Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անկլիքան – Արեւելեան Ուղղափառ Աստուածաբանական Երկխօսութեան Յանձնախումբի Ժողով

November 6, 2018
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Անկլիքան-արեւելեան ուղղափառ (ոչ քաղկեդոնական) եկեղեցիներու Աստուածաբանական երկխօսութեան միջազգային յանձնախումբը իր եօթներորդ ժողովը գումարեց 22-26 հոկտեմբեր 2018-ին, Աթշանէի (Լիբանան) ասորի պատրիարքական կեդրոնին մէջ: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կողմէ սոյն ժողովին մասնակցեցան Պօղոս վրդ. Թինքճեան եւ Զարեհ վրդ. Սարգիսեան:

Յանձնախումբը նախ եւ առաջ խոր կսկիծով յիշեց իր հիմնադիրներէն` ժողովին նախկին արեւելեան ուղղափառ ատենապետ, Ղպտի եկեղեցւոյ մետրոպոլիտ Պիշոյի մահուան գուժը: Ապա, արեւելեան ուղղափառ ներկայացուցիչները միաձայնութեամբ իրենց նոր ատենապետ ընտրեցին Լոնտոնի ղպտի արքեպիսկոպոս մետրոպոլիտ Անկելոսը: Նախորդ ժողովներուն ընթացքին սոյն յանձնախումբը արդէն իսկ եզրակացուցած էր Քրիստոսի երկու բնութիւններուն եւ Սուրբ հոգիի բխման գծով իր քննարկումները: Համաձայն յանձնախումբին նիւթերու ցանկին, այս տարուան ժողովի օրակարգի նիւթն էր եկեղեցւոյ մէջ հեղինակութեան գոյավիճակը: Դիւանի ընտրութենէն ետք ժողովականներէն ոմանք եպիսկոպոսներու, սիւնհոդոսի եւ տիեզերական ժողովներու առնչուող իրենց ուսումնասիրութիւնները ներկայացուցին: Կարծիքներ եւ մտահոգութիւններ փոխանակելէ ետք, ժողովը պատշաճ նկատեց յաւելեալ աշխատանքներ կատարել յառաջիկայ տարուան ժողովին հասարակաց մօտեցումները յստակացնելու նպատակով: Առ այդ, որոշուեցաւ փոխադարձ ուսումնասիրութիւններով երկուստեք ներկայացումներ կատարել: Այս առումով, Զարեհ վրդ. Սարգիսեան արեւելեան ուղղափառ յանձնախումբին կողմէ յառաջիկայ տարուան համար պիտի ուսումնասիրէ սիւնհոդոսի, եպիսկոպոսական ժողովներու եւ եպիսկոպոսական կարգին շուրջ Անկլիքան եկեղեցւոյ մօտեցումն ու տեսակէտները:

Ժողովականները նաեւ առիթը ունեցան այցելելու Արամ Ա. կաթողիկոսին: Վեհափառ հայրապետը լսելէ ետք ժողովականները, անձնական փորձառութենէ մեկնելով իր թելադրութիւնները կատարեց յանձնախումբին: Վեհափառ հայրապետը իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Անցեալին աստուածաբանական խնդիրները մեր պատմութեան ամբողջ ընթացքը փոխեցին: Եկեղեցիներուն աստուածաբանական դիրքորոշումները ճակատագրական դերակատարութիւն ունեցան ժողովուրդներու եւ ազգերու ապագային գծով: Քաղկեդոնի ժողովին մեր կեցուածքը անհերքելի կերպով մեր ազգային պատմութեան ուղին փոխեց: Այսօր սակայն զգուշ պէտք է ըլլալ, որ մեր աստուածաբանական երկխօսութիւնները մեզ չհեռացնեն ներկայի մտահոգութիւններէն: Մեր եկեղեցաբանական հաւաքները մեզ պէտք չէ մեկուսացնեն ընկերութիւնը յուզող այսօրուան հարցերէն… Իբրեւ քրիստոնեայ եկեղեցիներ, մենք բնականաբար կոչուած ենք իրարու օժանդակելու… Միջին Արեւելքը ունի իր զգայնութիւնները, եւ հետեւաբար Արեւմուտք բնակող քրիստոնեաները պէտք է նկատի առնեն այս մէկը: Աղօթքի կողքին անոնց դրական զօրակցութիւնն ու գործակցութիւնը անհրաժեշտ են այսօր»:

Յանձնախումբի անդամները իրենց կարգին վստահեցուցին, թէ վեհափառ հայրապետին մտահոգութիւններն ու թելադրանքները իրենց ընկերութիւններուն լսելի պիտի դարձնեն:

Մասնակիցները նաեւ առիթը ունեցան բարձրանալու Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանք, ուր մօտէն ծանօթացան դպրեվանքի ներքին կեանքին եւ առաքելութեան:

Ժողովի շաբթուան աւարտին, յանձնախումբը հաւատարիմ այս տարուան Լիբանանի մէջ կայացած ժողովին, անգամ մը եւս շեշտեց կարեւորութիւնը քրիստոնէական միասնականութեան: Ժողովականները գիտակցեցան, թէ այլեւս դիւրին չէ «Արեւելքի եկեղեցի» եւ «Արեւմուտքի եկեղեցի» մակդիրները օգտագործել, որովհետեւ արեւելեան եկեղեցիները այլեւս իրենց աւանդական սահմաններէն անդին են: Հետեւաբար, մէկուն մտահոգութիւնը բոլորինն է: Երկրագունդին ամբողջ տարածքին իրենց գոյութիւնը փաստած ըլլալով, եկեղեցիներ իրարմէ սորվելու եւ իրարու օժանդակ դառնալու կոչուած են: Իրօք, մեկուսացումը այլեւս ընտրութիւն մը չէ անոնց համար:

Ժողովականներ աւարտին եւս աղօթք կատարեցին Հալէպի մէջ առեւանգուած ասորի եպիսկոպոս Գրիգորիոս Եուհաննա Իպրահիմ եւ յոյն ուղղափառ եպիսկոպոս Պուլոս Եազիճի մեթրոպոլիտներուն ազատութեան համար: Բոլոր ժողովականները նաեւ երախտապարտ էին յանձնախումբի անդամներուն իրարու նկատմամբ ունեցած եղբայրական սիրոյ եւ յարգանքին:

Նախորդը

«Ազդակ»-ի Գաղափարաբանական Յաւելուածը Լոյս Կը Տեսնէ Ի Մօտոյ

Յաջորդը

«Թուրքիան Յաջողած Է Զգալիօրէն Նուազեցնել Օտարերկրեայ Զէնք Արտադրողներէն Կախեալութիւնը» Ըսաւ Էրտողան

RelatedPosts

Խմբագրական.   Նոր Ռազմավարութիւն` Ազրպէյճանի  Մշակութային Ցեղասպանութեան Դէմ
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Նոր Ռազմավարութիւն` Ազրպէյճանի Մշակութային Ցեղասպանութեան Դէմ

September 15, 2026
Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Կը Յուսանք,  Որ «Իրական» Հայաստանէն Մասեր  Շուշիի Ճակատագիրին Չենթարկուին»
Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Կը Յուսանք, Որ «Իրական» Հայաստանէն Մասեր Շուշիի Ճակատագիրին Չենթարկուին»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.