1978 թուին Ղազախստանի նախկին մայրաքաղաք Ալմա Աթայի մէջ տեղի ունեցաւ առանցքային համաժողով մը, որ համախմբեց առողջապահական փորձագէտներն ու համաշխարհային առաջնորդները` հաստատելու «Առողջութիւնը բոլորին համար է» կարգախօսը: Այս համաժողովին հաւանութիւն տրուած Ալմա Աթայի հռչակագիրը հիմքը հանդիսացաւ առողջապահական կեդրոններու 40-ամեայ գործունէութեան:
40 տարիներ ետք, Ղազախստանի կառավարութեան հիւրընկալութեամբ, Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան եւ ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի, հինգշաբթի, 25 եւ ուրբաթ, 26 հոկտեմբեր 2018-ին Ղազախստանի Ասթանա մայրաքաղաքին մէջ դարձեալ տեղի ունեցաւ Առողջապահական կեդրոններու միջազգային համաժողովը, որպէսզի վերականգնի առաջնային առողջապահական խնամքի ուժեղացումը` հասնելու համընդհանուր առողջապահական ծածկոյթի, շեշտուի կանխարգիլման կարեւորութիւնը, եւ բոլորը անխտիր ստանան առողջապահական բարձրագոյն մակարդակի խնամք:
Տուեալ համաժողովին Միջազգային ազգերու կազմակերպութեան բոլոր բաժանմունքներու պատասխանատուներուն կողքին իրենց մասնակցութիւնը բերին 1500 ներկայացուցիչներ, եկած աւելի քան 80 տարբեր երկիրներէ:
Լիբանանէն մասնակցեցան Առողջապահութեան նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն տոքթ. Ուալիտ Ամմարն ու իր քարտուղարը, Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան կողմէ յատուկ հրաւէրով ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Լիբանանի Հաուըրտ Գարակէօզեան հաստատութեան տնօրէն Սերոբ Օհանեանը:
Նկատի ունենալով, որ Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը վերջին տարիներուն քաջատեղեակ էր Լիբանանի Գարակէօզեան հաստատութեան տարած առողջապահական խնամքէն եւ անոր կատարած կանխարգիլման արշաւներէն, հետեւաբար, համաժողովի ընթացքին խօսք տրուեցաւ նաեւ Սերոբ Օհանեանին` ներկայացնելու Լիբանանի մէջ առողջապահութեան կեդրոնի գործընթացը:
Ս. Օհանեան իր զեկոյցին մէջ յատուկ անդրադարձաւ այդ իրողութեան, թէ հաստատութիւնը ինչպէ՛ս կ՛աշխատի կանխարգիլելու հիւանդութիւնները` կազմակերպելով դպրոցական առողջապահական քննութիւններ, մանուկներու պատուաստումներ, համայնքային բարգաւաճման ընկերային առողջապահական-դասախօսական շարքեր` հերթական դրութեամբ եւ հիւանդութիւններու կանխարգիլման արշաւներ:
Համաշխարհային տարողութեամբ խիստ կարեւորութիւն ունեցող միջազգային այս ժողովը կրկնակի նշանակութիւն ունի մեզի համար, որովհետեւ պետական մակարդակի մասնակցութեանց կողքին Գարակէօզեան բարեսիրական հաստատութեան գործօն ներկայութիւնը, չափանիշը կը հանդիսանայ անոր վայելած միջազգային վարկին ու համբաւին, եւ այս բացառիկ պատիւը կը պարտինք անոր ձեռնհաս երիտասարդ տնօրէնին` Սերոբ Օհանեանին, որ մշտարթուն հետեւելով միջազգային կեանքին մէջ առողջապահական թէ բարեսիրական անցուդարձերուն, միշտ պատեհ առիթը կը գտնէ լուսարձակի տակ բերելու Գարակէօզեան հաստատութեան ընդմէջէն հայ ժողովուրդին ներդրումը` միջազգային մեծ ընտանիքին յառաջդիմութեան մէջ:
Այսօր Գարակէօզեան հաստատութիւնը` 100-ամեակի սեմին, հաւատարիմ իր հիմնադիրներուն նպատակին, կը շարունակէ իր ծառայողական առաքելութիւնը բժշկական խնամքի կողքին շեշտը դնելով հիւանդութիւններու կանխարգիլման արթնութեան արշաւներուն եւ առողջութեան խթանումին վրայ` տեսնելու մանուկը առողջ իր իսկ միջավայրին մէջ, շրջապատուած ընտանիքի առողջ անդամներով:



