Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան եւ օգտուելով մտաւորական, գրող, թատերագիր, բեմադրիչ եւ դերասան դոկտ. Հրանդ Մարգարեանի Լիբանան ներկայութենէն` Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան հրաւէրով ներկայացնելու «Խրիմեան Հայրիկ» մենաներկայացումը, չորեքշաբթի, 14 նոյեմբեր 2018-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ յատուկ դասախօսութիւն մը` «Պատմութիւնը իբրեւ հիմք ազգային գոյութեան» նիւթով:
ՀՕՄ-ի քայլերգի յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, բացման խօսքով հանդէս եկաւ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան անդամ Նազիկ Աւագեան: Ան բարի գալուստ մաղթեց մտաւորական դոկտ. Հրանդ Մարգարեանին` նշելով, որ բախտաւորութիւնը ունին հիւրընկալելու եւ լսելու հմուտ մտաւորականին դասախօսութիւնը: Ապա Նազիկ Աւագեան ներկայացուց դոկտ. Հրանդ Մարգարեանի հակիրճ կենսագրականը` լուսարձակի տակ առնելով անոր թատերական, մտաւորական լայնածաւալ գործունէութիւնը եւ ներդրումը առհասարակ հայութեան կեանքին մէջ:
Դոկտ. Հրանդ Մարգարեան իր ուրախութիւնը յայտնեց ԼՕԽ-ի յարկին տակ գտնուելու եւ դասախօսութեամբ հանդէս գալու առնչութեամբ` մատնանշելով, որ ՀՕՄ-ը իրեն հոգեհարազատ միութիւն է: Ան նշեց, որ ՀՕՄ-ը հայ ժողովուրդի ամէնէն զօրաւոր եւ հոյակապ կազմակերպութիւնն է: Դասախօսը իր նիւթին առաջին բաժինով ըսաւ, որ մեր կեանքին մէջ նիւթեր կան, որոնք իմաստ չեն ստանար, երբ գաղափար չկայ: Երբ գործ մը կ՛ընենք եւ ատիկա տեսական հարց չունենայ իր ետին, ան կորսուած է: ՀՕՄ-ը ազգային գոյութեան հարց է: Ազգային է իր շունչով, մտքով, սրտով, սակայն անոր բոլոր աշխատանքները կը կեդրոնանան ազգային գոյութեան վրայ: Ազգային գոյութեան գիտակցութիւնը ունենալու համար, պէտք է վերադառնանք հայոց պատմութեան: Պատմութիւնը հիմքն է, որովհետեւ հայ կինը կար դարեր առաջ, կար հեթանոսական շրջանէն:
Հայ կինը եղած է ու կը մնայ մինչեւ այսօր հայ ընտանիքի ամէնէն զօրաւոր կռուանը ամուսինէն աւելի, եւ մեր ազգը չէ գնահատած հայ կնոջ ամբողջական նուիրման մասնակցութիւնը: Ապա ան խօսեցաւ նպատակի մասին` յայտնելով, որ կեանքին մէջ ինչ որ կ՛ընես, ինչ մարզի մէջ ալ ըլլայ, եթէ նպատակը չտեսնես եւ ատիկա չկրնաս բանաձեւել, այդ պարագային աշխատանքդ կը դառնայ անիմաստ: Մենք պէտք է կարենանք պատրաստել, կերտել, ստեղծել մեր նմանը կամ մեզմէ աւելի լաւը, հունտերը այնպէս լաւ ցանել, որպէսզի կարելի ըլլայ հնձել: Այս ձեւով մենք կը ստեղծենք հայը կամ հայուհին, որ լաւագոյնը կ՛ըլլայ ընդհանուրին մէջ:
Ապա հարցադրում մը կատարելով, թէ մենք ի՞նչ կը պատրաստենք, Մարգարեան նշեց, որ ՀՕՄ-ի մէջ լաւագոյն հայը պատրաստելու համար հաւատք պէտք է ընծայենք լեզուի, գրականութեան, պատմութեան եւ եկեղեցւոյ պատմութեան: Պիտի տանք ազգային անհատականութիւն, այսինքն` երբ հայ աղջիկը ՀՕՄ-ին մաս կազմէ, պիտի հպարտանայ, որ հայ ազգին մաս կը կազմէ եւ անոր համար աշխատանք պիտի տանի: Պիտի հպարտանայ, որ մուտք գործեց լաւագոյն հայերու մէջ, որովհետեւ իր վրայ պարտականութիւն կայ իր յաջորդը պատրաստելու: Ան նշեց, որ սփիւռքահայերը ամէն տեղ դժուարութիւններ կը դիմագրաւեն: Հայութեան ջերմաչափը այն է, որ իմ աշխատանքէս ի՛նչ կը շահի Հայաստանն ու հայութիւնը: Ան իր կենդանի օրինակը մէջբերեց` նշելով, որ համալսարանի դասախօս ըլլալով Ապրիլ 24-ին տարի մը ստիպուեցաւ համալսարան երթալ եւ դասաւանդել: Այդ օր ուսանողներուն խօսեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան մասին: «Մենք մեր արարքով հայութեան կը նպաստենք», ընդգծեց դոկտ. Հրանդ Մարգարեան:
Դոկտ. Հրանդ Մարգարեան հայոց պատմութենէն դրուագ մը առաւ եւ վերլուծեց: Դրուագը արժեւորելու համար պէտք է նախաշրջանը եւ յետնաշրջանը տեսնել: Դէպքէն, պատահածէն պէտք է անցնիլ նպատակի, այն ատեն միայն նպատակը կը դառնայ օրէնք եւ զօրացնող կառոյց: Ան մատնանշեց հայոց պատմութեան մէջ յատկանշական երեք թուականներ. առաջինը` 189 Քրիստոսէ առաջ, երբ Արտաշէս թագաւորի օրով հայերէնը դարձաւ Մեծ Հայքի պաշտօնական լեզուն: Երկրորդ` 373-ին Պապ թագաւորը որոշեց հայոց կաթողիկոսը այլեւս Բիւզանդիոն չղրկել կաթողիկոս օծուելու համար, այլ օծել Հայաստանի մէջ: Մենք իբրեւ Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցի շատ բան կը պարտինք Պապ թագաւորին: Երրորդ` 405 թուականին գիրերու գիւտը: Գիրերու գիւտին արարքը ուրիշ բան է, իսկ անկէ բխածը ուրիշ բան: Գիրերու գիւտին արարքին բխածին մասին խօսելով յայտնեց, որ Մեսրոպ Մաշտոց գիտնական էր: Ան քարտէսին վրայ նշելով տարբեր թագաւորութիւններու ժամանակ Հայաստանի տարածութիւնը, լուսարձակի տակ առաւ Մեսրոպ Մաշտոցի գործը. ոեւէ թագաւոր չէ կրցած ընել այն, ինչ որ Մեսրոպ Մաշտոց ըրաւ առանց զէնքի: Մեսրոպ Մաշտոց վախճանեցաւ եւ ոչ թէ մեռաւ: Ան օր մը պիտի արթննայ եւ տեսնէ սփիւռքահայերուն արարքը: Այդ օրերուն, երբ Մեսրոպ Մաշտոց մահամերձ էր, եւ իրեն հարցուցին, թէ ո՞ւր կ՛ուզէ թաղուիլ, ան խնդրեց, որ զինք դնեն սայլի մը վրայ, ուր որ կենայ այդ սայլը, հոն թող թաղեն: Ահա այս երեւոյթը կ՛արտացոլացնէ Ս. Մեսրոպ Մաշտոցին խոնարհութիւնը: Սակայն Ամատունի իշխանը որոշեց զինք թաղել Օշականի մէջ: Ապա դոկտ. Մարգարեան խօսեցաւ Երեւանի մատենադարանին առջեւ զետեղուած Մեսրոպ Մաշտոցի եւ իր աշակերտ Կորիւնի արձանին մասին ու ըսաւ, որ Մեսրոպ Մաշտոց աջ ձեռքով ցոյց կու տայ այբուբենը, ձախ ձեռքով` զրահ եւ սուր: Այբուբենը մեր զրահն է, ինքնութիւնն ու կազմութիւնը:
Իր դասախօսութեան վերջին բաժինով դոկտ. Հրանդ Մարգարեան անդրադարձաւ հայկական զանազան թագաւորութիւններու ընթացքին Հայաստանի տարածութեան կրճատման եւ ժողովուրդի թիւի պակսելու երեւոյթին մասին: Մենք պէտք է սորվեցնենք մեր զաւակներուն ու աշխատինք այնպէս, որ Հայաստանի ու Ղարաբաղի սահմանները չպզտիկնան: Մեսրոպի կատարածը` իր գրականութիւնը շօշափելի է: Մեսրոպի անշօշափելի արարքը, որ չենք տեսներ, ինքնուրոյնութիւնն է: Մաքուր պէտք է պահենք մեր պատմութիւնը, մեր զգացումները: Մեսրոպ Մաշտոց միջոց եւ գաղափար տուաւ մեզի աշխատելու: Կռուինք զէնքով մը, որ թշնամին չունի: Եթէ մենք կռուինք մեր լեզուով, որ թշնամին չունի, արդէն մենք կը յաղթենք, եթէ մենք մեր թշնամիին չունեցած մեր գիտելիքներով եւ բարոյական հասկացողութիւններով առաջնորդենք ժողովուրդը, մենք կը յաղթենք: Դոկտ. Մարգարեան եզրափակեց իր դասախօսութիւնը ընդգծելով, որ պէտք է ինքնուրոյն ըլլալ, եւ մենք իբրեւ անհատ, հաւաքականութիւն եւ ազգ, այդ ձեւով կրնանք յաջողիլ բոլոր մարզերուն մէջ: Ինքնուրոյն ըլլալը զէնքով մը կռուիլ է, որ ուրիշը չունի, այն ատեն յաջողութիւնը կը դառնայ մերը:
Դասախօսութեան աւարտին ներկաները հարցումներ ուղղեցին դասախօսին:
Հուսկ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Սիլվա Սապունճեան շնորհակալութիւն յայտնեց դոկտ. Հրանդ Մարգարեանին իր համապարփակ եւ օգտաշատ դասախօսութեան համար: Ան ԼՕԽ-ի անունով յուշանուէր մը յանձնեց դոկտ. Մարգարեանին:
Ապա յիշատակի լուսանկար առնելէ ետք դոկտ. Հրանդ Մարգարեան իր տպաւորութիւնները արձանագրեց ԼՕԽ-ի յուշամատեանին մէջ: