Մեկնելով այն մտահոգութենէն, որ ընդհանրապէս հայկական մամուլին մէջ այլեւս շատ չեն արծարծուիր գաղափարաբանական հարցեր, եւ մամուլի սիւնակները ընդհանրապէս յատկացուած կ՛ըլլան քաղաքական ընթացիկ լուրերուն եւ վերլուծումներուն, «Ազդակ»-ի խմբագրութիւնը նախաձեռնած է զուտ գաղափարաբանական յաւելուածի մը հրապարակման:
Համամարդկային եւ ազգային առումով ժամանակակից գաղափարաբանական եւ պատմափիլիսոփայական միտքը յուզող նիւթեր ընդգրկող այս յաւելուածը նուիրուած պիտի ըլլայ դաշնակցական նշանաւոր տեսաբան, 20-րդ դարու հայ փիլիսոփայական մտքի յառաջամարտիկներէն, ՀՅ Դաշնակցութեան պատմափիլիսոփայական աշխարհահայեացքը հիմնաւորող «Մեր փիլիսոփայական աշխարհահայեացքը» աշխատութեան բազմավաստակ հեղինակ Երուանդ Ֆրանգեանի ծննդեան 140-ամեակին եւ մահուան 90-ամեակին:
Հայաստանէն եւ սփիւռքէն շուրջ մէկ տասնեակ յօդուածագիրներ արդէն ընդառաջած են այս յաւելուածին աշխատակցելու գծով «Ազդակ»-ի խմբագրութեան հրաւէրին: Յօդուածներուն մէջ գլխաւորաբար կը քննարկուին համաշխարհայնացումին վերաբերող հարցեր եւ անոնց բացասական ազդեցութիւնը մեր ազգային գոյութեան վրայ, ազգային արժեհամակարգի պահպանման անհրաժեշտութեան վերաբերող մտորումներ, ՀՅ Դաշնակցութեան ընկերային-տնտեսական ժամանակակից մտածողութիւնը, Դաշնակցութեան մէջ դասակարգային տեսութիւնը եւ ընկերվարութիւնը 21-րդ դարուն ընթացքին եւ մեծ տեսաբան Երուանդ Ֆրանգեանի ազդեցութիւնը դաշնակցական պատմափիլիսոփայական մտածողութեան կազմաւորման մէջ: Յաւելուածին մէջ կարճ անդրադարձ պիտի ըլլայ նաեւ Ֆրանգեանի կենսագրութեան, նաեւ տեղ պիտի գտնեն շուրջ հարիւր տարի առաջ անոր արտայայտած միտքերէն հատուածներ:
Յաւելուածը լոյս կը տեսնէ ի մօտոյ: