Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Սփիւռքի Վերակազմակերպումը Հրամայական Է. Այս Գործընթացը Կը Սկսի Կիլիկեան Թեմերու Վերակազմակերպումով

November 24, 2018
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արամ Ա. կաթողիկոս վերջին Ազգային ընդհանուր ժողովին ուղղած իր պատգամին մէջ կարեւորութեամբ շեշտեց սփիւռքի վերակազմակերպման հրամայականը: Անդրադառնալով Հայաստան-սփիւռք համաժողովին իր կատարած հաստատումին, թէ Հայաստանը կը պարպուի եւ սփիւռքը կը մաշի, վեհափառ հայրապետը ըսաւ, թէ «հաւաքական ճիգով թոյլ պէտք չէ տանք, որ ո՛չ Հայաստանը պարպուի եւ ո՛չ ալ սփիւռքը մաշի: Սա մեր դիմաց գտնուող մեծագոյն մարտահրաւէրն է», կոչ ուղղելով սփիւռքին սկսելու վերակազմակերպման հաւաքական գործընթացին:

Այս ծիրին մէջ վեհափառ հայրապետը հրամայական նկատեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան թեմերու վերակազմակերպումը: Անցնող ամիսներուն ընթացքին, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ, վեհափառ հայրապետին նախագահութեամբ եւ Ազգային կեդրոնական վարչութեան մասնակցութեամբ, յաջորդաբար հանդիպումներ տեղի ունեցան Սուրիոյ, Յունաստանի եւ Կիպրոսի առաջնորդներուն ու Ազգային իշխանութեանց հետ: Նման հանդիպում մը տեղի ունեցաւ նաեւ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց ու Քաթարի թեմին հետ: Այս աշխատանքները պիտի շարունակուին յառաջիկայ ամիսներուն:

Անդրադառնալով թեմերու վերակազմակերպումին` վեհափառ  հայրապետը ըսաւ. «Սփիւռքի վերակազմակերպումը անյետաձգելի հրամայական մըն է: Լոզունքներէ, կարգախօսերէ ու ճառախօսութիւններէ անդին անհրաժեշտ է գործի լծուիլ: Փաստօրէն ո՜ւշ ենք արդէն: Սփիւռքը իր ներքին սփիւռքներով քաոսային վիճակ մը կը պարզէ այսօր: Սփիւռքը իր կեանքի բոլոր մարզերուն մէջ վերակազմակերպումի ու վերակենսաւորումի պէտք է ենթարկուի` իրապաշտ մօտեցումով ու համապարփակ կերպով: Վերակազմակերպումը որեւէ գաղութի կամ կազմակերպութեան կամ հաւաքականութեան կը սկսի ինքնաքննութեամբ. այլ խօսքով, թերութիւններու ու յաջողութիւններու մատնանշումով ու առաջնահերթութիւններու յստակացումով: Հետեւաբար, հեռու պէտք է մնանք ամէն բան վարդագոյն տեսնելու եւ միայն անցեալով հպարտանալու տեսական ու զգացական մօտեցումներէ: Մատը պէտք է դնել վէրքին վրայ, ինչպէս կ՛ըսէ մեր ժողովուրդի իմաստութիւնը: Ներքին բեւեռացումներու, ջլատումի, անորոշութեան ու մաշումի առաջքը առնելու համար, սփիւռքը պէտք է վերակազմակերպումի գործընթացին մղել, եւ այս շրջագիծին մէջ Կիլիկեան թեմերը կարեւոր դեր ունին կատարելիք», շեշտեց Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը:

 

 

Նախորդը

Դոկտ. Արմէն Տէր Կիւրեղեան Այցելեց «Ազդակ»

Յաջորդը

Բագրատունի Ընդունեց Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանի Նախագահը

RelatedPosts

Խմբագրական.  Նախապայմաններ Եւ Բախումներ
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Նախապայմաններ Եւ Բախումներ

October 31, 2026
Վանս. «Ներկայիս Ուաշինկթընի Թիւ  Մէկ Առաջնահերթութիւնը Միջազգային  Տնտեսութեան Ուժանիւթի Մատակարարման  Շարունակութիւնն Է, Իսկ Իրանին Հիւլէական Զէնք Ձեռք Ձգել Արգիլելը` Երկրորդը»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Թրամփ Իրանի Հետ Երկարատեւ Պատերազմ Մը Պիտի Չարտօնէ»

October 31, 2026
Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ`  Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի  Նախարարներու Հանդիպումին
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ` Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի Նախարարներու Հանդիպումին

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.