայ դաշնակցական նշանաւոր տեսաբան, 20-րդ դարու հայ փիլիսոփայական մտքի յառաջամարտիկներէն,...

Page 213 of 365 1 … 212 213 214 … 365

Արխիւներ