ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան 8 նոյեմբերին այցելեցին Աւետիս Գրիգորեանի բնակարանը` անոր մաղթելով շուտափոյթ ապաքինում:
Անոնք յայտնեցին, որ իրենց բոլոր կարելիութիւնը կը դնեն արեան քաղցկեղէ տառապող եւ վիրաբուժութեան կարիք ունեցող 13 տարեկան հայ պատանիին տրամադրութեան տակ, որպէսզի կարելի ըլլայ առաւելագոյն չափով արագ կատարել անհրաժեշտ բժշկական գործընթացները` Լիբանանի թէ Իտալիոյ մէջ: