Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հայ Երիտասարդութիւնը Ի՞նչ Կ՛ուզէ Ընել Լիբանանահայութեան Հոգեւոր-Ազգային Կեանքին Մէջ» Նիւթով Երիտասարդական Հաւաք` Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Սրբազանին Հետ

November 22, 2018
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայ երիտասարդութիւնը յուզող հարցերը եւ հոգեւոր-ազգային կեանքի մէջ անոր ընդգրկումը լուսարձակի տակ բերելու նպատակով, երեքշաբթի, 20 նոյեմբեր 2018-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Ազգային առաջնորդարանի  «Երջօ Սամուէլեան- Եռագոյն» սրահին մէջ երիտասարդական հաւաք տեղի ունեցաւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արք. Ալեէմէզեանին հետ:

Հաւաքը սկսաւ Տէրունական, «Իմաստութիւն հօր Յիսուս» եւ «Զգործս ձեռաց մերոց» աղօթքներու հաւաքական արտասանութեամբ:

Նարեկ արք. Ալեէմէզեան իր ուրախութիւնը յայտնեց, որ ընդառաջելով իր հրաւէրին, մեծաթիւ երիտասարդներ ներկայ են այս հաւաքին: Ան նշեց, որ Ազգային առաջնորդարանը մեր բոլորին տունն է եւ անիկա գրասենեակներու շէնք մը չէ, այլ մեր ժողովուրդին հոգեւոր-ազգային ծառայութիւնը համադրող, ղեկավարող ու առաջնորդող առաքելութիւն է: Մեր կատարածը Ազգային առաջնորդարանին մէջ եւ անոր ճամբով նոյնինքն Աստուծոյ ու եկեղեցւոյ առաքելութիւնն է: Եկեղեցին մենք բոլորս ենք, երբ կը հաւաքուինք մեր Տիրոջ` Յիսուս Քրիստոսի անունով իբրեւ նոյն հաւատքին հաւատացող եւ նոյն առաքելութեան լծուած հայորդիներ: Ասիկա մասնայատկութիւնն է Հայ առաքելական եկեղեցւոյ, որովհետեւ եկեղեցին կը վերածէ Աստուծոյ եւ ազգին տան նոյն ժամանակ եւ նոյն վայրին մէջ:

Առաջնորդ սրբազանը անդրադառնալով այս հանդիպման ըսաւ, թէ անոր նպատակն է լսել երիտասարդութիւնը: Ապա սրբազանը ներկայացուց շաբաթական դրութեամբ երեքշաբթի օրերուն տեղի ունենալիք երիտասարդական հանդիպումը: Այս հանդիպումները ծրագրուեցան եւ ընթացք մը պիտի ունենան: Անոնք մէկ անգամուան համար չեն: Ապա ան ներկայացուց երիտասարդական կորիզի կազմաւորումն ու նպատակը: Երկու հիմնական առաջարկ կատարած է երիտասարդական այս կորիզը. առաջին` երեքշաբթի գիշեր երկու ժամ հաւաքուիլ` մէկ ժամը կատարել աստուածաշնչական սերտողութիւն եւ անոր ընթացքին խօսիլ, թէ ինչպէ՞ս աստուածաշնչական տուեալ հատուածը կապուեցաւ մեր առօրեային անձնական, ընտանեկան, ընկերային, համալիբանանեան եւ միջազգային դէպքերու լոյսին տակ: Երկրորդ` նկատի ունենալով, որ մեր ժողովուրդի կարգ մը զաւակները կիրակի օրերը կամայ թէ ակամայ կը բացակային պատարագներէ, եւ երբ աճած է թիւը այն հայորդիներուն, որոնք շաբթուան մէջ գիշերը ոչ հայկական եկեղեցիներ կ՛երթան աղօթելու նպատակով, ծրագրուած է դարձեալ երեքշաբթի օրերը մէկ ժամ տեւողութեամբ Ս. պատարագ մատուցել: Այս երկու առաջարկները ընթացքի մէջ են եւ գործադրութեան պիտի դրուին մօտ օրէն:

Ապա այս հաւաքին հարցադրումին` «Հայ երիտասարդութիւնը ի՞նչ կ՛ուզէ ընել լիբանանահայ հոգեւոր-ազգային կեանքին մէջ» մասին խօսելով առաջնորդ սրբազանը յայտնեց, որ նոր կառոյց մը յառաջացնելու փափաք չկայ, այլ կ՛ուզենք մեր մտահոգութիւնները, ակնկալիքները հունաւորել մեր եկեղեցիէն, առաջնորդարանէն, առաջնորդ սրբազանէն: Եկեղեցւոյ հասկացողութեան, առաքելութեան տարբեր երես մը բանալու ճիգ մըն է այս նախաձեռնութիւնը, ուր ամէն մարդ ինքզինք իր հոգեւոր-ազգային տան մէջ պէտք է զգայ: Իր խօսքի աւարտին առաջնորդ սրբազանը հաստատում մը կատարեց ներկաներուն ու բացականերուն. առաջնորդ սրբազան մը բազմաթիւ պարտաւորութիւններ ունի, մանաւանդ Լիբանանի թեմին մէջ: Առաջնորդը միայն հոգեւոր առաջնորդ չէ, այլ նաեւ մեր ժողովուրդի կեանքին հետ աղերս ունեցող բոլոր բնագաւառներուն հովիւը, պատասխանատուն ու ծառան է: Այս առումով Նարեկ արքեպիսկոպոս յանձնառութիւն յայտնեց շաբաթը մէկ անգամ տրամադրելու երիտասարդութեան: Ան յոյս յայտնեց, որ երիտասարդական այս հաւաքները դառնան իմաստալից եւ պտղաբեր:

Հուսկ ներկայ երիտասարդութիւնը ազգային, եկեղեցական հարցերու վերաբերեալ հարցադրումներ կատարեցին առաջնորդ սրբազան հօր, որ իր սպառիչ պատասխաններով գոհացուց ներկաներուն մտահոգութիւնները: Առաջնորդ սրբազանը նաեւ ականջալուր եղաւ կատարուած շինիչ առաջարկներուն:

Հարցումներու աւարտին առաջնորդ սրբազան հայրը իր եզրափակիչ խօսքն ու հաւաքին գնահատականը կատարեց: Ան ըսաւ, թէ կայ հսկայ բաց մը, որ պէտք է գոցենք, լեցնենք: Սկսելու համար` երեքշաբթի գիշերները ժամը 7:00-էն 8:00 Ս. պատարագ պիտի մատուցուի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ: Ս. պատարագի շարականներուն բառերը պիտի ցուցադրուին պաստառի վրայ գրաբար-աշխարհաբար տարբերակով, եւ անգլերէն տառադարձութեամբ ու նաեւ անգլերէն լեզուով, բոլոր ներկաները երգելով պիտի աղօթեն: Այս պատարագին պիտի մասնակցին մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակները: Ժամը 8:00-էն 8:30 18-էն 40 տարեկան երիտասարդները պիտի հաւաքուին «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ ընկերային հաւաքի եւ զիրար ողջունելու համար, իսկ ժամը 8:30-էն 9:00 պիտի կատարուի Աստուածաշունչի սերտողութիւն, եւ սերտելէ ետք աստուածաշնչական տուեալ հատուածը, կարծիքներ պիտի փոխանակուին:

Երիտասարդական հաւաքը աւարտեցաւ պատշաճ հիւրասիրութեամբ:

 

Նախորդը

Փոքր Հողատարածք, Մե՜ծ Երազներ (75-ամեակ)

Յաջորդը

Ներլիբանանեան Մարտահրաւէրները Շրջանցելու Միակ Միջոցը (Լիբանանի Անկախութեան 75-ամեակին Առիթով)

RelatedPosts

Գաղութային

January 31, 2026
39 Տարի Առաջ, Այսօր.  Դաշնակցութեան Նուիրեալներ Զոհ Կ՛երթան Անարգ Ոճիրի Մը
Գաղութային

31 Յունուար 1986-ի Նահատակները, Ու Պայքարը Կը Շարունակուի

January 31, 2026
«Ազդակ»-ի 83-րդ Առցանց Լսարան.  Արցախի Վերջին Պատերազմը. Ծալքեր,  Պատճառներ, Արդիւնքներ
Գաղութային

«Ազդակ»-ի 83-րդ Առցանց Լսարան. Արցախի Վերջին Պատերազմը. Ծալքեր, Պատճառներ, Արդիւնքներ

January 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.