Հովանաւորութեամբ Լիբանանի բժիշկներու սենտիքայի նախագահ փրոֆ. Ռեմոն Սայէղի, Լիբանանահայ բժշկական միութեան կազմակերպութեամբ, երէկ` չորեքշաբթի, 21 նոյեմբեր 2018-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Լիբանանահայ բժշկական միութեան տան մէջ տեղի ունեցաւ տոքթ. Պետրոս Գարաճրճեանի պարգեւատրման հանդիսութիւնը:
Ձեռնարկը սկսաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներով: Լիբանանահայ բժշկական միութեան անունով բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ տոքթ. Արտաշէս Սիմոնեան: Ան ըսաւ, թէ տոքթ. Պետրոս Գարաճրճեանը սիրուած սրտաբան է բոլորին կողմէ: Ան 1974-էն ի վեր ծառայած է լիբանանեան հասարակութեան: Ան նաեւ գործօն ներկայութիւն ունեցած է Լիբանանահայ բժշկական միութեան մէջ:
Խօսք առաւ տոքթ. Գրիգոր Էճիտեան: Ան ըսաւ, թէ հաւաքուած ենք տոքթ. Պետրոս Գարաճրճեանի պարգեւատրման հանդիսութեան: Տոքթ. Պետրոս Գարաճրճեանը յաջող բժիշկ մըն է, մարդիկ կը յիշեն անոր բարի գործերը եւ ծառայութիւնները լիբանանեան եւ հայ հասարակութիւններուն: Տոքթ. Պետրոս Գարաճրճեան բեղուն աշխատանք կատարած է Լիբանանահայ բժշկական միութեան մէջ: Ան Ազգային կեդրոնական վարչութեան անդամ եղած է, ինչպէս նաեւ Ազունիէ Ազգային բուժարանի խնամակալութեան անդամ եւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ։ Ան լայնածաւալ գործունէութիւն ծաւալած է իբրեւ բժիշկ: Այսօր ան կը պարգեւատրուի շնորհիւ իր կարողութիւններուն եւ մարդկային ծառայութիւններուն: Տոքթ. Էճիտեան ըսաւ նաեւ, թէ տոքթ. Պետրոս Գարաճրճեան բեղուն աշխատանք կատարած է Լիբանանահայ բժշկական միութեան մէջ: Ան միշտ ալ իր կարծիքը սիրով ներկայացուցած է եւ միշտ բծախնդիր եղած է հասարակութեան շահերուն նկատմամբ:
Խօսք առաւ Լիբանանի բժիշկներու սենտիքայի նախագահ փրոֆ. Ռեմոն Սայէղ: Ան մեծ ուրախութեամբ ողջունեց ներկաները` տոքթ. Պետրոս Գարաճրճեանի պարգեւատրման առիթով: Ան ըսաւ, թէ տոքթ. Պետրոս Գարաճրճեանը ճանչցուած է իր մարդասիրական եւ մշակութային ծառայութիւններով: Ան բազմաթիւ պաշտօններ ստանձնած է իր կեանքի ընթացքին: Փրոֆ. Ռեմոն Սայէղ յայտնեց, որ շատ բան ըսուած է տոքթ. Գարաճրճեանի մասին, բայց ամէնէն կարեւորը անոր տածած յարգանքն է իր շուրջիններուն, ընկերներուն եւ բոլոր զինք ճանչցող մարդոց նկատմամբ: Ան մեծ յաջողութիւն արձանագրած է իր ասպարէզին մէջ: Իբրեւ բժիշկ ան ծառայած է սիրով եւ մեծ պատասխանատուութեամբ: Ան եղած է մտերիմ բարեկամ իր հիւանդներուն եւ անոնց ընտանիքներուն հետ:
Իր խօսքի աւարտին փրոֆ. Սայէղ շնորհակալութիւն յայտնեց Լիբանանահայ բժշկական միութեան` անոր ընկերային, մշակութային եւ մարդկային ծառայութեան համար:
Ապա փրոֆ. Ռեմոն Սայէղ վահանակով պարգեւատրեց տոքթ. Պետրոս Գարաճրճեանը: Իր կարգին, տոքթ. Գրիգոր Էճիտեան յուշանուէր մը յանձնեց փրոֆ. Ռեմոն Սայէղին:
Խօսք առաւ տոքթ. Պետրոս Գարաճրճեան: Ան ըսաւ, թէ 50 տարի առաջ նոյն բեմէն սրտի հիւանդութիւններու մասին դասախօսութիւն մը տուած է, իսկ այսօր կրկին նոյն վայրին մէջ կը կանգնի պարգեւատրուելու համար: Ան նշեց, որ իր կեանքի ճանապարհորդութեան 50 տարիներուն ընթացքին ականատես եղած է քաղաքացիական պատերազմին, բայց եւ այնպէս որոշած է չլքել երկիրը, մնալ սիրելի Լիբանանի մէջ եւ օգտակար դառնալ բժշկութեան կարիք ունեցող մարդոց:
Ան ըսաւ, թէ արհեստագիտութիւնը բժշկութեան մէջ կարեւոր երեւոյթ է, բայց առողջ կեանք ապրելու համար պէտք է չծխել, կենդանական իւղերէն հեռու պէտք է մնալ եւ պէտք է մարզանք ընել:
Ան նաեւ նկատել տուաւ, որ կը հաւատայ հիւանդին եւ բժիշկին միջեւ զօրաւոր յարաբերութեան, որովհետեւ հասարակութիւնը միշտ ալ կարիքը ունի առողջ միտքով մարդոց:
Ան իր խօսքի աւարտին շնորհակալութիւն յայտնեց իր ընտանիքին եւ իր կնոջ` Հուրիին, որոնք միշտ նեցուկ կանգնած են իրեն իր ասպարէզի ամբողջ ընթացքին:
Ան ըսաւ, թէ կը պատկանի սիրելի Լիբանանին եւ հպարտ է, որ ծառայած եւ բժշկած է հազարաւոր հիւանդներ իր կեանքի ընթացքին:
Ձեռնարկի աւարտին տոքթ. Պետրոս Գարաճրճեան ընդունեց շնորհաւորութիւններ, ապա տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն:






