«Խրիմեան Հայրիկ» մենաներկայացումը կատարելու համար Համազգայինի հրաւէրով Լիբանան եկած դոկտ. Հրանդ Մարգարեան երէկ այցելեց «Ազդակ» եւ տեսակցեցաւ տնօրէնութեան հետ: Մարգարեան բարձր գնահատեց «Ազդակ»-ի աշխատանքները, յատկապէս հայրենիքի եւ սփիւռքի մշակութային կեանքի լուսաբանման առումով:
Դոկտ. Մարգարեան «Ազդակ»-ի տնօրէնին նուիրեց 1915-1922 հայ նահատակ գրողներու կեանքն ու ստեղծագործութիւնը բովանդակող իր հեղինակած հատորը:



