Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան «Վարդուհի Տեկիրմենճեան» Խոհանոցի Յանձնախումբին. Տարեցներու Յատուկ Նոր Տարուան Հաւաք

December 21, 2018
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօներուն առիթով եւ համաձայն իր աւանդութեան, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան «Վարդուհի Տեկիրմենճեան» խոհանոցի յանձնախումբը Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան յատուկ հաւաք կազմակերպեց շաբաթական երկու օրերու դրութեամբ ճաշ ստացող տարեցներուն համար: Այս եզակի հաւաքը տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 20 դեկտեմբեր 2018-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:30-ին, «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ:

Սոյն հաւաքը իրենց ներկայութեամբ պատուեցին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբան Վիգէն վրդ. Տալգըլճեան, ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ Նելլի Վեքիլեան եւ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան անդամներ:

Հաւաքը սկսաւ Տէրունական աղօթքի հաւաքական արտասանութեամբ եւ հայր սուրբին սեղաններու օրհնութեան աղօթքով:

Օրուան հաղորդավար Սեւան Կարապետեան – Ադամեան ներկաներուն բարի գալուստ մաղթեց եւ ըսաւ, թէ ամէն տարի ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան «Վարդուհի Տեկիրմենճեան» խոհանոցի յանձնախումբը այս հաւաքոյթը կը կազմակերպէ, որպէսզի ուրախութիւն պարգեւէ, եւ իւրաքանչիւրին ուրախութիւնը կը պատկանի բոլորին: Ան յայտնեց, որ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութիւնը այս յանձնախումբին հետ գիշեր ու ցերեկ աշխատեցաւ, որպէսզի այս ձեռնարկը յաջողութեամբ պսակուի` նպատակ ունենալով ուրախացնել բոլորը: Սեւան Կարապետեան – Ադամեան նշեց, որ ներկաներու դէմքին դրոշմուած ժպիտը լաւագոյն գնահատանքն է կատարուած աշխատանքին: Ապա ան աշուղական եւ ժողովրդական երգերով ոգեւորեց մասնակիցները:

Հետաքրքրական նախաձեռնութեամբ մը սրահ հասան Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի ԺԱ. դասարանի աշակերտները, որոնք եկած էին բաժնեկցելու տարեցներու ուրախութիւնը: Արդարեւ, անոնք անձամբ սպասարկեցին տարեցներուն համար խոհանոցի յանձնախումբին պատրաստած ճաշերը, ապա ներկայացուցին գեղարուեստական յայտագիր: Կալի Աւագեան նախ ներկայացուց իրենց այցելութեան նպատակը: Արին Մարգարեան երգեց «Խորհուրդ մեծ» եւ «Այսօր տօն է» շարականները, Բերլա Լալէեան ասմունքեց «Ես իմ անուշ Հայաստանի» քերթուածը, Կալի Աւագեան երգեց «Ծափ զարկ աշխարհ», «Գիշերն իջաւ» եւ «Մեր դաշտերուն» երգերը: Հուսկ բոլոր աշակերտները Ամանորի երգերով խանդավառեցին տարեցները: Նշենք, որ աշակերտներուն կողմէ նաեւ քառասուն ծրար նպաստ տրամադրուեցաւ շրջանին մէջ ապրող կարիքաւոր ընտանիքներուն համար:

Աւարտին իր սրտի խօսքը ուղղեց Վիգէն վրդ. Տալգըլճեան: Ան փառք եւ գոհութիւն յայտնեց Աստուծոյ, որ այս բարիքներով լիացուց բոլորը: Ան գնահատեց ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան բոլոր աշխատանքներն ու նաեւ այս գեղեցիկ նախաձեռնութիւնը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց օրուան բարերարին: Ապա իր խօսքը ուղղելով տարեցներուն ըսաւ, թէ անոնք պատմութեան ընթացքին երբեք լուսանցքի վրայ չեն մնացած: Հայ եկեղեցւոյ եւ ժողովուրդի կեանքին մէջ մեծ դեր ունեցած են տարեցները: Աստուածաշունչին մէջ ծերերը երէցներ կը կոչուին եւ անոնք այն անձերն էին, որոնք իմաստուն, արդար եւ խոհեմ կ՛ըլլային: Իսկ Նոր կտակարանին մէջ երէցները իշխանաւոր, թագաւորներ կ՛ըլլային: Իսկ նոր սերունդը պարտաւոր էր խնամել հանգստեան կոչուած ծերերը: Ապա հայր սուրբը անդրադարձաւ երէցներուն եկեղեցւոյ մէջ ունեցած դերին եւ մէջբերեց մեր եկեղեցւոյ հայրապետներէն խօսքեր: Հայր սուրբը իր ուրախութիւնը յայտնեց ի տես այս երեւոյթին եւ ըսաւ, թէ նոր սերունդը շատ դասեր ունի քաղելիք երէցներէն, ինչպէս` հանդարտամտութիւն, խոհեմութիւն, ազնուութիւն եւ գոհունակութիւն: Հայր սուրբը շնորհաւորեց բոլոր ներկաներուն Նոր տարին եւ մաղթեց, որ նոր ոգիով, վերանորոգ հաւատքով ու կամքով ապրին իրենց կեանքը: իր խօսքի աւարտին հայր սուրբը նաեւ փոխանցեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառին եւ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբանութեան յատուկ բարեմաղթութիւնները ներկաներուն:

 

 

Նախորդը

Մասնակցութեամբ Ազգային Վարժարաններու Աշակերտներուն. Համալսարանական Արեւելումի Հանդիպում

Յաջորդը

ԼԵՄ-ի 45-ամեակի Նշում. «ԼԵՄ-ը Արդարացուց Իր Հիմնադիրներուն Կողմէ Իր Վրայ Դրուած Յոյսերը» Հաստատեց Անի Բագրատունի

RelatedPosts

ՀՄԸՄ-ի Միջդիւանական 12-րդ Խորհրդաժողովին Բացումը Երեւանի Մէջ. Հրայր Սողոմոնեանի Յիշատակին` 300.000 Տոլարի Նուիրատուութիւն ՀՄԸՄ-ին
Գաղութային

ՀՄԸՄ-ի Միջդիւանական 12-րդ Խորհրդաժողովին Բացումը Երեւանի Մէջ. Հրայր Սողոմոնեանի Յիշատակին` 300.000 Տոլարի Նուիրատուութիւն ՀՄԸՄ-ին

November 6, 2026
ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան  Լիագումար Նիստերը Երեւանի Մէջ
Գաղութային

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան Լիագումար Նիստերը Երեւանի Մէջ

November 6, 2026
Մասնակցութեամբ «Կարէն-Սեւակ» Նուագախումբին.   «Քնար» Պարախումբի «Արմատներու Կանչը» Պարային Իւրայատուկ Ելոյթը Արժանացաւ Մեծաթիւ Հանդիսատեսներու Գնահատանքին
Գաղութային

Մասնակցութեամբ «Կարէն-Սեւակ» Նուագախումբին. «Քնար» Պարախումբի «Արմատներու Կանչը» Պարային Իւրայատուկ Ելոյթը Արժանացաւ Մեծաթիւ Հանդիսատեսներու Գնահատանքին

November 5, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.