Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գիւմրիի Պետական Թատերախումբի Ներկայացումները Մեծ Խանդավառութիւն Ստեղծեցին Լիբանանահայ Թատերասէրներուն Մօտ

Նոյեմբեր 12, 2018
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Արամ Ա. Կաթողիկոս 5000 Տոլար Նուիրեց Գիւմրիի «Վարդան Աճէմեան» Թատերախումբին

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի վարչութեան,  հինգշաբթի երեկոյեան «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ հոծ բազմութեան դիմաց Հայաստանի Հանրապետութեան Գիւմրիի «Վարդան Աճէմեան»-ի անուան պետական տրամաթիքական թատրոնը «Հարսանիք թիկունքում» թատերախաղը ներկայացնելէ ետք, ուրբաթ երեկոյեան հանդէս եկաւ «Սիրոյ քեսթինկ», շաբաթ երեկոյեան` «Երկնագոյն շան աչքերը» ներկայացումներով, իսկ երէկ` կիրակի երեկոյեան անգամ մը եւս հանրութեան ներկայացաւ «Հարսանիք թիկունքում» թատերախաղով:

Արազ Գոճայեան

«Սիրոյ քեսթինկ»թատերախաղը կատակերգութիւն է, որ կը խօսի երեք տարեց կիներու մասին, որոնք մինակ կ՛ապրին եւ յանկարծ կ՛որոշեն իրենց այդ յառաջացած տարիքին մէջ ամուսնանալ: Անոնցմէ մէկը կը փորձէ համացանցով ամուսին գտնել իր ընկերուհիներէն մէկուն:

«Երկնագոյն շան աչքերը» անհեթեթ ներկայացում մըն է, որ կը խօսի իրարու անծանօթ աղջկայ մը եւ տղու մը մասին, որոնք ամէն գիշեր իրենց երազին մէջ կը հանդիպին իրարու: Անոնք կը փորձեն իրական կեանքին մէջ եւս զիրար գտնել, սակայն չեն յաջողիր:

Պէտք է նշել, որ «Հարսանիք թիկունքում» թատերախաղի զոյգ ներկայացումներէն առաջ Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի վարչութեան անունով խօսք առաւ Արազ Գոճայեան: Ան նախ եւ առաջ հրաւիրեց ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգելու թատերագիր Արա Արծրունիի յիշատակը: Գոճայեան նկատել տուաւ, որ  Գիւմրիի «Վարդան Աճէմեան»-ի անուան պետական տրամաթիքական թատրոնին հետ համագործակցութիւնը սկիզբ առած էր այս ամառ, Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի Գիւմրի այցելութեամբ` աւելցնելով, որ ներկայացուելիք թատերախաղերուն ընթացքին հանդիսատեսները ականատես պիտի ըլլան բարձրորակ արուեստի եւ պիտի վայելեն Հայաստանի ժողովրդական արուեստագէտներուն, ինչպէս նաեւ Գիւմրիի թատերախումբի հին եւ նոր սերունդի ներկայացուցիչներուն խաղարկութիւնը: Իր խօսքի աւարտին Գոճայեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր այն հաստատութիւններուն, ի մասնաւորի ձեռնարկի գլխաւոր հովանաւոր «Պանք աֆ Պէյրութ»-ին, որոնց նիւթական եւ բարոյական աջակցութեամբ կարելի եղաւ իրականացնել սոյն նախաձեռնութիւնը:

Կիրակի օրուան ելոյթին ներկայ գտնուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը:

Ելոյթի աւարտին շնորհակալական խօսքով ելոյթ ունեցաւ Գիւմրիի «Վարդան Աճէմեան»-ի անուան պետական տրամաթիքական թատրոնի բեմադրիչ եւ գեղարուեստական պատասխանատու Լութֆիկ Յարութիւնեան, որմէ ետք տեղի ունեցաւ յուշանուէրներու փոխանակում` թատերախումբերուն միջեւ:

Նշենք, որ վեհափառ հայրապետը, բարձր գնահատելով Գիւմրիի «Վարդան Աճէմեան»-ի անուան պետական տրամաթիքական թատրոնի կատարումը, հինգ հազար ամերիկեան տոլար նուիրեց թատերախումբի անդամներուն:

Յայտնենք, որ այսօր` երկուշաբթի, 12 նոյեմբերին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:30-ին տեղի պիտի ունենայ աշակերտական ելոյթ, որուն ներկայ պիտի գտնուին լիբանանահայ վարժարաններէ աւելի քան 450 աշակերտներ:

Ընդառաջելով ժողովուրդի փափաքին` «Հարսանիք թիկունքում»-ը պիտի կրկնուի այսօր` երկուշաբթի, 12 նոյեմբեր 2018-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ: Տոմսերը ստանալ Համազգայինի գրախանութէն, ԱՖՀԻԼ-էն եւ կիշէէն:

 

 

Նախորդը

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի Մէջ Հայաստանի Դեսպանատան Եւ Կազմակերպութեամբ Ս. Էջմիածնի Կրօնասէր Տիկնանց Համախմբումին

Յաջորդը

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Կազմակերպած Հայ Գիրքի Համահայկական Ցուցահանդէսը Այս Տարի Եւս Իր Դռները Բացաւ Ընթերցասէր Հանրութեան Դիմաց

RelatedPosts

Վեհափառ Հայրապետին Այցելեց Քրիստոնէական Զօրակցութեան Միջազգային Կազմակերպութեան Նախագահը
Գաղութային

Վեհափառ Հայրապետին Այցելեց Քրիստոնէական Զօրակցութեան Միջազգային Կազմակերպութեան Նախագահը

Հոկտեմբեր 27, 2025
Արամ Ա. «Անթիլիասը Կարիք Չունի Երեւանէն Եկող Թելադրութիւններուն Կամ Ուղղութիւններուն»
Գաղութային

Արամ Ա. «Անթիլիասը Կարիք Չունի Երեւանէն Եկող Թելադրութիւններուն Կամ Ուղղութիւններուն»

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Արամ Ա. Կաթողիկոս Հայագիտական Հիմնարկ»-ի 2025-2026 Ուսումնակրթական Տարեշրջանի Պաշտօնական Բացում
Գաղութային

«Արամ Ա. Կաթողիկոս Հայագիտական Հիմնարկ»-ի 2025-2026 Ուսումնակրթական Տարեշրջանի Պաշտօնական Բացում

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?