ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու Ընդհանուր վարիչ մարմինը դաստիարակիչ նախաձեռնութիւն մը` զարգացման մրցում կազմակերպեց հայկական դպրոցներու վեցերորդ, եօթներորդ եւ ութերորդ դասարաններու աշակերտներուն համար: Այս մրցումին նպատակը պիտի ծառայէր հայ պատանիին միտքը զարգացնելու եւ նոր գիտելիքներ փոխանցելու հետաքրքրական հարցումներու ճամբով:
Այս ձեռնարկը կազմակերպուած էր յատկապէս ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու 95-ամեակի շրջագիծին մէջ:
Զարգացման մրցումը տեղի ունեցաւ երեքշաբթի, 20 նոյեմբեր 2018-ին, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ:
Սոյն մրցումին մասնակցեցան հետեւեալ վարժարանները. Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարան, Ռաուտայի Մխիթարեան վարժարան, Ազգային միացեալ վարժարան, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ, Հայ աւետարանական Կեդրոնական բարձրագոյն վարժարան, Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան, Հայ աւետարանական Փ. եւ Է. Թորոսեան վարժարան, Սահակեան քոլեճ, Հայ աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան վարժարան, Անարատ յղութեան հայ քոյրերու Սրբուհի Ագնէս վարժարան, Ազգային Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան վարժարան, Հայ աւետարանական քոլեճ:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու Ընդհանուր վարիչ մարմինի անդամ Փաթրիսիա Խորշիտեան: Ան բարի գալուստ մաղթեց մասնակից դպրոցներու աշակերտներուն: Փաթրիսիա Խորշիտեան նշեց, որ ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան առաջին միութիւնը հիմնուած է 1923-ին` Պէյրութի մէջ, եւ այսօր 14 պատանեկան միութիւններ կը գործեն Լիբանանի տարածքին: Ան յայտնեց, որ զարգացման մրցումը ունի երկու նպատակ: Առաջին` բոլոր աշակերտները միատեղ համախմբել եւ դպրոցներու միջեւ մրցակցութեան ոգի ստեղծել` տեղեկութիւններու փոխանակումով, նոր գիտելիքներ սորվելով: Երկրորդ` այսօրուան մրցումին յաղթականը իր գիտելիքներով եւ կարողութեամբ պիտի կարենայ իրեն տրամադրուած նիւթական յատկացումը նուիրել դպրոցի սաներու ֆոնտին կամ այլ բարեսիրական միութեան մը:
Ապա սահիկներու ցուցադրութեամբ ան հակիրճ ակնարկ մը կատարեց ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու գործունէութեան եւ առաքելութեան: Պատանեկան միութիւններու անունները թուելէ ետք, ան քաջալերեց աշակերտները մաս կազմելու այս միութիւններուն: Փաթրիսիա Խորշիտեանի կողմէ զարգացման մրցումին օրէնքներուն բացատրութենէն ետք ընթացք առաւ զարգացման մրցումը:
Զարգացման մրցումը ունէր 6 ենթաբաժանում` ազգային, աշխարհագրական, թիւ եւ հաշիւ, մարզական, գիտական եւ մշակութային: Իւրաքանչիւր բաժինէն հինգ հարցադրումներ կատարուեցան:
Մրցումի աւարտին իւրաքանչիւր մասնակից ստացաւ խորհրդանշական նուէր, իսկ մասնակից դպրոցներուն յուշանուէր տրուեցաւ:
Զարգացման մրցումին առաջին հանդիսացաւ Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանը եւ իր ստացած նիւթական պարգեւը նուիրեց «Կեանք մը փրկենք» ֆոնտին: Երկրորդ հանդիսացան երկու դպրոցներ` Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճը եւ Ազգային Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան վարժարանը, իսկ երրորդ հանդիսացաւ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան վարժարանը:
Աւարտին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն:
Ինքնազարգացման մղող եւ նոր գիտելիքներ փոխանցող զարգացման մրցումը գնահատելի նախաձեռնութիւն մըն էր հայ աշակերտին մտային զարգացման ի նպաստ: Իսկ իրենց ստացած նիւթական պարգեւը բարեսիրական միութեան մը նուիրելը ուսանելի դաս մըն է աշակերտներուն: Վարձքը կատա՛ր կազմակերպողներուն: